«Թուր տը Ֆրանս»-ի երկրորդ հանգրուանին, Էմիրէյթց խումբի մարզիկներ Թատէյ Փոկաչար եւ Իզաք Տել Թորօ իրարու հետ հասան Մոնճուիքի վերջին բլուրը` գրաւելով առաջին երկու դիրքերը Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած այս հանգրուանին:
Երկրորդ հանգրուանը, որ սկսաւ Թարակոնայէն դէպի Մոնճուիք բլուրը, վերջ գտաւ Էմիրէյթց զոյգին տիրապետութեամբ, մանաւանդ վերջին քանի մը քիլոմեթրներուն: Մաթիա Սքիելմա վերջին 2 քիլոմեթրներուն փորձեց յարձակիլ, բայց մեքսիքացի երիտասարդ Տելթորօ իրմէ շատ արագ էր իր սլովենիացի խմբակից Փոկաչարի հետ: Փոկաչար կրցաւ զսպել Ռեմքօ Էվընըփուլը, որ գրաւեց 3-րդ դիրքը, եւ Եոնաս Վինկըկորը, մնաց դեղին շապիկաւոր: Տել Թորօ «Թուր տը Ֆրանս»-ի պատմութեան միայն 2-րդ մեքսիքացին է, որ կը շահի հանգրուան մը:
Առաջին անգամ ըլլալով Էմիրէյթց խումբէն երկու մարզիկներ կը գրաւեն «Թուր տը Ֆրանս»-ի հանգրուանի մը առաջին երկու դիրքերը:
Առաջին ժամացոյցի դէմ մրցումի հանգրուանէն ետք, որ շահած էր Վինկըկոր, Բ. հանգրուանի 168,5 քմ ճամբան բաւական դժուար էր, որ ունէր 2.500 մեթր ծովու մակերեսէն բարձր դիրքեր եւ բլուրներ: Մանաւանդ դժուար էր վերջին 12,2 քիլոմեթրը, ուր Փոկաչար – Տել Թորօ զոյգը շատ հանգիստ ձեւով հեռացան խմբակէն:
Ստորեւ` արդիւնքները.
1.- Իզաաք Տել Թորօ (Էմիրէյթց) 3 ժամ 40′ 01″
2.- Թատէյ Փոկաչար (Էմիրէյթց) նոյն ժամուն
3.- Ռեմքօ Էվընըփուլ (Ռետ Պուլ) նոյն ժամուն
4.- Եոնաս Վինկըկոր (Վիսմա) նոյն ժամուն
5.- Մաթիաս Սքիելմոս 03″ ուշ
Ընդհանուր դասաւորում
1.- Եոնաս Վինկըկոր 4 ժամ 01′ 48″
2.- Թատէյ Փոկաչար 06″ ուշ
3.- Ռեմքօ Էվընըփուլ 15″ ուշ
4.- Իզաաք Տել Թորօ 16″ ուշ
5.- Խուան Այուսօ 19″ ուշ


