Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը քանի մը օր շուարած վիճակ ունենալէ ետք վերջապէս որոշեց աղջկանց ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումներուն թուականը` դաշտերու եւ ուղղակի սփռումի ժամերուն յարմարութիւնը ճշդելէ ետք:
Չորեքշաբթի ժամը 17:30-ին, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ առաջին ճակատումը` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ:
Անշուշտ համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու աղջկանց խումբը, որ այժմ լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրող խումբն է եւ ախոյեանութեան գլխաւոր թեկնածուն:
Վաղը Ռիատի պիտի մրցի Ազուրի դէմ, կիսաւարտականի միւս մրցումին:
Սկզբունքով ուրբաթ օր տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Պէյրութ Ֆըրսթի 2-րդ ճակատումը Տըպպայէի դաշտին վրայ, ապա յաջորդ կիրակի` 3-րդ ճակատումը, Մըզհերի մէջ:


