. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատին մէջ հանգստութեան մթնոլորտ տիրեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Շիպանիի այցելութենէն ետք, որ դրական էր, եւ որուն ընթացքին արծարծուեցան թղթածրարներ, որոնց մեծամասնութեան շուրջ տեսակէտներու համընկնում գոյութիւն ունէր»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Շիպանի փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհէն նամակ մը, որ կ՛ըսէ, թէ սուրիական ուժերը Լիբանան մուտք գործելու նպատակ չունին, եւ Դամասկոս կանգնած է դիմացը տնտեսական ու ապահովական ներքին մարտահրաւէրներու, որոնք այդ մէկը անկարելի կը դարձնեն»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Շիպանին յայտնեց, որ Դամասկոս Պէյրութի հետ կ՛ուզէ հաւասարէ հաւասար յարաբերութիւններ, քաղաքական ու ապահովական գործակցութիւն եւ համակարգում, որ կը փակէ հոգատարութեան նախկին էջը, եւ շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ոլորտներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Շիպանի քաղաքական հարցերու մէջ սակաւախօս էր եւ բաւարարուեցաւ նշելով, որ Լիբանանի կայունութիւնը Սուրիոյ կայունութիւնն է, եւ բացատրութիւն տուաւ նոր Սուրիոյ հայեցակարգի, երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ հակիրճ կերպով ներկայացուց Սուրիոյ ներքին իրավիճակը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Սուրիական կողմը մերժած էր, որ Շիպանի իր լիբանանցի պաշտօնակից Եուսեֆ Ռաժժիի այցելէ, եւ առաջարկած, որ հանդիպումը Պաապտայի պալատին մէջ ըլլայ, առանց որ Մեհրապ ուղղուելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաժահի հետ հանդիպելու արգելք ունենայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի թղթածրարը Մեհրապի մէջ արծարծուեցաւ. Շիպանի Ժահժահին յայտնեց, որ սահմաններուն վրայ վտանգը տակաւին գոյութիւն ունի եւ չէ աւարտած, սակայն չէ ճշդած անոր տարողութիւնն ու Սուրիոյ մէջ անոր ազդեցութիւնը, բայց զայն մտահոգութեան աղբիւր որակեց»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Սուրիացի պաշտօնատարները երբ հրաւէրը ստացան, նշեցին, որ դէմ չեն Թրիփոլի այցելելու, նկատի ունենալով անոր խորհրդանշական իմաստը, անոր բնակիչներուն սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելը, սուրիական յեղափոխութեան միանալն ու հարիւրներով իրենց կողքին կռիւին մասնակցիլը»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ, նախկին փուլերուն որդեգրուածին շրջագիծէն դուրս չէր, որովհետեւ փաստաթուղթը միջազգային վերջնական համաձայնագիր մը չէ եւ չի պարունակեր յանձնառութիւններ, որոնք կը պահանջեն զանոնք խորհրդարանին ներկայացնել, այլ շրջագծային համաձայնութիւն մըն է, որ բանակցութեան կանոնները կը ճշդէ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը չի պատրաստուիր ընդունիլ մուտք գործել Լիթանիէն հիւսիս գտնուող փորձառական շրջաններ, որովհետեւ չ՛ուզեր Լիբանանի բաղադրիչ մասերէն որեւէ մէկուն` Հըզպալլայի կամ ուրիշի հետ բախումի մէջ մտնել, մեկնելով այն սկզբունքէն, թէ կայունութեան պաշտպանութիւնը չափազանց մեծ առաջնահերթութիւն է»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակը կը մերժէ իր տեղակայուելիք շրջաններուն մէջ քննութեան եւ հսկողութեան ենթարկուիլ, եւ իր ընելիքի ստուգման հարցը տեղին չէ»:
-95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները 18000 լ.ո. նուազեցան եւ յաջորդաբար հասան 2.220.000 լ.ո.-ի եւ 2.238.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 40000 լ.ո. եւ հասաւ 1.795.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.127.000 լ.ո.:


