Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայան. «Նախագահ Աունի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան սկզբունքային թուականը 21 յուլիս է»:

. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթեր. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի 14 եւ 15 յուլիսին, Հռոմի մէջ»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած է. «Ուաշինկթըն այն կարծիքը ունի, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած շրջագծային բանաձեւի գործադրութեան հոլովոյթի մեկնարկման ժամանակը հասած է, եւ ատիկա չափազանց անհրաժեշտ կը նկատէ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Շարք մը արեւմտեան երկիրներ աշնան զինուորական մագլցումի հաւանականութիւնը կը նկատեն ամէնէն հաւանական բեմագրութիւնը, ոչ թէ այն պատճառով, որ պատերազմ սկսելու որոշումը տրուած է, այլ այն պատճառով, որ նախորդ երկու պատերազմները նախորդած երեւոյթները նշանակալից կերպով կը կրկնուին»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի ներկայ գնահատականը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ, թէ ժամանակը Թել Աւիւի օգտին չ՛ընթանար, եւ որ Լիբանանի մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը արդիւնաւէտօրէն կ՛ամրապնդէ այն հաւասարակշռութիւնը, որ Իսրայէլը, կը կարծէ, այլեւս պատրաստ չէ ընդունիլ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանին փոխանցուեցաւ, թէ Իսրայէլ նախնական հեռացումներու գործադրութիւնը կը կապէ բանակին կողմէ պաշտօնական յայտարարութեան մը, թէ պատրաստ է ապահովական յաւելուածի կէտերը գործադրելու, եւ թէ պատրաստ է գործադրելու առաքելութիւնը վերահսկելու այն գիւղերուն, ուրկէ իսրայէլեան բանակը պիտի հեռանայ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատասխանատու աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Գետնի վրայ իսրայէլեան կողմէն չտեսանք որեւէ քայլ, որ շրջագծային բանաձեւին մէջ ճշդուած շրջաններէն հեռացում ցոյց կու տայ: Ընդհակառակն, դիտաւորեալ կերպով լարուածութեան ու մագլցումի կշռոյթի բարձրացում տեղի կ՛ունենայ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ապահովական կողմերը քաղաքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին քրիստոնէական գիւղերուն այդ սպառնալիքները լուրջի առնելու, որովհետեւ անոնք կրնան, իրականութեան հետ որեւէ կապ չունեցող երեւակայածին պնդումներու հիմամբ, իսրայէլեան ապահովական կամ զինուորական յարձակումի նախաբան ըլլալ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին ճամբով կը զգուշացնէ Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ ու ներքին կողմերու քողին տակ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու համար յատկացուած վաթսունօրեայ ժամկէտը առանց «շրջագծային բանաձեւ»-ի առաջին փուլի գործադրման ձեռնարկման անցնելու»:

. ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա յարաբերութեան ընթացքին հետեւող աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիոյ նախագահ Շարհի նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի հետ հանդիպումները քաղաքական հանգիստ յարաբերութեան կամ հաղորդակցութեան ազդու խողովակներու ստեղծման չյանգեցան, եւ Շարհ նախագահ Աունի կարգ մը մօտեցումներուն նկատմամբ իր վերապահութիւնները չի ծածկեր»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Ռայի պատրիարքին հետ շաբաթավերջին ունեցած հանդիպումը որոշ չափով պաղ էր եւ ջերմութեան որեւէ նշանէ զուրկ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակէն զինուորական աղբիւր մը կը հերքէ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու կողմէ շրջանառուող այն լուրը, թէ իսրայէլեան կողմը յանձնած է ցանկ մը սպաներու անուններու եւ պահանջած հարաւային Լիբանանի մէջ անոնց ներկայութիւնը արգիլել` ընդգծելով, որ լուրը կեղծ է:

. ԵԱՐԶԷԻ մթնոլորտին ծանօթ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարութիւնը այլեւս չէ ընդունած եւ պիտի չընդունի արտաքին կողմերու քննութեան ենթակայ ըլլալ, եւ չէ հետաքրքրուած որեւէ ապահովական յաւելուածով, որուն չէ ծանօթացած կամ հաւանութիւն տուած: Ան հետաքրքրուած է լիբանանցիներն ու անոնց գիւղերը պաշտպանելու իր ազգային պարտականութեան կատարումով»:

. ԱԿԱՆԱՒՈՐ քաղաքական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ ուղղակի կապը կը մնայ խզուած, որովհետեւ նախագահներ Աունն ու Պըրրին կառչած կը մնան շրջագծային համաձայնագիրի վերաբերեալ իրենց դիրքորոշումներուն, այդ պատճառով ալ ներկայիս որեւէ հաղորդակցութիւն անօգուտ կը դառնայ»:

. ՏԱՐ Ֆաթուայի հարցերուն առնչակիցներ «Ախպար» օրաթերթին. «Արաբական որոշում տրուած է հանրապետութեան միւֆթին իր պաշտօնէն հեռացնելու` անոր պաշտօնավարման ժամկէտի երկարաձգման առնչուած իրաւական ճգնաժամի պատճառով, եւ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` անոր պաշտօնավարումը արժանապատիւ կերպով աւարտելու առումով լուծում գտնելու»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 13000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.207.000 լ.ո.-ի եւ 2.225.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 15000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.780.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 28000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.099.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Նշմար. Կարմիր Քարտի Բեկանում…

Յաջորդը

Ժրատէ Երկխօսութեան Սեղանի Շուրջ Նստելու Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.