Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունիսեան Նախընտրական Հարցումը 2021-ին Եւ Հիմա (Սփիւռքեան Դիտանկիւն)

June 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հայաստանեան իրադարձութիւններուն հետ քիչ թէ շատ քայլ պահող մը, յունիս 2021-ի ընտրութիւններէն առաջ, ինքզինքին հարց պիտի տար, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլար, որ քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն, որ ոչ միայն չէր ունեցած հայրենասիրութեան տարրական զգացում եւ քաղաքական ղեկավարի գիտակցութիւն, այլ նաեւ նուազագոյն արժանապատուութիւն` հրաժարելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրելուն յաջորդ օրն իսկ, իր թեկնածութիւնը ներկայացնէր իշխանութեան վրայ մնալու համար: Պէտք է ենթադրել, որ եթէ այն ժամանակ կար հատուած մը, որ համոզուած էր, թէ տրամաբանական չէր անոր վերընտրուիլը, նաեւ կային անոնք, որոնք տակաւին կը հաւատային իր երբեմնի խոստումներուն: Կամ իր մէջ կ՛ուզէին տեսնել «նախկին»-ներուն միակ այլընտրանքը, անկախ թէ գիտակցէին կամ ոչ, թէ ի՛նչ կը նշանակէր այդ մէկը` յետպարտութեան իրավիճակի պատասխանատուութեան տէր կանգնելու իմաստով:

Հինգ տարի յետոյ այդ հարցումը, պարզ է, այլեւս իմաստ չունի: Անոր փոխարէն` ինքզինք կը պարտադրէ ուրիշ մը. ինչպէ՞ս եղաւ, որ պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն ոչ միայն վերընտրուեցաւ, այլ հակառակ իր բերած նորանոր պարտութիւններուն` դարձեալ կը ներկայանայ սահմանադրական կարգով ճշդուած ժամանակով տեղի ունեցող ընտրութիւններուն: Այսինքն` ինչպէ՞ս եղաւ, որ անցնող հինգ տարիներուն ո՛չ խորհրդարանական եւ ո՛չ ալ արտախորհրդարանական պայքարով իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ, եւ թէ` ինչպէ՞ս ստեղծուած ճգնաժամային տարբեր կացութիւններէն ոչ մէկը անհրաժեշտ դարձուց արտակարգ ընտրութիւններ:

Այս հարցումին պատասխանը շատ աւելի դժուար է, քան` հինգ տարի առաջուան հարցումին պատասխանը: Եւ եթէ առաջին հարցումը կը բանաձեւուէր, ինչ-որ չափով, որպէս «անակնկալ», երկրորդը անհրաժեշտ կը դարձնէ շատ աւելի բարդ ու խորքային ուսումնասիրութիւն մը, այնքան, որքան անհրաժեշտ էին քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութեան թէ արցախեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացի ձախողութեան պատճառներուն մասին եղած վերլուծական աշխատասիրութիւնները: Պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուին հրաժարական չտալն ու իշխանութեան վրայ մնալու նպատակով ընտրութիւններուն մասնակցիլը «անակնկալ» բանաձեւելու պատճառները երկուք են. առաջին` միջազգային փորձին մէջ նման նախադէպ շատ հազուադէպ է, եւ երկրորդ` թերեւս միամտօրէն կը հաւատայինք, թէ հայ ազգային էթոսին մէջ բացառուած էր վիշիական բնոյթի տարբերակով իշխանութիւն մը:

Այս երկու հարցումները այսօրուան նախընտրական կացութեան վրայ դոյզն ազդեցութեան ոչ մէկ պատրանք կը սնուցանեն: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան յունիս 2021-ին եւ տեղի պիտի ունենան 2026-ին, եւ որքան ալ որ ափոքալիփսային հնչեն ընտրարշաւի ջերմութեան մէջ անոնց արդիւնքին բնութագրումները, կեանքը իր ընթացքը պիտի շարունակէ ընտրութեանց յաջորդ օրն իսկ: Երկու հարցումները հետամուտ են հիմնականօրէն հայութեան պատմական գործընթացը հասկնալու` հեռանկարային իմաստով եւ ոչ թէ նախընտրական ինչ-որ յաւակնութեամբ: Եւ այս մէկը կը կարեւորուի ի մասնաւորի սփիւռքին համար, որովհետեւ ինչպէս 2021-ին, անկէ առաջ եւ մանաւանդ այսօր` թերեւս աւելի շեշտուած կերպով, չկայ որեւէ մեքանիզմ, որ ընտրութիւններուն սփիւռքահայերու մասնակցութեան ինչ-որ միջոց ստեղծէ քուէարկութեան կարելիութեան կամ թէ ձայնը լսելի դարձնելու իմաստով:

Եթէ քառասունչորսօրեայ պատերազմէն առաջ հայաստանեան իրադարձութիւններուն քիչ թէ շատ հետեւող սփիւռքահայ հատուածին մօտ կար այդ իրադարձութիւններուն «մասնակցութեան» համոզումը, լաւագոյն պարագային` խորհրդակցական բնոյթի, բայց շատ աւելի` հանդիսավարական ու արարողական միջոցառումներով, անցնող հինգ տարիները յստակ դարձուցին, որ այդ մէկը լոկ ինքնահամոզում մըն էր. սփիւռքահայ այդ հատուածը հայաստանեան քաղաքական գործընթացին պարզ հետեւող մըն է,  հանդիսատես մը միայն, թէկուզ եւ` յանձնառու այնքան, որ… հետեւի իրադարձութիւններուն, ճիգ ընէ տեղեակ ըլլալու առօրեային, եւ չմնայ անտարբեր: Աւելի՛ն. սփիւռքահայու «հանդիսատես»-ի այդ ենթակայական յանձնառութիւնը հայաստանեան քաղաքականութեան իր «մասնակցութեան» ընդհանրական ձեւաչափն է (յարգելով բոլոր բացառութիւնները): Որքան ալ որ Հայաստանի մէջ սփիւռքի յիշատակումը ընտրական տրամաբանութեամբ վերադառնայ հանրային ելոյթներու մէջ, որքան ալ սփիւռքին պատգամներ յղուին եւ խոստումներ տրուին, որքան ալ որ զօրաշարժի կոչեր ըլլան, մասնակցողական ռէալ մեքանիզմի բացակայութեան միակ պարզ իրականութիւնը սփիւռքի հանդիսատեսի կարգավիճակն է:

Ձայնով ու քուէով հայաստանեան քաղաքական գործընթացին, թէկուզ եւ` սահմանափակ կարգով, սփիւռքի մասնակցութեան մեքանիզմի բացակայութեան պատճառներուն վերլուծումը առանձին նիւթ է: Մէկ կողմէն ճիշդ է, որ հայաստանեան քաղաքական ղեկավարութեան համար նման նախանձախնդրութիւն չէ եղած անկախութենէն ետք, միւս կողմէ` պիտի ընդունիլ նաեւ, որ համասփիւռքեան ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնները իրենք չեն յաջողած նախ քով քովի գալ եւ վերիմաստաւորել սփիւռքի ամբողջականութեան երբեմնի հասկացողութիւնը, անկախութենէն ետք ստեղծուած պատմական տարբեր պայմաններուն մէջ, ապա` յառաջացնել ներկայացուցչական հարթակ մը, որ սփիւռքի կարեւորութիւնը կարենար արժեւորել պետական մտածողութեան մէջ` որպէս մնայուն գործօն, բացառելով, որ իւրաքանչիւր իշխանութիւն իր քմահաճոյքին համաձայն որոշէ սփիւռքին տեղը, դերը, ներկայացուցչական ձեւն ու մասնակցութեան ձեւաչափը:

Չենք գիտեր, թէ յունիս 7-ի ընտրութիւններէն ետք կացութիւնը պիտի փոխուի՞, թէ՞ ոչ: Այս իշխանութեան վերընտրութեան պարագային, նման շրջադարձ կը բացառուի: Սփիւռքեան գործօնի նկատառման խոստումները կը հնչեն ընդդիմադիր հատուածներէն, բայց անկախութեան մօտ երեսունհինգամեայ փորձառութիւնը կը թելադրէ առնուազն շատ չխանդավառուիլ նման խոստումներով, ի մասնաւորի, երբ շատ շողշողուն ըլլան, եթէ ոչ` պարզապէս զգուշ եւ վերապահ մնալ: Ամէն պարագայի, ինչպէս անցնող երեքուկէս տասնամեակին, յունիս 7-էն ետք ալ սփիւռքեան գործօնի վերիմաստաւորումը առաջին հերթին համասփիւռքեան ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ղեկավարութիւններուն պատասխանատուութիւնն է, եթէ անոնք ցոյց տան քաղաքական կամեցողութիւն եւ պատրաստակամութիւն` քննադատական մօտեցումով վերանայելու անկախութեան յաջորդած տարիներու ե՛ւ յաջողութիւններուն, բայց եւ մանաւա՛նդ` բացթողումներուն:

Ատով հանդերձ, յունիս 7-ի ընտրութիւններուն, թէկուզ եւ` լոկ հանդիսատեսի հանգամանքով «մասնակցող», սփիւռքի յանձնառութեան կարեւորութիւնը կարելի չէ նսեմացնել: Ի մասնաւորի, եթէ քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ ընտրական երկու յունիսներու նախօրեակին մասին այս գրութեան մէջ բանաձեւուած հարցումներուն պատասխանելու նախանձախնդրութիւն ըլլայ: Պիտի յիշեցնել, որ քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութիւններու եւ արցախեան հարցի բանակցութիւններու ձախողութեան մասին հրատարակուած վերլուծական աշխատասիրութիւնները եղած են նաեւ, եթէ ոչ բացառաբար, սփիւռքեան նախաձեռնութիւններ: Ինչպէս այդ ուսումնասիրութիւնները եւ, անկախ յունիս 7-ի ընտրութիւններու արդիւնքներէն, անցնող հինգ տարիները հասկնալու ճիգը կրնայ նաեւ խթան հանդիսանալ սփիւռքեան գործօնի վերիմաստաւորման եւ վերարժեւորման, այնքան մը, որ սփիւռքին համար հանդիսատեսի հանգամանքէն անդին անցնելու անհրաժեշտութիւնը տեսանելի, զգալի եւ անխուսափելի դառնայ, ընդհուպ` մինչեւ քաղաքական գործընթացներու ռէալ մասնակցութիւն, յաջորդ ընտրութիւններուն կամ անոնցմէ առաջ:

 

 

Նախորդը

Ռուբէն Յովսէփեան (ԽԶ.). … Եւ Տղամարդ Հայու Պատգամը

Յաջորդը

Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.