Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճշմարտութիւնը Չի Լռեր

July 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան մէջ կան պահեր, երբ  պետական որոշում մը կը գերազանցէ դիւանագիտական իրադարձութեան սահմանները եւ կը վերածուի բարոյական վկայութեան: Այդպիսի պահ մըն է, երբ պետութիւն մը կը համարձակի խոնարհիլ պատմական ճշմարտութեան առջեւ` հակառակ քաղաքական հաշիւներուն, ճնշումներուն կամ ժամանակաւոր շահերուն:

Եթէ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ամբողջութեամբ իրագործուի, անիկա պիտի արձանագրուի ոչ միայն իբրեւ քաղաքական քայլ, այլ նաեւ յարգանքի տուրք` ճշմարտութեան, յիշողութեան եւ մարդկային խղճմտանքին, որովհետեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը  չի մաշիր ժամանակի մէջ, իսկ պատմական արդարութիւնը երբեք չի կորսնցներ իր  հատուցումը:

Սակայն, ինչպէս սպասելի էր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակադարձեց: Իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ անգամ մը եւս խուսափեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրէն` գործածելով տարիներէ ի վեր կրկնուող «1915 թուականի իրադարձութիւններ» արտայայտութիւնը: Աւելի՛ն. փորձեց ամբողջ հարցը տեղափոխել ուրիշ հարթութիւն` զայն կապելով Կազայի պատերազմին, Իսրայէլի ներկայ քաղաքականութեան եւ վարչապետ Նեթանիահուի դէմ ուղղուած միջազգային մեղադրանքներուն:

Այս արձագանգը չի պարունակեր որեւէ նորութիւն:

Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հիմնուած է ոչ թէ պատմական փաստերուն պատասխանելու, այլ` քննարկման առանցքը փոխելու վրայ: Երբ աշխարհը կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, Անգարա կը փորձէ խօսակցութիւնը փոխարինել այլ հարցերով` մերթ պատմաբաններու յանձնաժողովներ առաջարկելով, մերթ աշխարհաքաղաքական շահերու մասին խօսելով, իսկ այսօր` Միջին Արեւելքի ներկայ հակամարտութիւնը առաջնագիծ մղելով:

Այս մօտեցումը, սակայն, չի փոխեր հիմնական իրողութիւնը:

Պատմական ճշմարտութիւնը կախեալ չէ օրուան քաղաքական զարգացումներէն: Ան չի փոխուիր կառավարութիւններու փոփոխութեամբ, միջազգային դաշինքներու վերադասաւորումով կամ տարածաշրջանային պատերազմներով: Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը հիմնուած են բազմահազար փաստաթուղթերու, դիւանագիտական հաղորդագրութիւններու, վերապրողներու վկայութիւններու եւ տասնամեակներու պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ:

Հետեւաբար հարցը այն չէ, թէ այսօր ո՛ր պետութիւնը կը ճանչնայ կամ ո՛վ կը մերժէ: Հարցը այն է` պատմութիւնը ի՛նչ կը վկայէ:

Թուրքիոյ յայտարարութեան մէջ ուշագրաւ է նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը: Ան կը մեղադրէ Իսրայէլը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական քայլ է` ուղղուած սեփական դժուարութիւնները ծածկելու:

Թերեւս կարելի է ընդունիլ, որ պետութիւններու արտաքին քաղաքական որոշումները յաճախ կ՛ազդուին քաղաքական հաշիւներէ: Սակայն նոյն տրամաբանութեամբ պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ տասնամեակներ շարունակ բազմաթիւ պետութիւններ չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, այն պատճառով, որ պատմական փաստերը կը բացակային, այլ` Թուրքիոյ հետ իրենց ռազմավարական եւ քաղաքական շահերը չվտանգելու նպատակով:

Այսինքն` եթէ գոյութիւն ունի քաղաքականութիւն, անիկա կը վերաբերի ոչ միայն ճանչնալու, այլ նաեւ` չճանչնալու:

Ուստի պատմութիւնը քաղաքականացնելու մեղադրանքը չի կրնար ծառայել իբրեւ ժխտողականութեան հիմնաւորում:

Հայաստանի համար այս իրավիճակը կը պահանջէ պետական հասունութիւն, ազգային ինքնավստահութիւն եւ սկզբունքային հետեւողականութիւն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք չէ պահուըտի թեմայի քաղաքականացման եւ խաղաթուղթի վերածուելու իրականութիւններուն ետին` արտաքին քաղաքականութենէն դուրս բերելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, ինչ որ նաեւ Անկախութեան Հռչակագիրով պարտաւորութիւն է մեր  պետութեան համար:

Հայաստանը ինք եւս պէտք է շարունակէ անշեղօրէն պաշտպանել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ժխտողականութեան դէմ պայքարի եւ պատմական արդարութեան օրակարգը` զայն դիտելով ոչ թէ անցեալին վերաբերող հարց, այլ` հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն ու յիշողութեան անբաժանելի մասը:

Հայաստան  միաժամանակ պէտք չէ ներքաշուի այլ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններուն մէջ կամ թոյլ տայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը շահագործուի օրուան քաղաքական մրցակցութիւններուն մէջ: Ընդհակառակը, ան պէտք է հաստատէ, որ պատմական ճշմարտութիւնը վեր է բոլոր ժամանակաւոր քաղաքական հաշիւներէն:Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ ուղղուած որեւէ ժողովուրդի դէմ: Ան ուղղուած է մոռացութեան, անպատժելիութեան եւ ժխտողականութեան դէմ:

Միջազգային ճանաչումները կը յիշեցնեն նաեւ Հայաստանի պետական պատասխանատուութիւնը: Երբ այլ պետութիւններ պատմական արդարութեան ուղղութեամբ քայլեր կ՛առնեն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս կոչուած է երբեք չթուլացնելու իր ձեռներէցութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պայքարը չի կրնար առաջնորդուիլ միայն սփիւռքի, պատմաբաններու կամ օտար խորհրդարաններու ջանքերով. ան պէտք է նաե՛ւ մնայ Հայաստանի պետական քաղաքականութեան անսասան հիմնասիւններէն մէկը:

Այսօր եւս  Թուրքիա կը շարունակէ օգտագործել նոյն բառապաշարը, նոյն ժխտողականութիւնը եւ նոյն քաղաքականութիւնը: Սակայն աշխարհի վերաբերմունքը կը  փոխուի աստիճանաբար: Աւելի ու աւելի պետութիւններ, խորհրդարաններ, համալսարաններ եւ գիտական հաստատութիւններ կը հաստատեն այն, ինչ պատմութիւնը վաղուց արձանագրած է:

Այս համածիրին մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է ցցուն հակասութիւնը:  Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մարդասիրական արժէքներու, պատերազմական ոճիրներու դատապարտման եւ միջազգային իրաւունքի պաշտպանութեան մասին կը խօսի` շրջանցելով Կազայի մէջ կատարուող արիւնալի իրադարձութիւնները, ուր տասնեակ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ զոհ գացին կամ ծանր տառապանքներու ենթարկուեցան, տեղահանուեցան, հայրենազրկուեցան: Այս իրողութիւնը աւելի ուշագրաւ կը դառնայ, երբ նկատի առնուի, որ միջազգային իրաւական ատեաններու մէջ Իսրայէլի գործողութիւններուն վերաբերեալ ծանր մեղադրանքներ եւ դատական գործընթացներ գոյութիւն ունին: Նոյնպէս, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը պնդէ, որ Թուրքիա պատմութեան ընթացքին ո՛չ ցեղասպանութիւն գործած է եւ ո՛չ ալ` ուրիշ ժողովուրդներու հողերը գրաւած, անխուսափելիօրէն կը ծագի հարցումը. եթէ այդպէս է, ապա ո՞վ կազմակերպեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ո՞վ բնաջնջեց արեւմտահայութեան մեծ մասը, եւ ո՞վ զայն բռնագաղթի ու հայրենազրկման մատնեց իր հազարամեայ հայրենիքին մէջ:

Այս բոլորը կը յուշեն, որ մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան եւ բարոյական արժէքներու մասին հնչող յայտարարութիւնները աւելի համոզիչ կը դառնան, երբ անոնք կը զուգորդուին սեփական անցեալի եւ ներկայի հանդէպ անկեղծ պատասխանատուութեամբ: Հակառակ պարագային, բարոյական դատողութիւնները կը կորսնցնեն իրենց ազդեցութիւնը եւ կը վերածուին քաղաքական շահերու ծառայող ընտրովի սկզբունքներու:

Ի վերջոյ, ճշմարտութիւնը  չունի պետական սահմաններ: Ան ենթակայ չէ դիւանագիտական պայմանագիրներու: Անոր արժէքը չի չափուիր տնտեսական շահերով, ռազմական դաշինքներով,  կամ ժամանակաւոր քաղաքական շահարկումներով:

Ժամանակը կրնայ երկարաձգել արդարութեան ճանապարհը, բայց չի կրնար ջնջել ճշմարտութիւնը: Կայսրութիւններ կործանած են, իշխանութիւններ փոխուած են, սահմաններ վերաձեւուած են, բայց պատմութիւնը տակաւին կը շարունակէ վկայել այն, ինչ շատեր փորձած են լռեցնել:

Ժխտողականութիւնը կրնայ փոխել իր բառապաշարը, կրել նոր քաղաքական դիմակներ եւ փորձել մշուշի մէջ պահել պատմութիւնը: Սակայն ճշմարտութիւնը ո՛չ կը վաճառուի, ո՛չ կը մոռցուի, ո՛չ ալ կը լռեցուի: Ան կը շարունակէ ապրիլ փաստերուն մէջ, ժողովուրդներու յիշողութեան մէջ եւ մարդկային խղճմտանքին մէջ: Ճշմարտութիւնը, որքան ալ ուշանայ, իր ժամուն կը խօսի լուռ, բայց` անժխտելի ձայնով:

Որովհետեւ, ի վերջոյ, ճշմարտութիւնը չի լռեր:

 

 

 

Նախորդը

Օր Վերանայումի

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյլըն Պրաուն Միացաւ 76-Ըրզին

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.