Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռոմի Մէջ Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւններու 6-րդ Փուլը Աւարտեցաւ

July 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Հռոմի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ժողովին համաձայնութիւն գոյացած է փորձառական երկու շրջաններու շուրջ, որոնցմէ մէկը Իսրայէլ բռնագրաւած է, իսկ միւսը անոր դիրքերուն սահմանակից է:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ լիբանանեան եւ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւններուն միջեւ ամերիկեան հովանաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ ժողով մը` Հռոմի բանակցութիւններուն ամբողջացման համար:

Աղբիւրը նշեց, որ հետագայ հանդիպումին թուականն ու վայրը չեն ճշդուած` սպասելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ դասաւորումներու ամբողջացումը` աւելցնելով, որ ժողովին նպատակը փորձառական շրջաններու գործադրութեան մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացումն է:

Լիբանանեան աղբիւրը «Ժազիրա»-ին ըսաւ, թէ գործադրութեան մեքանիզմը կը ներառէ Իսրայէլի հեռացման եւ փորձառական շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայման ձեւը` աւելցնելով. «Կառչած կը մնանք այն բանին, որ երրորդ կողմ մը ստանձնէ լիբանանեան բանակին փորձառական շրջանին մէջ իր առաքելութեան կատարումը ստուգել»:

«Աշխատանք կը տանինք գոյացնելու մեքանիզմ մը, որ ճշդէ մնացեալ փորձառական շրջաններու գործադրութեան ժամանակացոյցը», նշեց ան:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ Հռոմի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է, որ փորձառական շրջանը կը ներառէ Զաութար Ղարպիէն ու Շարքիէն, Ղանտուրիէն, Պըրժ Քալաուէյհը, Սրիֆան եւ Ֆրունը` բացատրելով, որ անոնք խառն տարածքներ են, որոնցմէ մէկ քանին կը գտնուին բռնագրաւումի տակ, իսկ միւսները` իսրայէլեան կրակոցի տակ կամ բռնագրաւուած տարածքներու սահմաններուն վրայ են:

Պաապտայի պալատի աղբիւրները իրենց կարգին «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին նշած են. «Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած յառաջընթացը այսօր հաստատուած է, իսկ քննարկումը այժմ գործնականին մէջ կեդրոնացած է ձեռք բերուած շրջանակի իրականացման մեքանիզմի եւ ատոր գործադիր ձեւակերպման վրայ»:

«Քննարկումները կեդրոնացած էին երկու հիմնական հարցերու շուրջ: Առաջինը երկու բնորդային տարածքներն են, որոնք պիտի ըլլան խառն. առաջինը տարածք է, ուրկէ իսրայէլեան բանակը պիտի հեռանայ, իսկ երկրորդը` տակաւին բռնագրաւումի տակ գտնուող տարածքի սահմաններուն վրայ գտնուող տարածք` մեքանիզմը ատոր վրայ կիրարկել նախապատրաստելու նպատակով», աւելցուցած են աղբիւրները:

Աղբիւրները նշած են. «Քննարկուող երկրորդ հարցը այս երկու ոլորտներուն մէջ աշխատանքները սկսելու ժամանակացոյցն է, որուն հոլովոյթը պէտք է սկսի այս շաբթուան վերջէն ոչ ուշ»:

«Բանակցութիւնները քննարկեցին յաջորդականութեան հարցը, այսինքն` այն ժամանակացոյցը եւ մեքանիզմը, որուն միջոցով մնացեալ տարածքներուն անցումը պիտի ըլլայ աստիճանական: Քննարկումները մուտք գործեցին թեքնիք փուլ, ներառեալ մուտքի եւ հեռացման ընթացակարգերուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ դաշտային իրականացման մեքանիզմները, որոնք Հռոմի մէջ կրնան լրացուցիչ զինուորական ժողովի անհրաժեշտութիւն ստեղծել», ըսած են անոնք:

Պաապտայի պալատի աղբիւրները նախատեսեցին, որ ամերիկեան կողմը յառաջիկայ ժամերուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակէ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Լիբանանի կարգ մը բաժիններէն իսրայէլեան հեռացումը լաւ բան պիտի ըլլայ»:

«Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութեան համաձայն, ուրբաթ օր իսրայէլեան-լիբանանեան-ամերիկեան զինուորական առցանց ժողով մը պիտի գումարուի` քննարկելու համար զինուորական մանրամասնութիւնները, վերջնական կերպով ճշդելու համար փորձառական երկու շրջանները եւ գործադրութեան սկսման թուականը:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բանակցութիւնները աւարտեցան երկօրեայ արդիւնաւէտ եւ դրական քննարկումներէ ետք, որոնց մէջ նշուեցաւ համաձայնութիւն «փորձառական շրջանի մեքանիզմի կառուցուածքի եւ ուղեցոյցներու վերաբերեալ, որոնք պէտք է աւարտին եւ պիտի գործադրուին յառաջիկայ օրերուն»:

«Այժմ մենք պիտի անցնինք ընդլայնուած թեքնիք բանակցութիւններու, որոնք պիտի կեդրոնանան եռակողմ շրջագիծի բոլոր կէտերու գործադրութեան վրայ` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ համապարփակ համաձայնագիրի հասնելու նպատակով», նշեց դեսպանատունը:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Շրջագծային Բանաձեւը Սկսաւ Արդիւնք Տալ, Եւ Ուաշինկթըն Այլեւս Մեզի Ականջ Կու Տայ»

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Նեթանիահու Շաբաթ Օր Միացեալ Նահանգներ Պիտի Մեկնի

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.