. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Երկիրը փոխանցման փուլի մէջ է, ուր քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը կը հետեւի շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն եւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս բանակցութիւններու եւ փոխըմբռնումներու արդիւնքներուն, որպէսզի իր նոր դիրքորոշումը հիմնէ անոնց վրայ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շրջանը մուտք գործեց քաղաքական ու ապահովական հաւասարակշռութիւններու համապարփակ վերաձեւաւորման փուլ, եւ Լիբանան այլեւս մաս կը կազմէ շրջանային ու միջազգային ծրագիրի մը, որուն նպատակը պետութեան հաստատութիւններու ամրապնդումն ու ապահովական եւ զինուորական որոշումները անոր մենաշնորհը դարձնելն է»:
. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միակն են, որ Իսրայէլի հետ ստորագրուած շրջագծային համաձայնութեան վերաբերեալ լիբանանեան իշխանութեան իրողական լիարժէք աջակցութիւն կը տրամադրեն: Լիբանանցի մէկէ աւելի պաշտօնատարներ արաբական եւ շրջանային կողմերէ մէկէ աւելի ոչ պաշտօնական դիտողութիւններ ստացած են, թէ Լիբանան այդ քայլին մէջ սխալեցաւ:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Թուրքիան միացած է անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ շրջագծային համաձայնագիրը չի ծառայեր Լիբանանի շահերուն եւ կը ներկայացնէ ռիսքեր, որոնք Լիբանանէն անդին կը տարածուին` ազդելով Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան վրայ: Աղբիւրներու համաձայն, Անգարան արաբական եւ շրջանային կողմերուն փոխանցած է համաձայնագիրին վերաբերեալ իր վերապահութիւնները եւ կը պատրաստուի հարցը մանրամասն կերպով քննարկել վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, որ այս ամսուան վերջին պէտք է Թուրքիա այցելէ: Այս այցելութիւնը նախատեսուած էր համաձայնագիրի ստորագրումէն առաջ:
Աղբիւրներու համաձայն, Թուրքիան չ՛ուզեր լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտել, սակայն անոր կարծիքով` շրջանին մէջ ընթացող մեծ պատերազմին եւ Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի կատարածին լոյսին տակ իր ազգային անվտանգութիւնը կը նկատէ բոլոր այդ երկիրներուն մէջ տիրող կացութեան առնչուած:
Աղբիւրները նշած որ, թէ Անգարան չի կրնար համաձայնութեան հետ անկողմնակալ կերպով վարուիլ, եւ Սալամին պիտի յայտնէ, թէ Լիբանան չի կրնար մեղսակից դառնալ համաձայնութիւններու, դաշինքներու եւ առանցքներու, բան մը, որ կ՛ազդէ մերձակայ պետութիւններու, ներառեալ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան վրայ:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատին մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ ստորագրուեցաւ, համաձայնութիւն չէ, այլ «շրջագծային բանաձեւ», որ տակաւին մշակման նախնական փուլի մէջ է: Հետեւաբար, Պաապտայի պալատը տակաւին չունի որոշակի ծրագիր, այլ յայտնի կէտեր, որոնց գործադրութեան ուղղութեամբ այժմ ամերիկացիները կ՛աշխատին` նախ եւ առաջ կեդրոնանալով ապահովական բաժինի գործադրութեան վրայ»:
. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած շրջագծային բանաձեւի վերաբերեալ կը քննարկուի, ներկայիս սահմանադրական իմաստով համաձայնագիրի կամ պայմանագիրի մակարդակի չի բարձրանար, ուստի ենթակայ չէ միջազգային համաձայնագիրներու կնքման սահմանադրական մեքանիզմներուն»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Երէկ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները կեդրոնացան ապահովական բաժինին վրայ, աւելի ճիշդ բնորդային շրջանի թղթածրարին վրայ, եւ մթնոլորտը ցոյց կու տայ, թէ գործադրութիւնը կրնայ ուշանալ` նկատի ունենալով, որ հոլովոյթը յաւելեալ յառաջընթացի կը կարօտի»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլի կողմէ շրջագծային բանաձեւի առաջին փուլի գործադրութեան ուշացումը պատճառ դարձաւ ամերիկեան քաղաքական ու զինուորական կողմին հետ աշխուժ պաշտօնական հաղորդակցութեան` ընդգծելու համար, թէ իսրայէլեան վարմունքը կը հակասէ շրջագծային բանաձեւի խորքին ու այն սկզբունքին, որուն վրայ կառուցուեցաւ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կայունութիւնը կը մնայ փխրուն եւ որեւէ պահու կրնայ փլուզուիլ, իսկ պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի եւ կապուած է երկու ուղիի` առաջինը` ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններու ձախողութեան կարելիութեան, եւ երկրորդը` Իսրայէլի այն ընկալման, թէ համաձայնագիրը հաշուի չ՛առներ իր շահերը»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջագծային բանաձեւը գոյութիւն ունեցող վերջին առիթն է հասնելու հոլովոյթի մը, որ Լիբանան-Իսրայէլ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման եւ կրկնուող մագլցումի ոլորապտոյտին վերջ տալու կ՛առաջնորդէ»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի սեփական աղբիւրները կը յայտնեն. «Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Շիպանի իր հետ կը բերէ լիբանանեան պետութեան կողմէ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու որոշումի գործադրութեան առաջարկ մը, եւ այս նիւթը պետութեան երեք ղեկավարներուն հետ անոր բանակցութիւններուն եւ Ժոմպլաթի հետ հանդիպումին գլխաւոր կէտը պիտի ըլլայ»:


