. ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Իտալիան 4 օգոստոսին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր բանակցութիւններ պիտի հիւրընկալէ:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութիւնը ողջունեց Սպիտակ տան մէջ Աուն-Թրամփ բանակցութիւնները եւ բարձր գնահատեց վեհաժողովէն ետք հանրապետութեան նախագահին արտայայտած կեցուածքները, մասնաւորաբար լիբանանեան հողերէն Իսրայէլի հեռացման հրատապ անհրաժեշտութիւնը շեշտելը:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը ընթացակարգային առումով որակուեցաւ «աշխատանքային այցելութիւն», որովհետեւ երկու նախագահներուն միջեւ երկկողմանի հանդիպումի հրաւէրի հիմամբ էր, եւ ոչ թէ պետական կամ պաշտօնական ամբողջական այցելութիւն, եւ այդ պատճառով նախագահ Աունին որեւէ նախարար չընկերակցեցաւ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Աունի եւ Թրամփի միջեւ հանդիպումը նախատեսուածէն աւելի լաւ էր, ըլլայ այդ մթնոլորտի կամ ամերիկացի նախագահի իր լիբանանցի պաշտօնակիցին նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան մակարդակին առումով»:
. ԵՐԿՈՒ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Նեթանիահուի Ուաշինկթըն այցելութեան յետաձգման պատճառներէն մէկը Ուաշինկթընի Իսրայէլը Լիբանանի մէջ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրելու եւ փորձնական հոլովոյթին մէջ ներառուած առաջին շրջանէն հեռանալ սկսելու մղելու փափաքն է»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Թրամփ Իրանի հետ խնդիր ունեցաւ, եւ քարիւղի գիներու բարձրացումն ու Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները զինք կը մղեն Լիբանանի հետ համաձայնութեան եւ Աբրահամեան համաձայնութիւններուն նման ձեռքբերումներ ներկայացնելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Դատախազութիւնը կ՛ուղղուի բանակին համար «արդարադատական բաց իրաւասութիւն» տալու, որ «փորձնական շրջաններու» մէջ տեղակայուած բանակի միաւորներուն ընդարձակ եւ ուղղակի իրաւասութիւններ կու տայ խուզարկելու տուները, սեփական հողերն ու կալուածները»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Լիբանանեան բանակին փորձնական շրջաններուն մէջ տեղակայման հսկող ամերիկեան խումբին եւ արդարադատութեան միջեւ վերջին հաղորդակցութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ սեփական կալուածներու եւ շրջաններու հետ վարուելու ընթացակարգային «բաց»-ին վրայ»:
. ՏԵՂԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Զաութար Ղարպիէն տակաւին անոր բնակչութեան տունդարձին յարմար չէ, եւ բանակային սակրաւորական խումբերը աշխատանք կը տանին ճամբաներն ու տուները քննելու եւ վտանգները վերացնելու, մինչ գիւղին մէկ մեծ բաժինը մեծ քանդումի ենթարկուած է եւ տուներուն մեծամասնութիւնը վնասներ կրած են»:


