Ռուսիոյ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան հայ ըմբիշ Հրայր Յովհաննիսեան, 67 քկ կշիռի մրցումներուն ախոյեան դարձաւ:
Նովոսիպիրսքի մարզի ներկայացուցիչ Հրայր Յովհաննիսեան աւարտականին յաղթեց Մոսկուան ներկայացնող Ռուսլան Օրտանովին:
Հրայր Յովհաննիսեանէն զատ մրցանակակիրներ դարձան նաեւ հայկական ծագում ունեցող քանի մը այլ ըմբիշներ:
Մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ շահեցաւ Կրասնոտարի մարզի ներկայացուցիչ Արկադի Արիկեան:
Մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն Ռոստովի մարզի ներկայացուցիչ Տարօն Վարդանեան իր կարգին պրոնզէ մետալ շահեցաւ:
Մինչեւ 72 քկ կշիռի մրցումներուն արծաթէ մետալակիր դարձաւ Մոսկուայի մարզի ներկայացուցիչ Արկադի Բալաբէկեան: Արծաթէ մետալ շահեցաւ նաեւ Նովոսիպիրսքի մարզը ներկայացնող Նարեկ Յովհաննիսեան, 77 քկ կշիռի մրցումներուն:
Մինչեւ 82 քկ կշիռի պրոնզէ մետալ շահեցաւ նաեւ Կրասնոյարսքի մարզը ներկայացնող Աղասի Մանուկեան:


