Լոնտոնի Թոթենհամ ակումբը, որ անցեալ եղանակին շատ դժուարութեամբ փրկուեցաւ Բ. դասակարգ իջնելէ, մէկ օրուան ընթացքին միջնապահ գիծը զօրացնելու համար «ծախսած է» աւելի քան 200 միլիոն եւրօ:
Ըստ յայտնի լրագրող Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Ուեսթ Համի փորթուգալցի միջնապահ Մաթէուս Ֆեռնանտեշի կողքին, Թոթենհամ ձեռք ձգած է նաեւ Նիւքեսըլի իտալացի միջնապահ Սանտրօ Թոնալին:
Աւելի կանուխ Ֆեռնանտեշի համար Թոթենհամ համաձայնած էր 99 միլիոն եւրօ (85 միլիոն սթերլինկ փաունտ) վճարել, մինչ Թոնալիի փոխանցման գինը կը գնահատուի 117 միլիոն եւրոյով: Այս ձեւով իտալացի մարզիկին փոխանցումը կը դառնայ Թոթենհամի պատմութեան ամէնէն թանկարժէքը:


