Ռէալ Մատրիտ ակումբը առիթէն կ՛օգտուի, եւ մինչ բոլոր մարզիկներն ու խումբերը կը հետեւին Մոնտիալին եւ մարզիկներու մակարդակներուն, Ֆլորենթինօ Փերես նախագահ վերընտրուելէ եւ նշանակելէ ետք փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն, լրջօրէն սկսած է աշխատանքի:
Ձեռք ձգելէ ետք Լիվըրփուլի ֆրանսացի կեդրոնի յետսապահ Իպրահիմ Քոնաթէն, նետերլանտցի աջ ծայրի պաշտպան Տենզել Տումֆրիզը (Ինթեր Միլանէն) եւ Չելսիի ձախ ծայրի պաշտպան Մարք Քուքուրելիան, երէկ փորթուգալցի միջնապահ Պեռնարտօ Սիլվա նախնական համաձայնութիւն մը կնքեց միանալու Ռէալ Մատրիտին` ետին ձգելով նախկին շշուկները, թէ Սիլվա կրնայ միանալ Պարսելոնային կամ Աթլեթիքօ Մատրիտին:
Պեռնարտօ Սիլվա, որ 9 տարի շարունակ փայլեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի հետ, 3 յաջող տարեշրջաններ բոլորելէ ետք Մոնաքոյի հետ, գրեթէ ամէն տիտղոս շահեցաւ Կուարտիոլայի մարզած ակումբին հետ:
Ան այժմ առիթ ունի փայլելու Ռէալ Մատրիտի հետ իր ազգակից Մուրինիոյի կողքին: Վստահաբար Ռէալ Մատրիտ մոռացութեան պիտի փորձէ մատնել անցեալ ձախող տարեշրջանը, ուր սպանական ակումբը ոչ մէկ տիտղոս կրցաւ շահիլ:


