. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Համաձայնութիւնը Իսրայէլին կը տրամադրէ թիւով ոչ քիչ եղող ձեռքբերումներ, սակայն սառի վրայ գրուած է, եւ որպէսզի համաձայնութիւնը յաջողի, պէտք է Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դիմակայման ներքին թղթածրարը փակել, եւ ոչ ոք այդ մէկը կատարելու ուժը կամ ժամանակը ունի»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իսրայէլեան բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն հեռացման կշռոյթը կախեալ է գետնի վրայ արձանագրուած արդիւնքներէն»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը` մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատար մը. «Եթէ լիբանանեան բանակը փորձառական երկու շրջաններու մէջ չյաջողի, այլ շրջաններ անցում պիտի չկատարենք»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Փենթակոնը պատրաստ է լիբանանեան բանակը աւելի քան 30 միլիոն տոլարով փոխհատուցելու` աջակցելով տեւական խաղաղութեան հաստատման»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի ձայնասփիւռ. «Իսրայէլեան բանակը շուտով Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած զօրամասերու միջեւ հերթափոխութիւն պիտի կատարէ»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանակը պիտի կրճատէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերը, մարտական ուժերու մէկ մասը պիտի հեռացնէ եւ բարձրացնէ անոնց պատրաստուածութեան մակարդակը»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 13-րդ կայան. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ծրագիրը երկիրը պառակտելն ու զայն քաղաքացիական պատերազմի մէջ ընկղմելն է` լիբանանեան կառավարութեան Հըզպալլան զինուորական գետնի վրայ դիմակայել ստիպելու համար»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը շաբաթ օր ազատ արձակեց մէկ օր առաջ Մարժաայուն գաւառի Այն Արապ գիւղի մերձակայքին մէջ իր կալանաւորած անձերը:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն վայրկեանը վայրկեանին հետեւեցաւ բանակցութիւններուն եւ մնայուն կապի մէջ էր լիբանանեան պատուիրակութեան հետ` շեշտելով, որ պէտք չէ լիբանանեան հողերէն որեւէ թիզի զիջում ընդունիլ, եւ պէտք է կառչիլ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման սկզբունքին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Յաջորդ քայլը պէտք չէ միայն բանակցութիւններու շարունակութեամբ սահմանափակուի, այլ երկրի ներսէն սկսի միասնականութեան ճամբով, որուն մարմնաւորումը ըլլայ նախագահական պալատին մէջ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ հանդիպում մը` ազգային միացեալ հայեցակարգ մշակելու եւ Հըզպալլայի հետ լուրջ երկխօսութեան ձեռնարկելու համար»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու երրորդ օրը Իսրայէլ մեծապէս կարծրացուց իր կեցուածքը` բանակցութեան սեղանին վրայ դնելով շատ դժուար հաւասարակշռութիւն մը»:


