Այս տարուան թենիսի Ռոլան Կարոս մրցաշարքը տղոց թէ աղջկանց նոր ախոյեաններ պիտի ունենայ, բարձր դասուած եւ նախկին տիտղոսակիրներուն դուրս մնալէն ետք:
Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ աղջկանց աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին աշխարհի թիւ 8 դասուած ռուս թենիսվումըն Միրա Անտրէեւա պիտի մրցի աշխարհի թիւ 114 դասուած լեհ Մայա Շվալինսքայի դէմ:
Այս տարի հետաքրքրական բան մը պատահեցաւ, երբ զտումի մրցումներէն դուրս եկած լեհ մարզիկը, որ 24 տարեկան է, կրցաւ դուրս ձգել նախ չինացի Քինուեն Ժենկը (թիւ 56), ապա Էլիզ Մերթինզը (թիւ 21), Մարիա Սաքքարին (թիւ 49), Տիան Փարին (թիւ 92), Աննա Քալինսքայան (թիւ 24) եւ ռուս Տիանա Շնայտըրը (թիւ 23): Այս վերջինը քառորդ աւարտականին մեծ անակնկալով մը դուրս ձգած էր թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան:
Միւս կողմէ, 19 տարեկան Միրա Անտրէեւա (թիւ 8) աւելի հանգիստ ձեւով հասաւ աւարտական` միայն 1 սեթ կորսնցնելով:
Անտրէեւայի կիսաւարտականի մրցակիցն էր ուքրանացի Մարթա Քոսթիուքը, որ անցեալ տարիներուն նման ո՛չ նկատուեցաւ Անտրէեւայի հետ, ո՛չ ալ ձեռքը թօթուեց մրցումի սկիզբը կամ աւարտին` երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող պատերազմին պատճառով:
Տղոց պարագային ալ ամէնէն բարձր դասուած մարզիկը թիւ 3 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւն է, որ կիսաւարտականին պիտի մրցի թիւ 27 դասուած չեխ Եաքուպ Մենսիքի դէմ, մինչ միւս կիսաւարտականի մասնակիցիները երկուքն ալ իտալացի թենիսմեններ են` թիւ 14 Ֆլաւիօ Քոպոլլի եւ թիւ 104 դասուած Մաթէօ Առնալտի:
Շատ հաւանական է, որ աւարտականին` վաղը, գերմանական-իտալական մրցում մը իրար դէմ հանէ Զվերեւն ու Քոպոլլին:


