ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ
Ամիսներ առաջ, երբ տղուս սենեակին գրադարանի գիրքերը կը դասաւորէի, աչքս կանգ առաւ Մուշեղ Իշխանի «Հացի եւ սիրոյ համար» վէպին վրայ: Այս գիրքը տարիներ առաջ տղաս նուէր ստացած էր դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ` իբրեւ գնահատանք իր ուսման մէջ ունեցած յաջողութիւններուն եւ իբրեւ պատուոյ յիշատակութեան արժանացած աշակերտ:
Տարիները անցած էին, եւ ես մոռցած էի այս գիրքը: Յանկարծ իմ մէջս արթնցաւ զայն կարդալու անակնկալ փափաք մը: Քանի մը օրուան ընթացքին մեծ հաճոյքով վէպին ընթերցումը աւարտեցի, ապա մտածեցի, թէ ինչպէ՜ս մինչ այդ չէի կարդացած զայն:
Մուշեղ Իշխանի այս վէպը սփիւռքահայ կեանքի խոր եւ անկեղծ արտացոլացումն է: Ան կը ներկայացնէ այն սերունդը, որ կորստեան եւ վերակառուցման սահմանագիծին վրայ կը պայքարի իր տեղը գտնելու համար: Այս իրականութիւնը մարմնաւորուած է վէպին հիմնական կերպարին` Սեդրակին մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք, մեծ երազներով եւ յոյսերով լեցուն, ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր զինք կը սպասէր իր որբեւայրի մայրը, որ իր օրապահիկը կը վաստակէր ուրիշներու տուներուն մէջ աշխատելով, ճաշ պատրաստելով եւ մաքրութիւն ընելով: Սեդրակ յուսահատական պահեր կ՛ապրի, երբ դժուարութիւն կ՛ունենայ գործ որոնելու մէջ: Նիւթականի նեղութիւնը եւ շրջապատի հոգեբանութիւնը պահ մը կ՛ընկճեն զինք: Վերջապէս ան կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, սակայն այդ տքնաջան եւ «ապերախտ» աշխատանքը առաւել եւս կը վհատեցնէ զինք: Ան կը հանդիպի իր մանկութեան եւ պատանեկութեան դասընկերներուն, որոնք, թէեւ իրենց ուսումը չէին շարունակած, բայց արդէն գործատէրեր դարձած էին եւ նիւթական գոհացուցիչ վիճակ ունէին: Միաժամանակ Սեդրակին սրտին մէջ տակաւին վառ կը մնար իր դասընկերուհիին` Զարուհիին հանդէպ սէրը: Ան Սեդրակին պաշտօնավարած դպրոցին մէջ ուսուցչուհի էր: Վէպին մէջ հեղինակը կը շեշտէ կեանքի երկու կենսական պահանջները` հացն ու սէրը, որոնց համար մարդ անդադար կը տքնի եւ կը մաքառի: Առանց առաջինին` ապրիլը անհնար է. ան անքննելի անհրաժեշտութիւն մըն է: Իսկ առանց երկրորդին` կեանքը կը դառնայ չոր ու ցամաք. սէրն է այն համեմունքը, որով կեանքը կը գեղեցկանայ, կ՛իմաստաւորուի, եւ հացի պայքարը կը դիւրանայ:
Ներկայ Լիբանանի պայմաններուն մէջ, ուր տնտեսական եւ քաղաքական անկայունութիւն կայ, դրամանիշի արժեզրկում, ապագայի մշուշոտ պատկեր, երիտասարդ սերունդը կը գտնուի դժուարին իրականութեան առջեւ: Ան կա՛մ կը մտածէ գաղթել, կա՛մ կը փորձէ համակերպիլ օրուան իրավիճակին: Աշխատանքի բացակայութիւնը եւ ցած աշխատավարձը յաւելեալ մտահոգութիւններ կը ստեղծեն: Այստեղ «սէր» հասկացողութիւնը, առանց իր կարեւորութիւնը կորսնցնելու, կարծես կը զիջի իր տեղը աւելի հրատապ զգացումի մը` յոյսին: Այսպէս կը ձեւաւորուի նոր բանաձեւ մը` «Հացի եւ յոյսի համար»:
Այս իրավիճակին մէջ յոյսը կը դառնայ ոչ միայն զգացում, այլ` գոյատեւելու համար առաջնահերթութիւն: Եթէ սէրը կը կապէ մարդը ուրիշին, ապա յոյսը կը կապէ մարդը ապագային: Ան կը դառնայ ներքին լոյս մը, որ նոյնիսկ ամենամութ պայմաններուն մէջ կը լուսաւորէ տուեալ ճանապարհը: Սէրը` որպէս կայուն եւ խոր յարաբերութիւն, կը պահանջէ որոշ ապահովութիւն, վստահութիւն ապագայի հանդէպ: Մինչդեռ այսօրուան երիտասարդը շատ յաճախ կը զրկուի այդ հիմքէն: Ան ստիպուած է նախ ապահովել իր գոյատեւումը` աշխատանք գտնելով, կրթութիւնը շարունակելով դժուար պայմաններու մէջ, կամ մտածելով արտագաղթի մասին: Այս բոլորին մէջ սէրը կը դառնայ յետաձգուած շքեղութիւն մը, մինչ յոյսը` գոյատեւման անհրաժեշտ ուժ:
Այսուամենայնիւ, Մ. Իշխանի «Հացի եւ սիրոյ համար» գաղափարը կը մնայ իբրեւ իտէալ, մինչդեռ «Հացի եւ յոյսի համար»-ը կը դառնայ ժամանակաւոր իրականութիւն: Վերջապէս, կարելի է ըսել, որ լիբանանահայ երիտասարդը այսօր կ՛ապրի անցեալի իտէալներուն եւ ներկայի մարտահրաւէրներուն միջեւ: Եթէ սէրը նախապէս կը հարթէր հացի համար ստեղծուած դժուարութիւնները, այսօր յոյսն է, որ կը կատարէ այդ դերը: Երիտասարդը կը պայքարի, բայց կը շարունակէ քալել, երբեմն` առանց վստահութեան, բայց միշտ` յոյսով: Եւ թերեւս այդ յոյսն է, որ օր մը կրկին պիտի վերածուի սիրոյ, երբ պայմանները արտօնեն մարդուն ոչ միայն ապրիլ, այլ` լիարժէք ապրիլ:


