Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալ. Էմպափէ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Նորվեկիա Եւ Մեքսիքա` Յաղթական

July 2, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2026-ի Մոնտիալի լաւագոյն խումբերէն Ֆրանսա հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Շուէտի դէմ մրցումին եւ հասաւ Գ. հանգրուան, ուր պիտի մրցի Փարակուէյի դէմ:

Մրցումին սկիզբէն զգալի էր Ֆրանսայի առաւելութիւնը, ուր անգամ մը եւս Պրատլի Պարքոլա նկատի առնուած էր Տեզիրէ Տուէի փոխարէն, մինչ Օլիսէ-Էմպափէ զոյգը շարունակեցին փայլիլ:

Կիսախաղէն առաջ Էմպափէ անզսպելի հարուածով նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը, որ ուշացաւ հակառակ երկու անգամ Շուէտի բերդին սիւները ցնցուելուն, մինչ Էմպափէ կոլ նշանակած էր, բայց օֆ-սայտի պատճառով չէր վաւերացուած:

Էմպափէի կոլէն ետք Անթոնի Էլանկայի փոխանցումը չհասաւ իր խմբակիցին, բայց իրարանցումէ մը ետք Էլիոթ Սթրոուտ հաւասարութեան առիթ մը կորսնցուց ի նպաստ Շուէտի:

Բ. կիսախաղին, Պայերն Միւնիխի աստղերէն Մայքըլ Օլիսէ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց Պարքոլային, որ նշանակեց Ֆրանսայի երկրորդ կոլը: Աւելի ուշ շուէտացի բերդապահ Եաքոպ Վիտել Զեթերշթրոմ լաւ ձեւով զսպեց Օլիսէի հարուածը:

Աւելի ուշ Զեթերշթրոմ անգամ մը եւս հերոսացաւ` զսպելով Օլիսէի այլ առիթը: 74-րդ վայրկեանին Օլիսէ լաւ գնդակ մը պատրաստեց Էմպափէի, որ անսխալ էր բերդին առջեւ` նշանակելով իր 2-րդ եւ Ֆրանսայի 3-րդ կոլը:

Այս կոլով Էմպափէ եղաւ Մոնտիալներու պատմութեան առաջին մարզիկը, որ նաք-աութի հանգրուաններու առաւելագոյն կոլերը նշանակած է:

Էմպափէի այս կոլը 9-րդն էր` գերազանցելով պրազիլցիներ Լէոնիտասի եւ Ռոնալտոյի 8 կոլերու մրցանիշը:

Էմպափէ նաեւ Մոնտիալի պատմութեան իր 17-րդ կոլը նշանակեց` 1 կոլով ետ մնալով Լիոնել Մեսսիէն եւ մէկ կոլով գերազանցելով Միրոսլաւ Քլոզէն:

Էմպափէ 18 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 18 կոլ, մինչ Մեսսի 19 կոլ նշանակած էր 29 մրցումներու ընթացքին:

Նորվեկիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փղոսկրեայ Ափունքը: Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ եղաւ Մոնտիալի պատմութեան երրորդ ֆութպոլիստը, որ իր առաջին Մոնտիալի երեք մրցումներուն 5 կամ աւելի կոլեր կը նշանակէ` Հերի Քէյնի եւ Միրոսլաւ Քլոզէի կողքին:

39-րդ վայրկեանին Անթոնիօ Նուսա բացաւ մրցումին հաշիւը: Բ. կիսախաղին Փղոսկրեայ Ափունք աւելի վտանգաւոր էր, եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ամար Տիալօ կրցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 74-րդ վայրկեանին:

Փաթրիք Պերկի փոխանցումէն ետք Հաալանտ նշանակեց Նորվեկիոյ յաղթանակի կոլը: Գ. հանգրուանին Նորվեկիա պիտի մրցի Պրազիլի դէմ, կիրակի օր:

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Մեքսիքա 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էքուատորին, հասաւ Գ. հանգրուան: Քինոնես եւ Խիմենես նշանակեցին առաջին կիսախաղին, մինչ Էքուատոր բաւական ճնշեց Բ. կիսախաղին, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան Յաղթեց Եւլոյեւի

Յաջորդը

Մոսկուա. «Հայկական Կողմի Նախաձեռնութեամբ Տեղի Ունեցած Է Միշուսթին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն»

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.