Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Յարձակումներ

June 2, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան իսկապէս կ՛ուզէ համաձայնութիւն կնքել, եւ անիկա Միացեալ Նահանգներուն եւ մեր կողքին կանգնողներուն համար լաւ համաձայնութիւն մը պիտի ըլլայ»:

«Դեմոկրատականները եւ շարք մը հանրապետականներ, որոնք կը թուի, թէ հայրենասէրներ չեն, արդեօք չե՞ն անդրադառնար, թէ ինծի համար շատ դժուար կ՛ըլլայ աշխատանքս ճիշդ ձեւով կատարել ու բանակցիլ, երբ քաղաքական վարձկանները կը շարունակեն աննախադէպ մակարդակներով ժխտական շատախօսութիւն կատարել` ըսելով, թէ պէտք է արագ կամ դանդաղ շարժիմ, պատերազմի դիմեմ կամ չդիմեմ, կամ որեւէ այլ բան: Միայն նստեցէ՛ք ու հանգստացէ՛ք, որովետեւ ինչպէս միշտ հարցերը ի վերջոյ լաւ կ՛ընթանան», նկատել տուաւ ան:

Թրամփ նախքան այդ ալ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ ան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ:

«Իրանի հետ համաձայնութիւնը մանրակրկիտ ու լայն կերպով կը քննարկուի` անդրադառնալով հիւլէական թղթածրարին վերաբերող տարբեր երեսներուն», գրեց ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծեց. «Համաձայնագիրին մեծ մասը հիւլէական թղթածրարին շուրջ է»:

Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ գործած է պաշտպանողական յարձակումներ, որոնք թիրախաւորած են Իրանի Ղորոք եւ Քաշմ շրջաններուն մէջ ռատարներ, ղեկավարման եւ անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման դիրքեր:

Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումները գործուած են շաբաթ եւ կիրակի օր` հակադարձելով Իրանի կողմէ միջազգային ջուրերուն վերեւ թռիչք կատարող ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի մը վար առնուելուն` շեշտելով, որ պիտի շարունակէ «իրանեան անարդարանալի» յարձակումէն» պաշտպանել իր ներուժն ու շահերը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին հաղորդեց, որ իրանեան ուժերը թիրախաւորած են օդուժի այն ռազմակայանը, ուրկէ ամերիկեան բանակը յարձակում գործած է Սիրիք կղզիին վրայ:

Նախքան այդ, Քուէյթ յայտարարեց, թէ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու դէմ դրած է:

Յեղափոխական պահակագունդը աւելցուց, որ ամերիկեան որեւէ յարձակումի կրկնութեան պարագային իրանեան հակադարձութիւնը «ամբողջովին տարբեր պիտի ըլլայ»:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Իրանի ծովային շրջափակումն ու Լիբանանի մէջ պատերազմական ոճիրներու մագլցումը Միացեալ Նահանգներու զինադադարը չյարգելուն կտրուկ փաստ է:

«Ամէն ընտրանք իր գինը ունի, եւ վճարումի ժամանակը անպայման պիտի գայ: Ի վերջոյ, բոլոր հարցերը պիտի յստականան եւ իրենց տեղը գտնեն», նշեց Քալիպաֆ:

Նախորդը

Օվերչուք. «Հայաստանի Համար Կազի Գինը Կրնայ Զգալիօրէն Բարձրանալ»

Յաջորդը

Քաց. «Եթէ Հիւսիսային Իսրայէլի Մէջ Հանդարտութիւն Չի Տիրեր, Պէյրութի Մէջ Եւս Հանդարտութիւն Պիտի Չտիրէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.