Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հանրապետութեան նախագահը Ուաշինկթընի մէջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան խոչընդոտումը չի բացառեր, սակայն առնչակիցներուն փոխանցեց, թէ գործադրութեան երաշխաւորը նախագահ Թրամփն ու Միացեալ Նահանգներն են»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն տագնապի կառավարման փուլէն անցաւ շրջագծային համաձայնութեան բանաձեւի բոլոր յօդուածներով գործադրութեան ուժեղ մղում տալու փուլ, մեկնելով յստակ սկզբունքէ մը` պետութեան իշխանութեան տարածման ու զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելուն դիմաց իսրայէլեան աստիճանական հեռացման սկզբունքէն»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթ. «Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը պէտք է համաձայնին այն բանին շուրջ, թէ ի՛նչ պէտք է պատահի, որպէսզի Իսրայէլ Լիբանանէն հեռանայ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան իր գրաւը գրեթէ ամբողջական կերպով կը դնէ Ուաշինկթընի ղեկավարած հոլովոյթին վրայ, մանաւանդ մօտենալովը նախագահի Սպիտակ տուն այցելութեան, որ կը սպասուի, որ առանցքային փուլ մը ըլլայ` գործնական փուլի քաղաքական ծածկոյթի ապահովման համար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հռոմի ժողովը յանձնախումբերը պիտի ճշդէ, իսկ իւրաքանչիւր յանձնախումբի անդամներուն ճշդումը ժողովէն ետք տեղի պիտի ունենայ, եւ իւրաքանչիւր երկիր իր ներկայացուցիչը կը նշանակէ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան որոշեց մասնակցիլ Հռոմի մէջ բանակցութիւններու փուլին, անոր բնոյթին վերաբերեալ ամերիկեան բացատրութիւններ եւ Ուաշինկթընի ներկայութեան հաստատում ստանալէ ետք: Ամերիկեան ներկայացուցչութեան մակարդակը տակաւին չէ վճռուած եւ կը շարունակէ քննարկման նիւթ ըլլալ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահական պալատը իր գրաւը կը դնէ 15 եւ 16 յուլիսին որոշուած բանակցութիւններու նոր փուլին վրայ, եւ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի պարզապէս մտադրութիւններու լուրջ քննութիւն մը ըլլալէն դէպի սկզբունքներու ամրապնդումի եւ գործադրութեան մեքանիզմներու քննարկում անցման փուլի վերածուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ժոմպլաթի եւ Ժահժահի միջեւ զինադուլի համաձայնութեան շուրջ վէճը աւելի պիտի չբարդանայ, սակայն շրջագծային համաձայնութեան շուրջ տարակարծութիւնը հաւանական է, որ մագլցում արձանագրէ, մանաւանդ Ժոմպլաթի յայտարարած վերջին կեցուածքէն ետք»:

. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զինադուլի համաձայնութիւնը կը նկատէ սկզբնաղբիւր մը, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ հետագայ դասաւորումի մեկնակէտը պէտք է ըլլայ»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Իշխանութիւնը այլեւս ազգային գետնի վրայ պաշարուեցաւ, շրջագծային համաձայնութեան նկատմամբ լայն ընդդիմութենէն ետք, որ շրջանցեց համայնքային պատկանելիութիւնը, երբ շատեր անդրադարձան, թէ անիկա սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին կը հակասէ եւ Լիբանանի ռազմավարական շահերուն կը վնասէ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Վանսի հսկողութեան տակ ժրաջան բանակցութիւններու արդիւնք եղող փոխըմբռնման յուշագիրը ջանաց վերահսկողութեան տակ պահել մագլցումը եւ Իրանի հետ պատերազմէն ետք շրջանային վարմունքի կանոններ մշակել»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 14000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.221.000 լ.ո.-ի եւ 2.239.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 32000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.812.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.099.000 լ.ո.:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարին

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոք. «Այս Անիծեալ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Մէկ Կողմէ Պարտադրուած Է Եւ Կարելի Չէ Զայն Գործադրել»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.