Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկը Իր Տարեշրջանը Կը Փակէ Երկու Նոր Շրջանաւարտներով

July 6, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երկուշաբթի, 29 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Խորէն Ա. Կեդրոն»-ի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան սրահին մէջ Հայագիտական հիմնարկը իր ամավերջի հանդէսն ու շրջաւարտներու վկայագիրներու բաշխումը կատարեց:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան, որ անդրադարձաւ հիմնարկի առաքելութեան, այս տարեշրջանի ձեռքբերումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրապետական հովանաւորութիւնը շնորհելու կողքին, իր խրախուսանքն ու աջակցութիւնը տեւաբար կը յայտնէ հիմնարկին տարած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն վերաբերեալ: Ա. Շխրտըմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր աջակից  դասախօսական կազմին, որուն նուիրուածութեամբ հիմնարկը իր առաքելութիւնը ապահովաբար յառաջ կը տանի: Աւարտին խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, որոնք այս օճախին եռամեայ կրթութիւնը ստանալէ ետք իրենց առածը պիտի ընծայաբերեն իրենց շրջապատին եւ մեր ազգին:

Ապա շրջանաւարտ դասարանին անունով ուղերձ կարդաց Հելէն Յակոբեան-Թօփէեան: Ան յստակօրէն եւ յուզումնախառն ոճով արտայայտուեցաւ այն մեծ ներդրումին մասին, զոր Հայագիտական հիմնարկը ունեցած է իր կեանքին մէջ. ըստ շրջանաւարտ ուսանողին, հիմնարկը իր ուսանողներուն կը սորվեցնէ տիպար հայեր ըլլալու ուղին, մայրենի լեզուին հանդէպ նախանձախնդրութիւն եւ ազգային մշակութային արժէքներու ու հարուստ ժառանգութեան հետ հարազատ կապուածութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին երախտապարտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, հիմնարկի տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին:

Հուսկ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխումը: «Արամ Ա. կաթողիկոս» Հայագիտական հիմնարկը այս տարի ունեցաւ երկու շրջանաւարտ` Նորա Մարտոյեան-Պուտաքեան եւ Հելէն Յակոբեան-Թօփէեան: Շրջանաւարտները յաջորդաբար մօտեցան վեհափառ հայրապետին եւ համբուրելով անոր հայրապետական աջը` ստացան իրենց վկայագիրները:

Աւարտին ներկաներուն օրհնութեան խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ գնահատեց հիմնարկի տնօրէնութիւնն ու դասախօսական կազմը` իրենց տարած ազգանուէր եւ ժրաջան աշխատանքին համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ սփիւռքին մէջ սոյն հիմնարկին գոյութեան կարեւորութիւնը` դիտել տալով անոր եզակի ուսումնական հաստատութիւն ըլլալը: Վեհափառը իր խօսքին մէջ բարձրացուց հայոց լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտապանութեան հրամայականը. «Հայագիտական հիմնարկին մէջ յատուկ կարեւորութեան առարկայ պէտք է դառնայ հայոց լեզուն: Հայերէնը այն չէ, ինչ որ էր անցեալին. ան սկսած է աղարտիլ ու աղաւաղիլ: Հայերէնը պահելու ենք մաքուր եւ անաղարտ` իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ լեզուամտածողութեամբ»: Իր խօսքի վերջաւորութեան կաթողիկոսը շրջանաւարտներուն յայտնեց իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը:

Ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Մատենաշարի Ցանկի Ամբողջացման Աշխատանք

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. Ֆրանսայի Շրջավազքը Սկսաւ Պարսելոնայէն

RelatedPosts

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ
Գաղութային

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ

October 9, 2026
Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.