Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարիւրամեակը` Յիշատակում Եւ Ազգային Ռազմավարութեան Նոր Տեսլական

July 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

25-28 յունիս  2026-ին կիպրացի ժողովուրդը, բայց մանաւանդ հայկական գաղութը ապրեցան զգացական ջերմ օրեր`յիշատակելով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակը: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Կիպրոս ժամանեցին Մելգոնեանի նախկին աշակերտներ թէ շրջանաւարտներ, որոնք իրենց զգացումները միացուցին տեղական գաղութին եւ ստեղծեցին շատ գեղեցիկ «ապրող» օրեր` արժեւորելով վարժարանին դերը անոր ծաւալած ազգային-կրթական մեծ առաքելութեան ընդմէջէն` պատմութեան տարբեր հոլովոյթներու ընթացքին: Մեծ «Պրաւօ՛» մը կիպրահայ գաղութին, որ շատ գեղեցիկ եւ բծախնդիր կերպով կազմակերպած էր հանդիսութեան այս օրերը` ստեղծելով յիշատակելի մթնոլորտ բոլորին համար:

Բայց հարկ է զգացական մթնոլորտէն եւ գեղեցիկ յիշատակումներէն անդին անցնիլ` դէպի գործնական եւ ազգային համասփիւռքեան ռազմավարութեան  նոր տեսլականի մը անհրաժեշտութիւնը եւ գրաւականը: Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը պարզապէս անցեալի փառքը յիշելու առիթ մը պէտք  չէ ըլլայ: Անիկա նաեւ ազգային նոր ռազմավարութեան մը ստեղծելու պահն է: Այս օրերուն, երբ մեծ թիւով մելգոնեանցիներ, նախկին ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հայորդիներ համախմբուեցան յիշողութիւններու, զգացումներու եւ երախտագիտութեան շուրջ, անհրաժեշտ է, որ այս ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտը վերածուի գործնական ազգային ռազմավարութեան: Հարցը այլեւս միայն Մելգոնեանի պատմութիւնը չէ, այլ` Մելգոնեանի միջոցով եւ անոր հետ համասփիւռքեան ազգային ռազմավարութեան մը տեսլականի-ապագայի մասին մտածելու առիթ:

Երկար տարիներ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եղաւ սփիւռքահայութեան համահայկական կրթական յաջող փորձառութիւններէն մէկը: Ան ոչ միայն դպրոց էր, այլ նաեւ` ազգային դարբնոց, ուր տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդներ կը սորվէին ապրիլ իրարու հետ, կը կազմաւորէին ազգային ինքնութիւն եւ կը պատրաստուէին ծառայելու իրենց գաղութներուն ու համայնքներուն: Անիկա կը մարմնաւորէր այն գաղափարը, որ սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն է, եւ անոր զաւակները պէտք է դաստիարակուին համազգային տեսլականով:

Այսօր սփիւռքի իրականութիւնը եւս փոխուած է: Տասնամեակներ շարունակ կարծեցինք, թէ սփիւռքը ժամանակաւոր վիճակ մըն է, որ օր մը պիտի աւարտի զանգուածային վերադարձով: Ներկայիս պատմութեան ընթացքը ուրիշ ուղղութեան մը մէջ է: Այսօր արդէն յստակ է, որ սփիւռքը(ներ) կը դառնայ-կը դառնան հայ ժողովուրդի մնայուն ներկայութիւններէն մէկը: Անոր-անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները` ձուլում, լեզուի կորուստ, ինքնութեան նահանջ եւ ազգային կառոյցներու տկարացում, պահանջ կը ներկայացնեն նոր մտածողութեան-ռազմավարութեան մը եւ զայն իրականացնելու համար ստեղծելու նոր հիմնարկ-միաւորներու:

Այս պայմաններուն մէջ Մելգոնեանի վերաբացումը պէտք է դիտուի ոչ թէ իբրեւ զգացական արդարացում կամ անցեալի սխալ(՞) որոշումէ ետդարձ, այլ` իբրեւ ազգային ռազմավարական անհրաժեշտութիւն: Համասփիւռքեան կրթական կեդրոնի մը գոյութիւնը կրնայ դառնալ այն առանցքը, որուն շուրջ պիտի վերակազմակերպուի ապագայի սփիւռքեան ղեկավարութեան պատրաստութիւնը: Այսպիսի հաստատութիւն մը կրնայ ընդունիլ աշակերտներ աշխարհի տարբեր գաղութներէն, զանոնք կրթել բարձր մակարդակով, ամրապնդել հայերէնը, ազգային գիտակցութիւնը եւ ծառայութեան ոգին, ապա վերադարձնել զանոնք իրենց համայնքները` իբրեւ պատրաստուած առաջնորդներ, մարդուժ: Հայկական մնայուն սփիւռք-սփիւռքներու համար պէտք է արտադրել ազգային նոր մշակոյթ ու դիմագիծ, որ կը համընկնի աշխարհի ստեղծած նոր իրավիճակներուն:

Այս իմաստով վերաբացումը ինքնանպատակ չէ ու չի կրնար ըլլալ: Անիկա պէտք է հիմնուի ժամանակակից տեսլականի վրայ: Նոր Մելգոնեանը պէտք է ըլլայ ոչ միայն երկրորդականի ուսման կրթական հաստատութիւն, այլ նաեւ` ուսուցիչներու պատրաստութեան կեդրոն, սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու օճախ, երիտասարդական առաջնորդութեան ակադեմիա եւ համահայկական համագործակցութեան հարթակ: Այսօրուան աշխարհը կը պահանջէ նոր հմտութիւններ, նոր կրթական մօտեցումներ եւ նոր ցանցեր, որոնց ստեղծման մէջ Մելգոնեանը կրնայ դարձեալ առաջատար դեր ստանձնել:

Բնականաբար այսպիսի ծրագիր մը կը պահանջէ քաղաքական կամք, ազգային համաձայնութիւն եւ նիւթական մեծ միջոցներ: Բայց ամէնէն առաջ կը պահանջէ հաւատք, որ սփիւռքը արժանի է երկարաժամկէտ ներդրումի: Եթէ կը հաւատանք, որ սփիւռքը պիտի շարունակէ մնալ հայկական իրականութեան հիմնական եւ մնայուն սիւններէն մէկը, ապա չենք կրնար զայն ձգել առանց համազգային կրթական, մշակութային եւ ազգային կեդրոն ու հիմնարկներու ծրագրումին:

Այս բոլորին վրայ արժէ աւելցնել Մելգոնեանի աշխարհագրական դիրքը եւ վայրը: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, որ Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամ է, ունի առանձնաշնորհումը` ըլլալու աշխարհաքաղաքական շատ կարեւոր եւ դիպուկ վայր մը: Մէկ կողմէ` Կիպրոս շատ մօտ է Միջին Արեւելքին եւ տակաւին կամուրջ է Եւրոպայի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու միջեւ: Աւելի՛ն. Կիպրոսի Հանրապետութիւնը բարեկամ երկիր է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին` հաստատելով շատ ջերմ յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի տարբեր զանգուածներու հետ:

Ուստի Մելգոնեանի հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի յուշերով, հանդիսութիւններով եւ զգացական խօսքերով: Այդ բոլորը շատ լաւ են եւ կարեւոր: Այս պահը պէտք է վերածուի կազմակերպուած առաքելութեան` յստակ նպատակով, լայն համախմբումով եւ գործնական քայլերով: Հարիւրամեակը պէտք է դառնայ մեկնակէտ, ոչ թէ` եզրակացութիւն:

Մելգոնեանը արժէ վերաբանալ` ոչ միայն որովհետեւ անցեալին մեծ ծառայութիւն մատուցած է, այլ որովհետեւ ապագային կրնայ դարձեալ ծառայել: Ազգեր, որոնք կը մտածեն իրենց վաղուան մասին, կը կառուցեն միտք եւ տեսլական: Եւ միտքն ու տեսլականը իրականացնելու համար կարիք կայ հաստատութիւններու: Այս իմաստով հայը, եթէ իսկապէս կը հաւատայ սփիւռքի շարունակական առաքելութեան, պէտք է մտածէ վերաբանալու Մելգոնեանը` իբրեւ համասփիւռքեան ազգային կեանքի համար մէկ նոր ռազմավարական դարբնոց:

Հայկական սփիւռքի մնայուն կարգավիճակը կ՛ամրապնդուի, եթէ տարեդարձները կարենանք վերածել յիշատակումներէ դէպի ազգային ռազմավարութեան նոր տեսլականներու իրականացման: Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը մէկ կարեւոր միաւորն է այս իմաստով:

Եթէ կ՛ուզենք հայուն կեանքը դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացի մէջ, ուրեմն պիտի հաւատանք ծրագրուած աշխատանքին:

Եւ աշխատանքը կը ներառէ կամք:

Եւ ո՛ւր որ կամք կայ, հոն կեանք կայ:

Հայուն կեանքը…

Նիկոսիա, յունիս 2026

Նախորդը

Համազգայինի Ռ. Եւ Ա. Արսլանեան Մանկամսուրի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Օր Վերանայումի

RelatedPosts

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան
Անդրադարձ

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.