ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ը մանկութեանս ու պատանեկութեանս էջերուն մէջ վերացական մնայուն ներկայութիւն հանդիսացած է, հեռուէն նայած եմ անոր` իբրեւ հպարտալի միութեան, իբրեւ մայիսեան փառատօներուն լիբանանահայ տարբեր սերունդներ իր շուրջ համախմբած եւ զանոնք խրոխտ քայլերով տողանցքի մղած միութեան, Մայիս 28-ին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ դրօշակի արարողութեան մասնակիցներուն տարազներուն վրայ զետեղուած անունի, մարզական տարբեր նուաճումներ արձանագրող կառոյցի, որուն յաղթանակներուն կը սպասեն մեծն ու փոքրը, որուն շեփորախումբին նուագը սրտեր կը լիացնէ, իրենց թելադրուածը կատարելու փորձ ընող մոկլիներուն երկչոտ քայլերը յոյս ու լոյս կը սփռեն:
2000-2001 թուականներուն ըլլալու է մօտաւորապէս: Այդ տարիներուն Պուրճ Համուտի մէջ մեծ հռչակ վայելող եւ ժողովուրդին կողմէ սիրուած ու փնտռուած «Մասթըր մոլ» հանրախանութին մէջ էր, որ ինծի համար միս ու ոսկոր ստացաւ ՀՄԸՄ-ը եւ առանց երկար սպասելու, նոյնիսկ առանց թակելու` մուտք գործեց կեանքիս դարպասէն ներս: Ուսանող եղբայրս երեկոները կ՛աշխատէր հոն, ուստի յաճախակի այցելութիւններուս բերումով ծանօթացայ հանրախանութի պատասխանատուներէն Ֆետի Թաժրային, որ տարբեր առիթներով խնդրեց ՀՄԸՄ-ի վերաբերող նամակներ սրբագրել կամ գրել: Հաւանաբար ՀՄԸՄ-ին եւ ինձմէ խնդրուած աշխատանքներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնս էր, որ մղեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի այդ օրերու պատասխանատուներէն եղբայր Ֆետին, որ ինծի առաջարկէ իրենց միանալ ու մաս կազմել Սկաուտական խորհուրդին: Անակնկալ էր առաջարկը, ՀՄԸՄ-ին հետ մինչ այդ ոչ մէկ կապ ունեցած էի, նոյնիսկ չէի գիտեր սկաուտական խմբաւորումներն ու սկաուտական կեանքի մանրամասնութիւնները:
– Հարց չկայ: Կը սորվիս, կը վարժուիս, դուն միայն մեզի միացիր, ամէն ինչ կը դիւրանայ,- ըսաւ օրին ՀՄԸՄ-ի կեանքիս կնքահայրը եղած եղբ. Ֆետին, որուն քաջալերանքով ու հետապնդումով միացայ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն:
Ճիշդ էր եղբայր Ֆետին, ՀՄԸՄ-ական ըլլալու համար շատ գիտելիքի ու երկար մտածումի կարիք չկար, որովհետեւ միութեան մէջ տարուած իւրաքանչիւր աշխատանքի, մշակուած իւրաքանչիւր ծրագիրի, սկաուտներուն կողմէ ներկայացուած իւրաքանչիւր թղթածրարի եւ ժողովներուն թէ անոնց յաջորդած ընկերային պահերուն կատարուած քննարկումներուն ընթացքին է, որ ամէն բան կը հասկնաս, կը պեղես, կը սորվիս ու կը դառնաս լիիրաւ ՀՄԸՄ-ական:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին անդամագրուելով` նոր աշխարհ մը բացուեցաւ դիմացս, դպրոց մը իսկական, կեանք մը ամբողջական, որուն ցարդ ծանօթ չէի:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդներ իրենց դասը կամ աշխատանքը հազիւ աւարտած` կը փութային «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի շէնքին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի կեդրոն, որուն սենեակները յաճախ նեղ կու գային մեծաթիւ սկաուտական խումբերուն, սակայն անոնք լայն ու մաքուր սրտերով կը համախմբուէին, իրենց ազատ ժամանակը կը տրամադրէին, կը ծրագրէին, կը ներկայացնէին, համաձայնութեան կը սպասէին ամենայն համբերութեամբ, որպէսզի երազները իրականութեան վերածեն, իսկ վերին մարմիններէն անհամաձայնութեան պարագային, չէին յուսահատիր, այլ նորը կը պատրաստէին, աւելի լաւն ու ամբողջականը:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, որ տօնական օրերուն, երբ բոլոր դպրոցականները իրենց արձակուրդը կը վայելէին, ՀՄԸՄ-ականները օրացոյցները իրենց անութին սեղմած` տունէ տուն, խանութէ խանութ կը թափառէին` օրացոյց բաժնելու եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ հաւաքելու: Անոնց համար անկարեւոր էին` անձրեւն ու ցուրտը, յաճախ առանց վերելակներու բարձրայարկ շէնքերուն աստիճանները, երբեմն չբացուող դռները, փակ դռներուն ետեւէն «Մենք տունը չենք» խօսքերը, խանութպաններուն ոչ սիրալիր արտայայտութիւնները, օրացոյցներուն ծանրութիւնն ու ժամը անգամ մը կրկին ակումբ վերադառնալով հաշիւներ ներկայացնելու պահանջը: Այս բոլորը կարեւոր չէին, որովհետեւ անոնք մասնաճիւղին օրացոյցը բոլորին հասանելի դարձնելու հետամուտ էին, որովհետեւ չբացուող դռներուն փոխան` բազում լայն դռներ կը բացուէին անոնց դիմաց` ոչ միայն գումարով, այլ` տուրմով եւ քաղցրեղէնով լեցնելով անոնց գրպանները, որովհետեւ մոռցուած, սակայն անոնց այցելութիւնը ակնկալող խանութպաններ բարկացկոտ հարց պիտի տային, թէ ինչո՞ւ իրենց ալ չեն այցելած…
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ միութենականները քոյր ու եղբայր չէին միայն ակումբին մէջ, ժողովներուն կամ աշխատանքներուն ընթացքին, այլ անոնք կեանքի քոյր-եղբայրներ էին, որոնք կէս գիշերին աւարտած ժողովէն ետք իսկ միասին կը շարունակէին յաջորդ օրուան առաջին ժամերը` երբեմն մէկու մը տունը հաւաքուելով ու կրկին միութեան հարցերը քննարկելով, երբեմն ճաշարանի մը սեղանին ետին հաց կիսելով, երբեմն գետնի վրայ աշխատանք տանող սկաուտներուն կողքին ըլլալով, անոնց գործնական նեցուկ կանգնելով ու քաջալերելով…
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ տարիք գոյութիւն չունէր ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, մեծը կրնար շատ բան սորվիլ փոքրէն, երէց եղբայր մը կարծիք խնդրէր նոր միացած քրոջմէ: Իսկ մեծն ու փոքրը` բոլորը, կը գործէին` մասնաճիւղին բարօրութեան համար, անոր յաջողութիւններուն սիրոյն, միութեան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին ներքոյ: Աշխատանքները տարբեր էին, յանձնախումբերը` բազում, գաղափարներն ու տեսակէտները` բազմաթիւ, սակայն նպատակն ու թիրախը մէկ` ծառայել մասնաճիւղին, գործել միութեան սկզբունքներուն համահունչ եւ անոր գերագոյն նպատակներուն ի խնդիր:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ մեծ ու փոքր ծրագիրներ իրականութիւն դարձնելու համար մասնաճիւղի տարազաւոր կամ պարզ անդամներ իրենց արձակուրդները կը տրամադրէին, իրենց վաճառատուները կը փակէին, իրենց հանգիստը կը մոռնային, բաց երկինքի տակ կը քնանային, որպէսզի երբեմն ցնորք նկատուող աշխատանքներ իրականութիւն դառնային ու զարմացնէին բոլորը:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, որ պարզ կամ ընդհանուր ժողովները ինչպէ՛ս բուռն քննարկումներու առիթ կը հանդիսանային, տեսակէտներու բախումներէն կը ծնէին նոր գաղափարներ, երիտասարդներուն պոռթկումները հանդարտութեամբ կը լսուէին երէց ու փորձառու ՀՄԸՄ-ականներու կողմէ, որոնցմէ յիշատակներուս մէջ փորագրուած կը մնան վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներ Գառնիկ Մկրտիչեանն ու Վարուժան Գէորգեանը (լոյս` անոնց հոգիներուն), որոնք ամենայն համբերութեամբ փոթորկոտ նաւուն ելեւէջներուն լուռ ու խոհեմ հետեւելէ ետք գիտէին` վերջին խօսք ըսել, բանիմաց խորհուրդը փոխանցել, հանդարտեցնել կիրքերը, նաւը ծովուն խաղաղ ափը առաջնորդել, որպէսզի անիկա ապահով հասնի նաւահանգիստ:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ սկաուտները ինչպէ՛ս իրենց ամառնային արձակուրդը կը տրամադրէին` ծրագրելով եւ կազմակերպելով բանակումներ: Հեռաւոր անտառներու մէջ դատարկ տարածութիւնները քանի մը ժամուան ընթացքին մեծաթիւ սկաուտներու ժրաջան աշխատանքով բնակելի վայրի կը վերածուէին, անոնք կը կրէին գերանները, որոնցմով տարբեր ձեռային աշխատանքներ, սենեակներ ու նոյնիսկ խոհանոց կը կառուցէին, վրանները կ՛ամրացնէին, բանակավայրին դարպասը կը կանգնեցնէին: Անքուն գիշերները երբեք չէին խանգարեր սկաուտները` առաւօտ կանուխ լման տարազով դրօշակի կայմին տակ կանգնելու ամենայն արթնութեամբ, նախաճաշելու ինչ որ հրամցուէր իրենց` սիրէին կամ ոչ, կատարելու աշխատանքներ, որոնք կրնայիր չնախընտրել, կամ` ծանր թուիլ իրենց: Երէցն ու պարմանուհին կը հասնէին մոկլիին ու գայլիկներուն, որոնք իրենց ապագան կը տեսնէին երէց տարազաւորներուն մէջ ու կը փորձէին նմանիլ անոնց: Ընտանիք մը իսկական:
Զարմանքով ու հիացումով տեսայ, թէ կարգապահութիւնը, հաւաքական կեանքը անհատականին դիմաց զիջելու մտայնութիւնը, հայն ու ազգայինը ամէն բանէ վեր դասելու համոզումը, ՀՄԸՄ-ը ընդհանրապէս, իսկ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը յատկապէս միշտ փայլուն, բարձր եւ վսեմ պահելու վճռակամութիւնը տիրական էին մասնաճիւղին մէջ:
Այսօր, երբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը կը նշէ իր փառապանծ 90-ամեակը, հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը նայիմ մասնաճիւղին մէջ Ֆետի Թաժրային մղումով անցուցած երկա՜ր տարիներուս` առանց դոյզն իսկ ափսոսալու, որ Սկաուտական խորհուրդի թէ վարչութեան կազմերուն մէջ անցուցած եմ երկար ժամեր, լուսցուցած եմ բազում գիշերներ, արձակուրդներս անցուցած եմ բանակավայրերուն մէջ, ուր սկաուտներուն հետ ապրած եմ կեանքիս ամէնէն հետաքրքրական ու օգտաշատ պահերը` զգալով, որ արձանագրուած յաջողութիւններուն մէջ մասնակցութեան փոքր տոկոս մը ունեցած եմ: Գոհունակութեամբ կը լեցուի հոգիս` յիշելով, որ Աւետիս Տեմիրճեանին գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ իրականութիւն դարձուցած ենք «Էքսթրիմ Էտվենչըր» ծրագիրը, որուն տարողութիւնն ու յաջողութիւնը զարմանք պատճառած են նաեւ օտարներուն: Սիրտս կը հրճուի, երբ կը յիշեմ երէց ՀՄԸՄ-ականներու հետ աշխատանքս, ի մասնաւորի երէց եղբայրներուս` Յովիկ Պիլեմճեանի ու Պաղտասար Յարութիւնեանի, որոնք կը փորձէին անկարելին կարելի ընել, իրենց հանգիստը կը գտնէին ակումբին մէջ` ծառայելով այս հզօր միութեան, մնայուն ճիգ ի գործ կը դնէին հասկնալու եւ ընկալելու նոր սերունդն ու առաւելագոյն չափով գոհացում տալու անոնց պահանջներուն ու խնդրանքներուն:
Երախտագիտութիւն` առանձին առանձին բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնց հետ գործած եմ տարիներ շարունակ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բան մը աւելցուցած է կեանքիս մէջ: Յարգանք` մեզմէ առյաւէտ հեռացած միութենականներուն, որոնք իրենց խօսքերով, ուղղութիւններով կամ նոյնիսկ լռութեամբ պատգամ մը փոխանցած են անպայման:
Դէպի նորանոր տարեդարձներ, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ:
Թող Պուրճ Համուտի սրտէն բարձրացող քու սկաուտներուդ եւ մարզիկներուդ կանչերն ու ճիչերը միշտ լեցնեն Պուրճ Համուտը, թող քու տարազաւորներուդ կանոնաւոր շարքերու տողանցքները դրոշմուին Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, անոնց կրնկակոխ երթով թող թնդայ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն հիմնադրած այս օրրանը` հոնկէ հասնելով ամէնուրեք, ուր տակաւին ազգային արժէքներուն հաւատացող եւ հաւաքականին համար իր եսը զոհող հայ կայ, հոն, ուր կարիք կայ յոյսի ու կորովի, հոն, ուր փափաք կայ ապագան աւելի վառ ու փայլուն տեսնելու:
* Տպագրուած` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակին նուիրուած գրքոյկին մէջ:


