Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց Մեծն Տէրեանի Հետ

July 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Բարե՛ւ, Մե՛ծդ,

Կը դեգերիմ աշունաբոյր խոհական անդաստանիդ մէջ անծայր,
ծալքերուն մէջ թաքնուած, ես կ՛որոնեմ թախծախիտ
աշխարհներդ հրաբորբ,
որոնք ալեակ առ ալեակ կեանքիդ ափը կ՛ափլիզեն
կը տարածուին կազմելով երկնակամարը խոհերուդ
գերզգայուն զեփիւռներու համբոյրով…
Դալուկ շունչը աշունիդ երանգներու իր բոյրով
խորհուրդներու տարափով կեանքի պահերն կ՛օրհներգէ…
Առանձնութեան խոհերդ կը շշնջան`
«Արածներիդ համար երբեք չես ասելու ախ ու ափսոս,-
Չարածներիդ համար պիտի ասես ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս»:
Իրա՞ւ… Տէրեա՛ն…
Հոգիներու վեհ նրբակերտ, խօսքի վարպետ,
իրա՞ւ կ՛ըսես…

Երանի՜ քեզ…

Երանի՜ քեզ, մե՜ծ բանաստեղծ,
որ կը յուզուիս «չարածներդ» ափսոսալով…
«Չարածնե՜րդ»…
Չկատարուած, կեանքին չեկած,
անորոշի փոշիին մէջ լուռ կորսուած…
Կը ներես զիս, վարպե՛տդ մեծ,
տարբերելով խոհէն քու լուրջ:
Ես կ՛ափսոսամ… կեանքս կազմող կատարուածի՛ն…
Կը թափառիմ ես մթամած
մութ օրերուս տարափն գրկած,
ափսոսանքի հոյլով ծածկուած:
Ես կ՛ափսոսա՛մ…
Հա՛, կ՛ափսոսամ
կատարուածի՛ն` «արածների՛ս»`
կեանքս կազմող դրուագներու առկայութեան…
Ափսոսանքներս դրօշ պարզած կը հալածեն զիս ամէն օր…
«Արածնե՛ր»-ս… կեանքս կազմող օրերս լուռ, կը տանջե՛ն զիս`
– Երանի՜ թէ` կանաչ ծառը չկտրէի…
– Երանի՜ թէ` սխալ ճամբայ ես չընտրէի…
– Երանի՜ թէ` չընէի այն, որ արցունքով չողողուէին աչքերն անոր…
– Երանի՜ թէ` մեղմ խօսէի… հասկցնէի՜…
– Երանի՜ թէ` ձեռքը ամուր ես բռնէի… եւ ճիշդ ճամբան ես ցուցնէի…
– Երանի՜ թէ` երանութեան պահեր տայի փոխան ցաւի…
– Երանի՜ թէ` ես ակամայ երբեք, երբեք վիրաւորանք չգործէի…
– Երանի՜ թէ` չընէ՛ի այն ինչ որ ըրի…
– Երանի՜ թէ…
Ափսոսանքնե՜ր, ափսոսանքնե՜ր կատարուածի՛ն, Տէրեա՛նդ մեծ…
Արարքներս, կեանքս կազմող մութ սիւներ են…
Չարածներս, երկնքի մէջ լոկ կերպար են անորոշի բոյրով ներկուած…
Արարքներս շուրջպար բռնած
կը հեգնե՛ն զիս… կը հալածեն
վերադարձի ճանապարհս լուռ կը փակեն…
Երջանի՛կ ես, մե՜ծ բանաստեղծ,
չկատարուած անորոշը ափսոսալով…
Իսկ ես… մա՜րդ եմ, մե՛ծ բանաստեղծ,
ես մարդասէ՛ր մարդ եմ, վարպե՛տ,
կեանքի ճամբան իր կորուսած…
Ա՜հ, երանի չ’ափսոսայի՛…
Չ’ափսոսայի՜…
Տէրեա՛ն, գիտե՞ս,
Այս խենթ կեանքի մեծ անիւի
երկու կողմը մենք ծուարած էակներ ենք:
Դուն կ՛ափսոսաս «չարած»-ներուդ,
Ես կ՛ափսոսամ «արած»-ներուս…
Ինչե՜ր, ինչե՜ր ես կու տայի…
եթէ միայն չ՛ափսոսայի
զիս կառուցող` «արած»-ներուս համար դաժան…
Ինչե՜ր, ինչե՜ր ես կու տայի եթէ միայն
«արած»-ներս ես ՋՆՋԷԻ՛
եւ… զերոյէ՛ն սկսէի…
ՉԱՓՍՈՍԱՅԻ՜…
ՉԱՓՍՈՍԱՅԻ՜…

—

Գրիգորեան տոմար – Օր` 9, Ամիս` Մայիս, Ամ` 2026
Հայկեան տոմար- Օր` Հրանդ, Ամիս` Մարերի, Յամի` ՏՇժԸ (4518)

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 11 2026)

Յաջորդը

Յարութիւն Քիւրքճեան Կամ Վարժեցում Ազատութեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.