Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 17, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պատասխանատու աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ բանակցութիւններու փուլը գոհունակութիւն կը յառաջացնէ, սակայն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ պատերազմի վերականգնումը մտահոգութիւն կը պատճառէ, եւ շրջանի բոլոր երկիրները կը գտնուին փոթորիկի կեդրոնին մէջ»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը, անդրադառնալով Հռոմի բանակցութիւններու արդիւնքներուն, «Ժումհուրիա» օրաթերթին ըսած է. «Անկախ այն հարցէն, եթէ ձեւական կամ խորքային դրական կամ ժխտական երեւոյթներ կան, ատիկա կրնայ չարտացոլել իրական կացութիւնը, որովհետեւ իրավիճակը մտահոգիչ է, եւ Իսրայէլի դաւաճանութիւնը որեւէ պահու կարելի է»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու վերջին փուլը արձանագրեց յառաջընթաց մը, որ խօսակցութիւնը ընդհանուր սկզբունքներու մակարդակէն փոխադրեց գործադրութեան մեքանիզմներու գործնական ու մանրամասն քննարկումի փուլ, ինչ որ դուռը կը բանայ շրջագծային բանաձեւի գործադրութեան ձեւաչափի մեկնարկման»:

. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի շրջանակները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններու ընթացքէն գոհունակութիւն կայ. մթնոլորտը դրական էր, եւ կայ Լիբանանի եւ անոր պահանջներուն նկատմամբ ամերիկեան յստակ յանձնառութիւն մը: Հիմա իրական քննութիւնը անոնց գործադրութեան մէջ է»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Իսրայէլ պայման կը դնէ փորձնական շրջաններուն մէջ տեղակայուելիք զինուորները ապահովական ստուգման ենթարկել` Հըզպալլայի հետ անոնց որեւէ կապ չունենալը հաստատելու համար»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Քննարկումը չսահմանափակուեցաւ միայն ճշդումովը երկու գիւղերուն, ուր առաջին փորձը պիտի կատարուի, այլ նաեւ ընդգրկեց մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին մէկ գիւղէն միւսը անցում կատարելու ժամանակահատուածը: Աւելի մտահոգիչը այն է, որ Իսրայէլ այժմ թեքնիք բնութագիրներու, եւ, թերեւս նոյնիսկ գործադրութեան հսկող սպաներու անուններու քննարկումի կ՛ուղղուի»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Իսրայէլացի թշնամին կը սերտէ լիբանանեան մէկէ աւելի շրջաններու մէջ իր գործողութիւններու ընդլայնման վերադառնալը, եթէ Իրան-Միացեալ Նահանգներ ճակատումի հոլովոյթին մէջ վատթարացումը շարունակուի»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Վարչապետարանին մէջ վարչապետ Սալամի եւ շարք մը սիւննի երեսփոխաններու միջեւ գումարուած ժողովը աւարտեցաւ համաձայնութեամբ շարք մը պահանջներու շուրջ, որոնք երեսփոխանները պիտի փորձեն ապահովել խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին»:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաստատեց ԹՐԻՓՓ-ի Վաւերացման Հոլովոյթը

Յաջորդը

Ֆատլալլա. «Աունի Նախագահ Ընտրուիլը Հիմնուած Էր Դիմադրութեան Իրաւունքը Պաշտպանելու Պատուոյ Յանձնառութեան Վրայ»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.