Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Ազրպէյճանին

June 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի աղջկանց թենիսի հաւաքականը յաջողութեամբ սկսաւ «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի մրցաշարքին: Սան Մարինոյի մէջ տեղի ունեցող 3-րդ խմբակի առաջին հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականը 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ տարաւ Ազրպէյճանի հաւաքականին վրայ:

Անհատական մրցումներուն, Հայաստանի ազգային խումբին յաղթանակներ պարգեւեցին Անի Ամիրաղեան եւ Էլինա Աւանէսեան: Ամիրաղեան իր մրցակիցին ոչ մէկ առիթ տուաւ եւ յաղթեց 6-0, 6-0 արդիւնքով:

Աւանէսեան նոյնպէս հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով:

Էլինա Աւանէսեանի համար այս հանդիպումը եղաւ իր առաջինը Հայաստանի ազգային խումբին հետ:

Զոյգերու մրցումին, Մարիա Ազիզեան եւ Ալինա Սողոմոնեան ամրապնդեցին Հայաստանի հաւաքականին յաջողութիւնը` յաղթելով 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:

Հայաստանի հաւաքականի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալպանիա, որմէ ետք պիտի մրցի Մոնթենեկրոյի դէմ:

Տղոց «Տէյվիս Քափ»-ի եւրոպական գօտիի Դ. խմբակին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Մարինոն:

Այս մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ Ծաղկաձորի մէջ, բաւական փորձառութիւն կ՛ըլլայ տղոց հաւաքականին համար:

Հայաստանի առաջին կէտը ձեռք ձգեց Դաւիթ Պօղոսեան, որ 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լէոնարտօ Պարթոլեթթին:

Բ. հանգրուանի գծով այս ճակատումի երկրորդ մրցումին, Աւետիկ Ղազարեան 4-6 եւ 6-2 արդիւնքով հաւասարած էր իր մրցակիցին` Ֆիլիփօ Թոմեզանիին հետ, բայց երրորդ սեթին սկիզբը վիրաւորելէ ետք կիսատ լքեց մրցումը` յաղթանակը նուիրելով Սան Մարինոյի իր մրցակիցին:

Ճակատումը վճռեց զոյգերու մրցումը, ուր Սամուէլ Աղայեան եւ Միքայէլ Աւանէսեան 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Թոմեզանի-Վանուչի զոյգին:

Նշենք, որ Հայաստան առաջին հանգրուանի իր մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Անտորրային:

Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Իսլանտան, որ իր կարգին պարտութեան մատնած էր Ալպանիոյ եւ Սան Մարինոյի հաւաքականները:

Նշենք, որ խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Մալթա եւ Ալպանիա, Իսլանտայի Սան Մարինոյի եւ Անտորրայի կողքին:

 

 

Նախորդը

2026-ի Մոնտիալ. Անգլիա Եւ Քոլոմպիա Հմայեցին. Փորթուգալ Չկրցաւ Յաղթել Քոնկոյին

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Մայք Թայսըն Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.