Ծանր կշիռի հայ անյաղթ բռնցքամարտիկ Սամուէլ Գասոյեան շարունակեց իր յաղթական երթը` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:
27 տարեկան Գասոյեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյին, որուն ընթացքին նաք-աութով պարտութեան մատնեց գերմանացի Թորսթեն Ֆուքսը:
Ասիկա Գասոյեանի իններորդ յաջորդական յաղթանակն էր այս արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, ուր յատկանշական է, որ ինը մենամարտերուն ալ նաք-աութով կրցած է յաղթել իր մրցակիցներուն:
Մրցակից Ֆուքս կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը` 15 յաղթանակներու կողքին:


