Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրկէ՞ Կու Գայ Աչքերուն Գոյնը

June 9, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր աչքերուն գոյնը կը բնորոշուի աչքի ծիածանին մէջ գտնուող մելանինին կողմէ: Որքան մեծ քանակով ան ներկայ ըլլայ, այնքան աչքին գոյնը մութ կ՛ըլլայ:

Կապոյտ աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինը թեթեւ է:

Սրճագոյն աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինին քանակը շատ է:

 

Ինչպէ՞ս

  • Ծինը մարմնին վրայ «արձանագրուած» հրաման մըն է, որ մարմնին ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս գործել:
  • Հայրը եւ մայրը իրենց ծիները կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն` 23 քրոմոզոմներուն միջոցով, որոնք ծիներուն կրած բջիջի տարրերէն են:
  • Հետեւաբար մենք կը ստանանք քրոմոզոմներու զոյգ  ցանկ մը, եւ այս ձեւով կը յառաջանան բազմաթիւ կարելիութիւններ:
  • Աչքերու գոյնին պարագային, սրճագոյն ծինը կ՛իշխէ:
  • Այսինքն, եթէ հայրը կապոյտ աչքեր ունի եւ մայրը սրճագոյն աչքեր, սրճագոյն ծինը աւելի զօրաւոր կ՛ըլլայ, եւ զաւակը հաւանաբար սրճագոյն աչքեր կ՛ունենայ:
  • Ծիները մեր մարմինէն բազմաթիւ տարրեր կը բնորոշեն` մորթին եւ մազերուն գոյնը, ձայնին աստիճանը, սակայն նաեւ` բնաւորութեան կարգ մը գիծեր:
  • Գիտէի՞ք, թէ մենք եւ շեմփանզէները 99 առ հարիւր նոյնանման ծիներ ունինք:
  • Աւելի՛ տարօրինակ մենք 50 առ հարիւր (կէսը) նոյնանման ծիներ ունինք… պանանին հետ:

 

Ո՞վ Կ՛ուզէ Կապոյտ Աչքեր Ունենալ

Ամերիկացի բժիշկ մը կրցած է ի յայտ բերել թեքնիք մը, որուն միջոցով կարելի է փոխել աչքերուն գոյնը:

Մինչեւ այսօր, եթէ մենք ուզէինք փոխել մեր աչքերուն գոյնը, կրնայինք ոսպնեակներ գործածել: Կակուղ կերպընկալէ այս պզտիկ ոսպնեակները ուղղակիօրէն աչքին վրայ կը դրուին: Սակայն ամէն մարդ չի հանդուրժեր զանոնք:

Քալիֆորնիայէն ամերիկացի բժիշկ մը յայտնած է, թէ ինք գտած է միջոց մը, որ կարելիութիւնը կու տայ աչքերուն գոյնը վերջնականօրէն փոխելու:

Այս թեքնիքը յատուկ է այն անձերուն համար, որոնք սրճագոյն աչքեր ունին եւ կ՛ուզեն կապոյտ աչքեր ունենալ:

Վերջնական

Բժիշկ Հոմըր շինած է լէյզըրէ մեքենայ մը, որ կը քաշէ աչքին ծիածանը ծածկող սրճագոյն գոյնի երփնանիւթը. ապա պէտք է 2 – 3  շաբաթ սպասել, որպէսզի կապոյտ գոյնը յայտնուի: Ասիկա ցաւ չի պատճառեր եւ վերջնական է:

Սակայն այս թեքնիքը, որ կը կոչուի «Լումինայ թեքնոլոճի», տակաւին միայն շատ քիչ անձերու վրայ փորձուած է: Մօտ ատենէն պիտի սկսի փորձել 100 անձերու վրայ, մէկ տարուան փորձառական շրջան մը:

Բժիշկը պարզապէս կը սպասէ դրամական օգնութեան` իր փորձը սկսելու համար:

Ապա մեզի կը մնայ խնայողութիւններ ընել, եթէ կ՛ուզենք կապոյտ աչքեր ունենալ: Սրճագոյն աչքեր ունեցողի մը համար կապոյտ աչքեր ունենալը կը կարօտի մօտաւորապէս 5000 տոլարի:

Գիտէի՞ր, Թէ…

  • 2008 թուականին Քոփենհակընի համալսարանէն (Դանիա) մասնագէտներ գտած են, թէ բոլոր այն անձերը, որոնք կապոյտ աչքեր ունին, ունեցած են միակ եւ նոյն նախահայրը:
  • Այս նախահայրը ապրած է 6000-10,000 տարիներ առաջ:
  • Ըստ այն գիտնականին, որ այս ուսումնասիրութիւնը կատարած է, այդ նախահայրէն առաջ բոլոր մարդ արարածները սրճագոյն աչքեր ունէին:
  • Այդ նախահօր աչքերուն գոյնը բնորոշող ծիներէն մէկը այլակերպուած է` անոր տալով կապոյտ աչքեր:
  • Այս ծինը փոխանցուած է անոր թոռներուն, ծառերուն եւ յառաջացուցած է կապոյտ աչքերով մեծ թիւով կիներ եւ այր մարդիկ:

 

Կարճ Լուրեր

 

 

 

 

 

 

  • 97 տարեկան աւստրալիացի մը ձեռք ձգեց իր 4-րդ վկայականը: Այս ձեւով ան դարձաւ աշխարհի ամէնէն տարեց վկայեալ ուսանողը: Մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ, հանգստեան կոչուելէ ետք ան ուսանած է ատամնային վիրաբուժութիւն, փաստաբանութիւն եւ բժշկական գիտութիւններ` իր յիշողութիւնը արթուն պահելու եւ զբաղելու համար:

 

 

 

 

 

 

  • Թութակ մը փախած է իր տիրուհիին տունէն, Ճափոնի մէջ, Սակամիհարայի շրջանէն: Երբ ոստիկանութիւնը կրցած է զայն ձեռք ձգել, ան յանկարծակիօրէն երեք անգամ կրկնած է իր բնակավայրի քաղաքին եւ թաղին անունը. ապա ան արտասանած է իր տիրուհիին փողոցին եւ շէնքին թիւերը:

Այս վերջինը, որ արդէն ուրիշ թութակ մը կորսնցուցած էր, իր նոր թութակին սորվեցուցած էր Փիքօ-Շանի իր հասցէն։

 

 

 

 

 

  • Դարձեալ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած է աճուրդ մը, որուն ընթացքին իւրայատուկ «առարկայ» մը ծախուած է մօտաւորապէս 13,000 տոլարի: Երբ Ճափոնի մէջ սովորական խնձոր մը կրնայ մօտաւորապէս 6 տոլար արժել եւ կողով մը կեռասը` մօտաւորապէս 100 տոլար, հետեւաբար զարմանալի չէ, որ աճուրդին ընթացքին այդքան սուղ ծախուին որակաւոր պտուղներ… ինչպէս` աւելի քան 13,000 տոլար արժող երկու սեխեր:
  • Միջերկրականի կղզիներուն ամէնէն հին երկրագործներու գիւղը գտնուած է Կիպրոսի մէջ: Անիկա գոյութիւն ունեցած է աւելի քան 11,000 տարիներ առաջ: Մօտակայ արեւելքի շրջաններէն եկած գիւղացիներ հաստատուած են կղզիին վրայ, մեր ենթադրած թուականէն աւելի առաջ:
  • Միացեալ Նահանգներէն Վըրճինիա նահանգէն բնակիչ մը երկու անգամ շահած է նոյն վիճակաձգութեան ընթացքին: Այս ձեւով, ան շահած է երկու անգամ մէկ միլիոն տոլար: Ան շահելու 5 միլիոնի վրայ մէկ հաւանականութիւն ունէր:
    Երբ ան պատկերասփիւռի պաստառին վրայ տեսած է, թէ մէկ միլիոնի երկու շահող թիւեր կային, ան դարձած է մօրը եւ` ըսած, թէ հաճելի կ՛ըլլար, եթէ իրենք ըլլային երկու շահողները:

 

Հարցում–Պատասխան

 

 

2.- Մօտաւորապէս քանի՞ տեսակ մժեղ գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ:
1.- Քանի՞ ամիսէն Սըր Ֆրանսիս Տրէյք աշխարհին շուրջ նաւարկեց 16-րդ դարուն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Ինչո՞ւ թեւատները կռնակնին արեւուն կը դարձնեն, երբ անոնք կը մսին: ա.- Իրենց աչքերը պահպանելու համար: բ.- Աւելի շուտ տաքնալու համար: գ.- Իրենց մարմնին ջերմաստիճանը իջեցնելու համար:
3.- Քանի՞ կտորի բաժնուեցաւ Ազատութեան արձանը 1885-ին, Ֆրանսայէն Ամերիկա փոխադրուելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

(Պատասխանները վերջաւորութեան)

 

 

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու շուները:
Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց տուփիկները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան Էջի Պատասխաններ

1.- 34: Ճամբորդութիւնը տեւեց 1577-ի դեկտեմբերէն մինչեւ սեպտեմբեր 1580:

2.- 3000: Ճիշդ է, որ մժեղները շատ նեղացուցիչ են մարդ արարածներուն համար, բայց անոնք ուտելիքի աղբիւր են անասուններու բազմաթիւ տեսակներու համար, ինչպէս` չղջիկներ, թռչուններ եւ գորտեր:

3.- 350:

4.- Բ: Թեւատին ետեւի փետուրները սեւ են, անոնք տաքութիւնը կը ծծեն, մինչ անոր առջեւի փետուրները ճերմակ են  եւ տաքութիւնը կը ցոլացնեն:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 9 Յունիս 1962 )

Յաջորդը

Կիները` Փիքասոյի Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.