Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մշակոյթի Պանծացման Օր. Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

June 7, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պօղոս Սնապեանի հետ

Հաւաքական մեր կեանքի յառաջդիմութեան եւ զարգացման մէջ անփոխարինելի է հայ վարժարանին դերն ու նշանակութիւնը նորահաս սերունդներու մարդակերտման եւ հայեցի դաստիարակութեան փոխանցման մէջ:

Իւրայատուկ եւ անառարկելի կը մնայ այս ամրոցին կարեւորութիւնը ազգային կեանքի առաւել աշխուժացման, հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ դարաւոր արժէքներու իմացութեան մէջ:

Հայ վարժարանի առաքելութեան բացարձակ իմաստին լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ անոր կողմէ մշակութանուէր կեանքի ստեղծումն ու տարածումը:

Այս առումով,  ուրբաթ, 18 մայիս 2012-ին,  Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին կողմէ աւանդաբար նշուեցաւ հայ մշակոյթի նուիրուած օրը, որ սակայն, այս տարեշրջանին կը տարբերէր իր առաջադրանքով եւ բովանդակութեամբ:

Արդարեւ, նման պատեհ առիթ յաւելեալ փայլք եւ կշիռ ունեցաւ, որովհետեւ կը զուգադիպէր վարժարանի 90-ամեակին, հայ գրատպութեան 500-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ վեհափառի «Հայ գիրք»-ի տարի հռչակման եւ անզուգական աշուղ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին:

Հարկ է նշել, որ օրուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ արտադպրոցական այցելութիւններ` գաղութահայ  տարբեր կառոյցներու, ծանօթացումներ հայ  գիր ու գրականութեան եւ արուեստի  ծառայած հանրածանօթ հայորդիներու:

Առաւօտեան միացեալ պաշտամունքով մը ընթացք առաւ յայտագիրը: Յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած էր դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, որ փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան հայ աշակերտութիւնը հրաւիրեց ազնուօրէն եւ գիտակցաբար տէր կանգնելու հայկական արժէքներուն, գուրգուրալու անոնց, եւ կառչած մնալու ազգային ինքնութեան ու ճակատագիրին:

Հարկ է նշել, որ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջինէն երրորդ դասարանի աշակերտութեան համար ելոյթ ունենալու համար հրաւիրուած էր Մակին, որ իր մանկավարժի հմտութեամբ կրցաւ երգերու եւ պարերու փունջ մը ներկայացնել եւ խանդավառել սիրուն աշակերտները: Տեղի ունեցաւ նաեւ մանկական տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ ձեռային աշխատանք, որ կը խորհրդանշէր օրուան իմաստը:

Իրենց կարգին, չորրորդէն ութերորդ դասարանի աշակերտները այցելութիւն մը տուին «Համազգային»-ի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն: Տպարանի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան տուաւ բացատրութիւններ` ընդհանրապէս տպարանային աշխատանքներուն մասին: Աշակերտները այցելեցին նաեւ` «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր կը ցուցադրուէին տաղանդաւոր արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործութիւնները:

Այս ծիրին մէջ, աշակերտները ապա գտնուեցան «Ազդակ»-ի յարկին տակ եւ ծանօթացան տնօրէն Շահան Գանտահարեանի:  Անոնք  մօտէն հետեւեցան մամուլի աշխատանքներուն եւ սրտակից հանդիպումներ ունեցան մամուլի երկարամեայ աշխատակից եւ գրող Շահանդուխտի եւ գրականագէտ ու վաստակաշատ գրող Պօղոս Սնապեանի հետ: Այս առիթով, «Ազդակ»-ի խմբագրութեան անդամ Արշօ Պալեան համապարփակ զեկոյցով մը անդրադարձաւ հայ մամուլի գործունէութեան եւ նպատակին:

Յիշարժան էր 9-11 դասարանի աշակերտութեան այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, ուր առաջին հերթին անոնք ծանօթացան «Կիլիկիա» թանգարանի մէջ առկայ եկեղեցական իրերուն եւ սպասներուն: Հարկ է յիշել, որ թանգարանի պատասխանատու Հրանդ աբղ. Թահանեան մանրամասնօրէն ներկայացուց ցուցադրուած սրբութիւնները:

Դիպուկ էր յայտագիրին մաս կազմող շարականի ունկնդրութիւնը: Արդարեւ, Մայր տաճարի սուրբ կամարներուն տակ Վարդան աբղ. Թաշճեան հոգեպարար երգեցողութեամբ մը մատուցեց արժէքաւոր շարական մը: Իր կարգին, Պետրոս աբղ.  Մանուէլեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցական արարողակարգերու ընթացքին եւ կուսակրօն քահանաներու հանդերձանքին մասին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան իր կարգին անդրադարձաւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին, մեր կեանքին մէջ հայ գիրքի արժէքին ու անոր կարեւորութեան: Ան թելադրեց խորապէս կառչած մնալ ազգային գիտակցութեան եւ արժէքներուն:

Իբրեւ յարգանքի տուրք, աշակերտները խոնարհեցան Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած մատուռին դիմաց եւ վերանորոգեցին իրենց հաւատարմութիւնն ու ուխտը` անոնց սուրբ կտակին նկատմամբ:

Կաթողիկոսարանի քրիստոնէական եւ հայաշունչ մթնոլորտին յաջորդեց այցելութիւն մը դէպի «Նոա՛զ Արք» արուեստի ցուցասրահ, ուր աշակերտները ծանօթացան հայ կերպարուեստի բացառիկ ստեղծագործութիւններու: Ցուցասրահի սեփականատէր եւ վաստակաւոր արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր կարգին գնահատեց աշակերտներու ներկայութիւնը եւ վեր առաւ հայ գեղարուեստի հրաշալի ու անկրկնելի արժէքը:

Ապա աշակերտները դպրոց վերադարձան, ուր գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր հայ աշուղական երգարուեստի տիտան Սայաթ Նովայի 300-ամեակին:

Այս առիթով, աշակերտներուն փոխանցուեցաւ անզուգական աշուղին կեանքն ու գործունէութիւնը, շեշտը դրուեցաւ անոր արուեստի իւրայատկութեան ու բացառիկ նշանակութեան վրայ: Հետաքրքրաշարժ նախաձեռնութեամբ մը սրահին մէջ աշակերտութեան ցուցադրուած էր  քամանջայի, թառի, շուիի երաժշտական գործիքներ:

Նախքան հիւր երգիչներու եւ երաժիշտին ելոյթը, անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան աշակերտներուն եւ վեր առնուեցաւ գաղութին մէջ անոնց ունեցած գործունէութիւնը:

Սայաթ նովայական երաժշտութեան շունչ եւ կենդանութիւն տուին հիւր արուեստագէտներ` Մանուկ Մինասեան եւ Սոնա Փամպուքեան, որոնց դաշնակի վրայ կը նուագակցէր Խաչիկ Մալխասեան:

Իսկ վարժարանի շրջանաւարտ Ալիս Իբրաճեան մեկնաբանեց Սայաթ Նովայէն երգ մը` տուտուկի ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի:

Այս տարի եւս ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը վարժարանի բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան թի. շըրթներ` յիշատակելու համար վարժարանի 90-ամեակն ու հայ գիրքի տարին:

Իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան բարձր գնահատեց այս օրուան տարուած աշխատանքը, որ կը միտէր հայ մշակոյթի արժէքները փոխանցել աշակերտութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր արուեստագէտներուն եւ ձեռնարկի յաջողութեան լծուած բոլոր մասնակիցներուն:

Հայ մշակոյթն ու ազգային արժէքները պանծացնող օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Նախորդը

Խմբագիրի Օրագրութիւն. «Մշակոյթի Շաբաթ». Մեր Վարժարաններուն Աշակերտները Մեզի Կ՛այցելեն

Յաջորդը

Թենիս. Ֆրանսայի Բաց Մրցաշարք. Քվիթովա Եւ Շարափովա Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.