Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառու Ուխտի Օր

June 3, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Զմմառու Ս. Աստուածածնայ մայրավանքի մայր մուտքին տեղադրուած` Ս. Գէորգի սրբապատկերին մօտ համախմբուած` Լիբանանի հայ կաթողիկէ կղերաց դասը, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական, կրթական եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը վարդարանի ջերմեռանդութեամբ ընթացան դէպի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած ամփիթատրոն:

Ժամը 10:30-ին մայրավանքի վեհարանէն փառաշուք թափօրը աղօթքներու մրմունջով եւ անուշաբոյր խունկերու ծխանիով ուղղուեցաւ դէպի ամփիթատրոն, ուր ընթացք առաւ սուրբ եւ անմահ պատարագը, զոր մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան: Առընթերակայութեամբ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեանի եւ Վարդան վրդ. Ճալլուֆի, խորանին սպասաւորեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները: Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Նշան Մարաշլեանի, կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը:

Զմմառու Ուխտի Օր
Զմմառու Ուխտի Օր

Յընթացս պատարագին, ձեռամբ վանահօր, տեղի ունեցաւ սքեմներու օրհնութիւն, տուչութիւն եւ միաբանութեան անդամակցութեան խոստումի արարողութիւն: Երկու ժառանգաւորներ` Յարութիւն Պէրպէրեան եւ Պերճ Շմբլեան,  ստացան սքեմ կրելու իրաւունք: Անոնց միացաւ ժառանգաւոր Սեպուհ Մարաշլեանը, ուստի երեք ժառանգաւորները միասնաբար կատարեցին Զմմառեան պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամակցութեան խոստումը:

Իր քարոզին մէջ մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, ուխտագնացութեան իմաստով` Զմմառու Տիրամօր հովանիին տակ հայ ազգի զաւակներուն գոյատեւումին, անոր բազում շնորհած բարիքներուն եւ կատարած բարեխօսութիւններուն:

Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան ժառանգաւորներուն մաղթեց հաստատ ընթացք` քահանայական սուրբ կոչման ճանապարհին մէջ: Ան անդրադարձաւ այս մասին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի խօսքին եւ Զմմառեան միաբան հայրերու կատարած աշխարհասփիւռ առաքելութեան: «Այս պիտի կրկնեմ եւ յեղեղեմ, որքան որ Հրեշտակաց փողերը Աստուածածնայ փողոյն Զմմառու գագաթը հնչեն եւ աւետարանեն` խնդրելով եռանդագին այս Սուրբ Մօրմէն, որ իւր փողոյն փողահարներու շունչը սաստկացնէ, կուրծքերնին զօրացնէ եւ իմաստուն ու աստուածարեալ միաբաններուն ուժ, զօրութիւն եւ կարողութիւն պարգեւէ, որպէսզի սա փոքրիկ փողահար գունդին վրայ ստուգուի այդ մարգարէութիւնը «Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա, երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ եւ զգործ ձեռաց նոցա պատմէ` Զմմառեան միաբանութիւն», շեշտեց ան:

Մեծաւոր հայրը յատուկ անդրադարձաւ նաեւ ազգային առումով մայիս ամսուան խորհրդանշական իմաստին եւ յայտնեց. «Մայիսը մեր ժողովուրդին աննկուն կամքին, յաղթանակած ոգիին եւ վերապրելու հրաշագործ կարողութեան կենդանի վկայութիւնն է: Անիկա հաւատքի, քաջութեան, ազգային գիտակցութեան եւ միասնական կամքով անկախ պետականութիւն կերտելու խորհրդանիշն է»:

Ապա եզրափակեց. «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր հրաշագործ պատկերին առջեւ խոնարհած, երախտագէտ մնա՛նք անոր ունեցած անճառելի միջամտութիւններուն, վերագտնենք մեր հաւատքի ուղին, մեր յոյսը` միասնականութեան մէջ եւ համերաշխ եղբայրասիրութիւնը Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի թափած արեան սիրոյ խորհուրդին մէջ»:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք մայրավանքի դահլիճին մէջ մեծաւոր հայրը, վարչական հայրերն ու միաբանութեան անդամակցած ժառանգաւորները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Ուխտագնացութիւնը իր լրումին հասաւ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքով:

Նախորդը

Մէկ Քրիստոս, Բայց Բաժնուած Եկեղեցիներ… (Քաղկեդոնէն մինչեւ մեր օրերը․ բաժանում, երկխօսութիւն եւ հաշտեցում)

Յաջորդը

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 50-Ամեակի Նշում Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.