Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Յատուկ Նիստ

July 7, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները գումարեցին յատուկ նիստ, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 6 յուլիս, 2026-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանային, լիբանանեան, հայաստանեան եւ համայնքային խնդիրներ, որոնց ուղղութեամբ ճշդեցին նաեւ ուղենշային կէտեր։

Ա․ Լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտը կը դիմագրաւէ հերթական դժուար փուլ՝ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու, դիւրաբեկ հրադադարի, Լիբանան-Իսրայէլ համաձայնութեան ընդառաջ ընթացող բանակցութիւններու առումներով։ Այս փուլին կը բացակայի քաղաքական եւ հասարակական դաշտին մէջ համալիբանանեան դիրքորոշումը։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ շեշտը դնելով ներլիբանանեան պառակտուածութեան ժխտական հետեւանքներուն վրայ, ընդգծեցին առաջնահերթ սկզբունքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ զինադադարի յարգում, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անզիջելիութիւն։ Այս զգայուն իրավիճակին մէջ հրամայական նկատուեցաւ ծայրայեղութիւններէ հեռու մնալը, ներլիբանանեան դաշտին մէջ բոլոր տեսակի սադրանքները մերժելը եւ բաժանարար գիծերը չխորացնելը՝ թէ՛ պետական եւ թէ՛ քաղաքացիական-հասարակական  շրջանակներուն մէջ։

Բ․ Լիբանանեան ճակատը նկատելով տարածաշրջանին մէջ զարգացող իրադարձութիւններու կարեւորագոյն հատուածը, ժողովականները լուսարձակի տակ առին Անգարայի նկրտումները՝ իրավիճակէն օգտուելով ազդեցութեան գօտիներ նուաճելու նպատակով։ Անկախ հռետորաբանական մակարդակի վրայ արձանագրուող  Իսրայէլ-Թուրքիա լարուածութենէն, արձանագրուեցան այն փաստերը, որոնք շրջանին մէջ երկու երկիրներու զուգահեռ թափանցումներու եւ զինուորական առկայութիւններու մասին կը վկայեն։ Առ այդ, կուսակցութիւնները իրենց քաղաքական դիրքորոշումներուն ընթացքին նկատի կ՛ունենան այս միտումները՝ զանոնք արծարծելով իրենց քաղաքական-յարաբերական հանդիպումներուն։

Գ․Իսրայէլի գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հանգամանքները քննարկելով, ժողովը հաստատեց անոր ընտրուած պահու քաղաքական մղումները, Իսրայէլ-Թուրքիա լարուող յարաբերութիւններու խորապատկերին վրայ։ Այդ հանգամանքներուն կը ներառուի Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին, Ազրպէյճանի հետ զարգացող թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ռազմական մարզերու մէջ համագործակցութիւնը։

Դ․Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները անդրադարձ կատարեցին նաեւ հայաստանեան իրադարձութիւններուն եւ ընդգծեցին, որ անկախ այնտեղ արձանագրուող իրադարձութիւններու նկատմամբ կուսակցութիւններու որդեգրած դիրքորոշումներէն, համահայկական հարցերու եւ առաջնային օրակարգերու շուրջ անխախտ կը մնան միջկուսակցական միացեալ կեցուածքները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման, Պաքուի մէջ անօրինաբար պահուող ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջներու եւ համապատասխան աշխատանքներու ուղղութեամբ։ Օրակարգի այս կէտի քննարկումով շեշտուեցաւ համահայկական օրակարգերու շուրջ Սփիւռքի այլ շրջաններու մէջ եւս հանդիպումներու ձեռնարկելու եւ համակարգուած աշխատելու հրամայականը։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները պիտի շարունակեն գումարել նիստեր, քննարկելով տարածաշրջանային, լիբանանեան, համասփիւռքեան-համահայկական օրակարգի կէտեր։

 

Նախորդը

Ակնարկ. «Բարի Կամեցողութեան» Բռնակցումի Ծրագիրը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 7 2026)

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.