Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Մեր Նպատակը Պատերազմը Չէ. Եւ Եթէ Նաւերու Իրանեան Ռմբակոծումը Կրկնուի, Կացութիւնը Շատ Աւելի Վատ Պիտի Ըլլայ»

July 10, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ես Իրանի կողմէ թիրախաւորուածներուն թիւ մէկն եմ, որեւէ այլ անձէ առաջ»:

«Իրան 3 նաւեր թիրախաւորեց եւ ոչ թէ երկու: Որեւէ ապագայ յարձակումի շատ աւելի հզօր կերպով պիտի հակադարձենք», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանին չափազանց կարծր հարուած հասցուցինք, եւ ամէն անգամ, որ մեր վրայ յարձակում շղթայազերծեն, մեր հակադարձութիւնը միշտ քսանապատիկը պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

«Անցեալ գիշերուան մեր հարուածները վճռական էին, եւ այսօր տեղի ունեցած յարձակումները պարզապէս վրէժխնդրական հակազդեցութիւն են», աւելցուց Թրամփ:

«Քիչ առաջ հեռաձայն ստացանք, եւ Իրան շատ կը ջանայ մեզի հետ կարգաւորման գործարք կնքել», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Գործարք կնքելու մէջ Իրանի լրջութեան կը կասկածիմ եւ վստահութիւն չունիմ, որ ապագային որեւէ գործարք պիտի յարգեն»:

«Մեր նպատակը պատերազմը չէ, այլ իրանեան հիւլէական զէնքի ամբողջական զինաթափումն ու Թեհրանին հիւլէական զէնքեր ձեռք բերելը արգիլելը», ըսաւ ան:

«Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք բերել արգիլելը պէտք է բոլորին զօրակցութիւնը վայելէ», աւելցուց Թրամփ:

«Ամերիկեան հարուածը Թեհրանի կողմէ նաւերու ռմբակոծման հակադարձութիւն է, եւ եթէ անիկա կրկնուի, կացութիւնը շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ», շեշտեց Թրամփ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ չորեքշաբթի գիշերուան հարուածները մէկ օր առաջ աւելի քան 80 դիրքեր թիրախաւորած հարուածներէն աւելի լայնածաւալ էին:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնի հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «Յարձակում գործեցինք իրանեան զինուորական շուրջ 90 թիրախներու վրայ, որոնք ներառեցին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ ծովեզերքի հսկողութեան վայրեր: Թիրախաւորեցինք հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստաւորման դիրքեր եւ իրանեան ծովեզերքի երկայնքին ծովային կարողութիւններ ու զինուորական ծառայութիւններու ենթակառոյցներ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Նոր արշաւի տեւողութիւնն ու զօրութիւնը ամբողջովին կախեալ է Թեհրանի որդեգրելիք յառաջիկայ քայլերէն: Յարձակումներու շարունակութիւնը կախեալ է այն բանէն, թէ Իրան պիտի շարունակէ՞ Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրական նաւերու վրայ իր յարձակումները: Իրանցիները քիչ մը պիտի ապտակենք, որպէսզի գիտնան, թէ կատակ չենք ըներ»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, թէ Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ զինուորական ռազմակայաններ թիրախաւորած է:

Իրանի Խուզիստանի փոխնահանգապետը իրանեան լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Ահուազ շրջանի մերձակայքը գտնուող դիրքերուն վրայ ամերիկեան յարձակումին հետեւանքով 3 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են:

Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Երէկ եւ այսօր ամերիկեան յարձակումները թիրախաւորեցին հինգ նահանգներ եւ պատճառ դարձան 14 զոհերու եւ 78 վիրաւորներու արձանագրման»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը «Քրուզ» հրթիռով երկրի հիւսիսը գտնուող Կիւլիստան նահանգի Աքքալա քաղաքի կամուրջին վրայ դիրքեր թիրախաւորած են:

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու հարուածած կամուրջը երկիրը Ռուսիոյ եւ Չինաստանին կապող փոխադրամիջոցային միջանցքին մաս կը կազմէ: Այդ ճամբով Ռուսիայէն բեռներ կը մատակարարուէին Իրան:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, թէ ամերիկեան օդուժը Իրանի մէջ գնացքի երկու կամուրջներ ռմբակոծած է:

Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչին յղում կատարելով հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերը երէկ կէսօրէ ետք հարուածներ հասցուցած են Իրանի այն շրջաններուն, որոնք «Պուշեհր» հիւլէական կայանին մօտ են:

Յարձակումի ենթարկուած են Պուշեհր նահանգի քանի մը կառոյցներ, ներառեալ նոյնանուն հիւլէական կայանի շրջակայքը:

Ղալիպաֆ. «Յստակօրէն Կ՛ըսեմ` Եթէ Հարուածէք, Հարուածներ Պիտի Ստանաք»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցը միայն իրանեան դասաւորումներով պիտի բացուի, եւ ոչ թէ` ամերիկեան սպառնալիքներով»:

«Ամերիկան տակաւին չսորվեցաւ, թէ խուլիկանութիւնն ու խոստմնադրժութիւնը առանց գինի պիտի չըլլան, եւ յստակ կերպով պիտի ըսեմ` եթէ հարուածէք, հարուածներ պիտի ստանաք»:

Իրանցի դիւանագէտ մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Թեհրանի հետ առանց համակարգումի նաւարկման միջանցք ստեղծելով խաղաղութեան համաձայնութիւնը խախտեց:

«Միացեալ Նահանգներու համաձայնութիւնը խախտելը կ՛արդարացնէ նաւարկման շարժումին վրայ կրակ բանալու Իրանի որոշումը», նշեց դիւանագէտը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ Թեհրանը Միացեալ Նահանգներու հետ վերջնական համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի չսկսի, քանի տակաւին Ուաշինկթընը կը շարունակէ Իրանին սպառնալ:

Ան նաեւ զգուշացուց, որ Միացեալ Նահանգներու որեւէ նոր զինուորական հարուած նախկինէն աւելի լայնածաւալ պատասխան պիտի ստանայ:

 

Նախորդը

Հարաւային Չինաստանի Մէջ Ողողումներու Պատճառով 39 Զոհ

Յաջորդը

Պայրամով. «Կ՛ակնկալենք, Որ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Տարածքային Պահանջները Պիտի Հեռացուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.