. ՆԱԽԱԳԱՀ Աունն ու առաջին տիկինը երէկ Տոհա այցելեցին` Քաթարի նախկին իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով ցաւակցութիւն յայտնելու համար:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան վարչակազմը, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր աւագ պաշտօնատարներէն մէկուն` Տան Հոլըրի ճամբով պիտի հետեւի բանակցութիւններու ընթացքի մանրամասնութիւններուն»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի ամերիկեան կտրուկ կամք` յաջողցնելու փոխըմբռնման բանաձեւը եւ անոր գործադրութեան ընթացքին ուղղակի կերպով հետեւելու: Հըզպալլան որքան ալ մեծխօսիկութիւն ընէ, փոխըմբռնման բանաձեւին նկատմամբ դիրքորոշումը կարծրացնէ, զայն մեռելածին ու անգործադրելի նկատէ, չենք կարծեր, որ կրնայ ամերիկեան կամքը դիմակայել»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի լիբանանեան պատուիրակութեան տուած ցուցմունքները կ՛ամփոփուին սկսելով փորձառական շրջաններու գործադրութենէն, անոր բոլոր մանրամասնութիւններով, այսինքն` իսրայէլեան բանակի հեռացում, լիբանանեան բանակի վերատեղակայում եւ վերաշինութեան սկիզբ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հռոմի մէջ ուղղակի բանակցութիւններու շարունակութիւնը կարեւոր փուլ է այն հոլովոյթին մէջ, որ լիբանանեան պետութիւնը կը ղեկավարէ` գերիշխանական թղթածրարներու կառավարման մէջ նախաձեռնութիւնը վերստանձնելու համար»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Մինչեւ դեսպան Քարամին գործնական փուլի առաքելութիւնը ուրիշին ձգելու փափաքի քննարկումը, վաղը Հռոմ մեկնող պատուիրակութեան նախագահութիւնը ինք կը ստանձնէ: Վեցերորդ փուլի առաքելութիւնը գործադրութեան հսկողութեան համար եռակողմ յանձնախումբի կազմութիւնն է»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ վրայ աշխատող շրջանակներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրողական գրաւը պէտք է դրուի փորձառական շրջաններուն վրայ, որովհետեւ անոնք կողմերու անկեղծութեան իսկական չափանիշը պիտի ըլլան: Եթէ փորձը յաջողի, համաձայնութիւնը գործադրութեան ուղղութեամբ հիմնական քայլ մը առած կ՛ըլլայ»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի հեռացած շրջաններուն մէջ տեղակայուելու բանակի գործնական ծրագիրը ամբողջացած է, եւ ամբողջական պատրաստութիւնը միայն փորձառական շրջաններուն մէջ տեղակայուելու համար չէ, այլեւ մինչեւ միջազգային սահմաններ երկարող հարաւային ամբողջ շրջանին մէջ տեղակայուելու համար»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Այն Թինէի եւ վարչապետարանին միջեւ հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` յաջողցնելու համար չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստը, հակառակ համաներումի օրէնքի չորդեգրուելուն դէմ իբրեւ բողոք նիստը պոյքոթի ենթարկելու սիւննի երեսփոխաններու կոչերուն»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ առնչակից աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Ամերիկեան կողմը այժմ հակուած է ստուգման եւ հսկողութեան առաջադրանքը վստահելու ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքային ուժին, որ կազմուած է ֆրանսական-իտալական դաշինքէն, որուն կ՛աջակցին Գերմանիան եւ Բրիտանիան»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանանը Թրամփ-Շարհ-Էրտողան հանդիպումէն բացակայ չէր, այլ այն թղթածրարներէն մէկն էր, որ քննարկուեցաւ երեքին միջեւ, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի այն դերին, որ Դամասկոս կրնայ յառաջիկայ փուլի ընթացքին կատարել»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Բջիջային երկու ընկերութիւններու շարք մը յաճախորդներ կը պահանջեն նախապէս չգործածուած թիւեր ստանալ, որովհետեւ վերստին շրջանառութեան մէջ դրուած թիւերուն մէկ մասը կը պատկանէր իսրայէլեան պատերազմի ընթացքին մահացած անձերու»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ախպար» օրաթերթին. «Թեթեւ ու միջին զէնքերու տարածում տեսած նախկին փուլէն մեծագոյն օգտուողները անպայման նիւթական շահ ապահովելու նպատակ հետապնդող առեւտրականները չէին միայն, այլ նաեւ միջնորդներ եւ առեւտրականներ, որոնք գործեցին ի նպաստ շարք մը կողմերու, որոնք պահանջեցին մեծաթիւ զէնքեր գնել` զանոնք պահ դնելու նպատակով»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 13000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.234.000 լ.ո.-ի եւ 2.252.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 35000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.847.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 16000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.115.000 լ.ո.-ի:


