Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւեալ ցաւակցագիրը յղեց Քաթարի իշխանին` նախկին իշխանին մահուան առիթով.
Քաթարի պետութեան վսեմաշո՛ւք իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի,
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով ստացաւ ձեր հօր` իշխան շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան լուրը:
Լիբանանցիները մեծ գնահատանքով կը յիշեն ի նպաստ Լիբանանի հանգուցեալ իշխանին արտայայտած դիրքորոշումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, մարդասիրական ու բարգաւաճման ոլորտներուն մէջ անոր ցուցաբերած զօրակցութիւնը` մեկնելով Լիբանանի կայունութեան, միասնականութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները սերտացնելու իր յանձնառութենէն: Հանգուցեալ իշխանին այս կեցուածքները պիտի մնան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան առարկայ:
Այս ցաւալի առիթով Ձերդ վսեմութեան, իշխող ընտանիքին եւ քաթարցի եղբայրական ժողովուրդին կը յայտնենք մեր խորազգած ցաւակցութիւնը` արտայայտելով մեր համերաշխութիւնը:
Աստուծմէ կը հայցենք, որ Ձեզի համբերութիւն շնորհէ: Կը մաղթենք, որ Քաթարի պետութիւնը` իր ղեկավարութեամբ, շարունակէ յառաջդիմութեան եւ զարգացման երթը` վասն քաթարցի ժողովուրդի բարիքին եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման:
Ընդունեցէք մեր յարգանքի հաւաստիքը`
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ


