Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշտ Հաւատարիմ Մնալ

July 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Միշտ հաւատարիմ մնալ… առանց չակերտներու, քանի որ մեր երդումին չէ, որ կ՛ակնարկեմ առաջին հերթին:

Այս յօդուածը գրելուս դրդապատճառը չե՛ն ՀՅԴ 135-ամեակին առիթով այլազան տեղեր մեր վերջերս ապրած այն յուզիչ պահերը` նորընծաներու երդման արարողութիւնները, որոնց ընթացքին անոնք, կրկնելով իրենց կուսակցական կնքահօր կարդացած տողերը մեր կանոնագրէն, հանդիսաւորապէս կ՛երդնուն «պատուոյս եւ հայրենիքիս վրայ միշտ հաւատարիմ մնալ…»:  Այո, մի՛շտ հաւատարիմ մնալ: Կրկնապէս կը շեշտեմ «միշտ» բառը, քանի որ ի՞նչ հաւատարմութիւն, եթէ մնայուն չըլլայ ան:

Յօդուածիս դրդապատճառը «Մանանա»-ն է` Գրիգոր Զօհրապի գրութիւնը իր իսկ խմբագրած «Մասիս»-ի մէջ, 27 մարտ 1893-ի առաջին էջին վրայ, զոր վերստին կամ գուցէ առաջին անգամ կարդալու բախտաւորութիւնն ու հաճոյքը ունեցայ բարեկամի մը նախաձեռնութեան շնորհիւ: Ի՞նչ կ՛ըսէր ականաւոր գրողը.

– […] բարոյական մեծ ու շա՛տ անխախտ նկարագրի տէր մարդ պէտք է ըլլալ` անյողդողդ մնալու համար այն չուկէտին [մեկնակէտին] վրայ, որ, ամէն ազդեցութենէ անկախ, որոշուած էր, եւ որ` ահա՛ անզգալաբար, մեղմիւ կը կորսուի, աչքէ անհետ կ՛ըլլայ բոլորովին:

Զօհրապի ուշագրաւ յօդուածը կը վերաբերէր թերթերուն, անոնց խմբագիրներուն կամ աշխատակիցներուն, որոնք շահադիտական նպատակներով կը փոխեն իրենց սկզբնապէս պաշտպանած մտքերը` աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու հաճոյանալու եւ աւելի թերթ կարենալ ծախելու համար: Զուտ` շուկայական մօտեցում, որ խոտոր կը համեմատի ընկերային վսեմ նպատակ մը հետապնդող մամուլին:

Զօհրապի այս խօսքերը, սակայն, մենք կրնանք տեսնել աւելի ընդհանրական շրջածիրի մը մէջ: Հաւատարմութիւնը բարոյական յանձնառութիւն մըն է: Կարելի չէ զայն պարտադրել: Այն հիմնուած կ՛ըլլայ հաւատամքի մը, համոզումի մը, կամ նոյնիսկ տեսակէտի մը վրայ:  Անհատական գետնի վրայ ան կը դրսեւորուի ընտանեկան շրջանակին մէջ, արեա՛ն կապովն իսկ` ծնողքին ու զաւակին միջեւ, զաւակներուն միջեւ, ապա` անոնց եւ իրենց ընկերներուն միջեւ, այլեւ` այր ու կնոջ միջեւ: Ի զուր չէ, որ ամուսնութիւնը հանդիսաւոր ծիսակատարութեամբ տեղի կ՛ունենայ: Խոստում մըն է, որ նորապսակները կու տան իրարու` հաւատարիմ մնալու ամբողջ կեանք մը, տէր ըլլալու իրարու ամէն տեսակի դժուարութիւններու կամ փորձութիւններու դէմ յանդիման: Շատեր կը ձախողին, ճի՛շդ է, չըլլալով այդ «անխախտ նկարագրի տէր մարդը», տեղի տալով ինչ-ինչ պատճառներով` այլի մը առկայութեան, հիւանդութեան թէ ուրիշ ազդակներու:

Այդ հաւատարմութիւնը կը պահանջուի նաեւ գործի ասպարէզի մէջ, թէկուզ` առանց ծափ ու ծնծղայի, քշոցի ու կերոնի, զանոնք փոխարինելով յաճախ գրաւոր համաձայնագրերով` գործի գաղտնիքները այլոց չփոխանցելու յանձնառութեամբ եւ այլն:

Նոյնն է պարագան անհատի մը ու որեւէ կազմակերպութեան միջեւ պահուելիք հաւատարմութեան, որովհետեւ որեւէ գործ չ՛իրականանար, եթէ այդ հաւատարմութիւնը գոյութիւն չունենայ: Կազմակերպութիւնը հաշիւ պիտի ընէ անհատին ներդրումին վրայ, առանց որուն` կարելի չ՛ըլլար ծրագիր կազմել, ժամանակացոյց դնել, աշխատանք յառաջ տանիլ:

Բայց հաւատարմութիւնը երկկողմանի իրադրութիւն մըն է: Եթէ անհատը յանձնառութիւններ ունի կազմակերպութեան հանդէպ, փոխադարձաբար այս վերջինն ալ ունի անհատին հանդէպ, այդ ըլլայ ասպարէզային թէ ընկերային գետնի վրայ: Կազմակերպութիւններն ալ կրնան թերանալ ու պատճառ հանդիսանալ, որ իրենց պաշտօնեաները կամ անդամները իրենցմէ հեռանան:

Այս բոլորը հասկնալի են, բացատրելի:

Ինչ որ ամբողջովին կը տարբերի միւսներէն, այդ ալ գաղափարական հաւատարմութեան հարցն է, եւ կասկած չկայ, թէ յատկապէս ա՛յդ գետնի վրայ եղած ըլլալու է Զօհրապի ընդվզումը այն օրերու կարգ մը լուրջ թերթերէն եւ ոչ թէ` առեւտրական նպատակներով հրատարակուող թերթուկներէն: Մեկնակէտը չմոռնալո՛ւ հրամայականն է, որ կը նշէ ան արդարօրէն: Կարելի չէ օր մը հանրապետական ըլլալ, օր մը թագաւորական, օր մը  դրամատիրութիւնը պաշտպանել, օր մը ընկերվարութիւնը, եւ այդպէս իրարու հակադրուող սկզբունքներ մատուցել հանրութեան:   Գաղափարական հաւատարմութիւնը բարձրագոյն մակարդակն է հաւատարմութեան: Բարձրագոյն հասարակական յանձնառութիւնը: Եւ ի զուր չէ, որ երդումը այսպէս ալ կը բանաձեւուի.

– Կ՛երդնում պատուոյս ու հայրենիքիս վրայ` միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:

Ունենանք այդ մեծ ու շա՛տ անխախտ նկարագիրը` տէր ըլլալու մեր այս երդումին:

 

 

Նախորդը

Անվտանգ Արհեստական Բանականութենէն. Ո՞ր Գործերը Կը Ծաղկին Ապագային

Յաջորդը

Զրուցակիցս` X-Kom Մարդառոպոթը Եւ Մենք

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.