. ԿԻՊՐՈՍԻ նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես Նիկոսիոյ մէջ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Կիպրոս հետաքրքրուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին յաջորդող փուլը քննարկելու համար Լիբանանի հետ Ֆրանսայի մասնակցութեամբ բջիջի մը ստեղծման հարցով:
. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւնը Իրան-Միացեալ Նահանգներ փոխըմբռնման յուշագիրի Լիբանանին վերաբերող բաժինը դարձուց ոչ անհրաժեշտ»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Նեթանիահուի հետ հանդիպում տեղի պիտի չունենայ, եւ նախագահ Աուն տակաւին այդ հանդիպումը կը մերժէ, մինչ նախագահի աշխատանքային խումբը սկսած է պատրաստել բանակցութիւններու օրակարգը ենթահողին վրայ քանի մը զարգացումներու, որոնցմէ առաւել նշանակալիցն է Աունի այցելութեան զուգադիպող Նեթանիահուի Ուաշինկթըն հաւանական այցելութեան մասին խօսակցութիւնը»:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ». «Լաւատեղեակ աղբիւրներ 26 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ շրջագծային համաձայնութեան ստորագրութիւնը կապեցին նախագահ Աունի 21 յուլիսին Սպիտակ տուն այցելութեան, որովհետեւ ստորագրութիւնը Աունի եւ Թրամփի միջեւ առաջին հանդիպումը նախորդող անհրաժեշտ գործնական քայլ է»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն. «Քաղաքական աշխատանք կը տարուի բարեփոխելու շրջագծային համաձայնութեան վիճայարոյց կէտերը, եւ նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը կրնայ անոր նախաքայլը ըլլալ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանան կը պատրաստուի Հռոմի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններու փուլին մասնակցելու, մինչ մտավախութիւն գոյութիւն ունի, որ բանակցութիւններու վայրի Ուաշինկթընէն Իտալիոյ մայրաքաղաք տեղափոխութիւնը ամերիկեան ուղղակի ճնշումի կշիռէն ազատելու իսրայէլեան փորձ մըն է»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նեթանիահուի ամէնէն մօտ ժամանակին իրագործել ուզած նպատակը Ալի Թահեր բլուրին գրաւումն է, եւ նախքան այդ նպատակի իրագործումը ան շրջագծային համաձայնութենէն որեւէ կէտ պիտի չգործադրէ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի բռնագրաւուած շրջանին մէջ հաստատեց շուրջ 23 նոր կեդրոններ, որոնք կը պարունակեն հրետանիի դիրքեր, զինուորական մեքենաներու պաշտպանութեան փոսեր եւ ելեկտրոնային սարքեր, ներառեալ հակաօդային պաշտպանութեան դիւրին տեղափոխելի համակարգեր»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ուալլա» կայքը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածներէն ետք Իրանէն ու Լիբանանէն որեւէ բեմագրութեան կը պատրաստուի:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ազդեցիկ շարք մը պետութիւններու հետ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան` Լիբանանը զերծ կացուցելու ներքաշուելէ պատերազմին մէջ, եթէ անիկա ծագի, սակայն բարդութիւնը Հըզպալլայի մօտ է, որովհետեւ վերջինիս ու նախագահական պալատին միջեւ հաղորդակցութիւնները դադրած են»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ, մէջբերելով Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպանը, «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն. «Ան Հարիրիին կողմնակից նկատուող անձնաւորութիւններուն հետ իր նախորդին «նուրբ» վերաբերմունքը պիտի չցուցաբերէ եւ աւելի խիստ կերպով պիտի աշխատի «հարիրիականները» իշխանութեան դիրքերէ հեռացնելու»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռիտա Շիպանիի ճակատագիրը կապուած է 24 յուլիսին` Լիբանան մուտքի անոր արտօնագիրի ժամկէտի աւարտին, սակայն այդ թուականէն ետք տեղի ունենալիքը պաշտօնապէս չէ վճռուած:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի բանակի հրամանատարին այցելութեան նպատակը բանակի շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան մէջ ներքաշման մերժումն է, մանաւանդ որ անիկա նախարարաց խորհուրդին կողմէ չվաւերացուեցաւ: Շրջագծային համաձայնութիւնը կը ներառէ բանակին յանձնարարել ամերիկեան հսկողութեամբ զէնքի մենաշնորհում կատարել չբռնագրաւուած տարածքներու մէջ»:
. ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար կը յայտնէ, որ Թրիփոլիի մէջ շուրջ 600 շէնքեր փուլ գալու վտանգ կը դիմագրաւեն:


