Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Դեսպան Քարամ Հռոմ հասաւ, իսկ դեսպան Նատա Մուաուատ այսօր կը հասնի: Բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Զիատ Հայքալը` իբրեւ հանրապետութեան նախագահի խորհրդական»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «լիբանանեան պատուիրակութիւնը հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ցուցմունքով Հռոմի մէջ աշխատանք պիտի տանի, որ ժողովները յանգին մեկնարկումին փորձառական շրջաններու գործադրութեան` անոր բոլոր պայմաններով, այսինքն` իսրայէլեան բանակի հեռացում, լիբանանեան բանակի վերատեղակայում եւ վերակառուցման սկիզբ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թել Աւիւի վրայ Ուաշինկթընի բանեցուցած ճնշումները յաջողեցան լիբանանեան թատերաբեմը զերծ կացուցել շրջանին մէջ շարունակուող ընդհարումներէն: Ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերը համաձայն են, որ Իրանի եւ Հըզպալլայի կամքին հակառակ, պէտք է հոլովոյթները իրարմէ անջատել»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իսկական մտավախութիւններ կան, թէ հարցերը կրնան դարձեալ լայնածաւալ պատերազմի վերածուիլ, եւ զինուորական զարգացումները տակաւին ուշադիր կերպով կը հաշուարկուին եւ կը վերահսկուին երկու կողմերուն կողմէ, որոնք ակնյայտօրէն շահագրգռուած չեն մարտական գործողութիւններու նոր, ընդլայնուած փուլով»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն, որ Միացեալ Նահանգներ այցելելու կը պատրաստուի, անակնկալի մատնուեցաւ շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան հետեւելու մեքանիզմէն ամերիկեան ետդարձէն, երբ բանակցութիւնները տեղափոխուեցան Հռոմ, ինչ որ ամերիկեան որեւէ ուղղակի ճնշում կը հեռացնէ իսրայէլեան կողմէն»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Շրջագծային համաձայնութեան գործադրութիւնը ամիսներու կարիք ունի, եւ փորձառական շրջաններու փորձը բարդ պիտի ըլլայ եւ ժամանակի պիտի կարօտի, մանաւանդ եթէ Իսրայէլը վերջնական զինադադարն ու համաձայնութեան բովանդակութիւնը չյարգէ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ դիտաւորեալ կերպով խուսանաւում կը կատարէ` շրջանառութեան մէջ դնելով հակասական տեղեկութիւններ, որոնք մէկ շաբաթէն փորձառական շրջանէն հեռացման մտադրութիւն յայտնելուն ու տարածքը ստանձնելու լիբանանեան բանակի պատրաստութիւններու ամբողջացման սպասելու պատրուակով «քանի մը շաբաթներ»-ու սպասման ակնարկելու միջեւ կը տարուբերին»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջագծային բանաձեւը վերաշինութեան վերաբերող մէկ յստակ կէտ կը պարունակէ, եւ ատիկա արդիւնք է նախագահի ջանքին, որ Միացեալ Նահանգները որդեգրեց, ինչ որ Ուաշինկթընը ուղղակի կերպով առնչակից կը դարձնէ մնացեալ յօդուածներու կողքին այս յանձնառութեան գործադրութիւնը հետապնդելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրին ու Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ Իրանէն ստացան նոր նամակ մը, թէ Թեհրան քաթարցի եւ փաքիստանցի միջնորդները տեղեակ պահած է, որ պատերազմին վերջ տալն ու իսրայէլեան հեռացումի ամբողջացումը իրեն համար նոյնքան առաջնահերթ են, որքան Հորմուզի նեղուցի թղթածրարը»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եարզէի մէջ գումարուեցաւ  շարք մը սպաներու մասնակցութեամբ ժողով մը, որ քննարկեց փորձառական շրջաններու հարցը: Հարցերը տակաւին առկախ են, որովհետեւ Իսրայէլ կը պնդէ սկսիլ շրջաններու մէջ, ուր Հըզպալլան տեղակայուած է, իսկ Լիբանան կը պնդէ, որ նախ եւ առաջ Իսրայէլ հեռանայ, որպէսզի ատկէ ետք բանակը տեղակայուի»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Այն, ինչ որ հրապարակաւ կ՛երեւի, Պքերքէի աշխատանքին միայն չնչին բաժինը ցոյց կու տայ, որովհետեւ Պքերքէն տարիներէ ի վեր ամէնէն զգայուն փուլերէն մէկուն մէջ իր բոլոր կապերը գործի լծեց` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ աջակցելով հանրապետութեան նախագահին»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամեր Պսաթի գլխաւորութեամբ տնտեսական մեծ պատուիրակութիւն մը վաղը` երեքշաբթի օր պիտի այցելէ Սուրիա` ծրագիրներ եւ ներդրումներ քննարկելու համար»:

 

 

Նախորդը

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Մէջ Խառնածին Սպառնալիքներու Դէմ Պայքարի Առաքելութիւն Պիտի Տեղակայէ»

Յաջորդը

Մըքտատ. «Ամօթի Համաձայնութիւնը Տապալեցաւ, Եւ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Համար Հռոմ Երթալը Ժամանակի Կորուստ Է»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.