Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Յովսէփեան (ԽԶ.). … Եւ Տղամարդ Հայու Պատգամը

June 1, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Այնճար, 1995, Ամրան կէսերուն

Ռուբէն Յովսէփեանի դիմաքանդակը: Գործ` Մ. Մազմանեանի:

Սիրելի՛ ընթերցող,

Այսպէս կը յիշեմ: Դուրսէն, որոնց շարքին նաեւ` Հայաստանէն, մեծաթիւ ազգային քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, բարերարներ եւ այլ կարեւոր դէմքեր եկած էին Լիբանան մասնակցելու եկեղեցական կարեւոր նախաձեռնութեան մը: Առիթը` եթէ Արամ Ա. վեհափառին կաթողիկոսական օծումը չէր, ապա Միւռոնօրհնէքի նման եկեղեցական մեծ տօնախմբութիւն մը ըլլալու էր: Յամենայն դէպս, այս պարագային առիթը այնքան ալ կարեւոր  չէ: Զիս հետաքրքրողը այն էր, որ այդ հիւրերու մէջ կար նաեւ իմ մտերիմ ու գաղափարակից  հայրենի ընկերներէս Ռուբէն  Յովսէփեանը, որուն անձկութեամբ կը սպասէի:

Ձախէն աջ` «Սրըգեանի» աթոռներուն նստած` Մովսէս Ս. Հերկելեան եւ Վահէ Աշգարեան, իսկ ոտքի` Մովսէս Թ. Հերկելեան. Այնճարի Հերկելեաններու տան բակը` 1995:

Օրը կիրակի էր, ջերմ ու հաճելի: Նստած էինք Այնճարի մեր տան բակը` պարտէզին կողմը,  գաւաթ մը գարեջուրի շուրջ, ընկերներէս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն Վահէ Աշգարեանի եւ հօրեղբօրս տղուն` Մովսէս Թ. Հերկելեանի հետ: Մեր զրոյցը կ՛ընթանար համագիւղական մտահոգութիւններու շուրջ: Անթիլիասի մայրավանքի հիւրերը բերած ու պտտցուցած էին Այնճարի տեսարժան վայրերը ու ցոյց տուած ազգային կառոյցները, ապա պատուելու համար զանոնք, տարած էին  վարը` «Ծարտակեր»-ը, Այնճարի ակին կից գործող «Նազլըմին» բացօթեայ ճաշարանը` խրախճանքի, ուր հրաւիրուած էին նաեւ գիւղի ղեկավարներն ու երեւելիներէն մաս մը: Երբ մենք քիչ մը տաքցած սկսանք խօսիլ Այնճարի ազգային դիմագիծի պահպանման ուժ տալու եւ գիւղի մշակոյթը խթանելու անհրաժեշտութեան մասին, յանկարծ ներս մտան գիւղի «երեւելիներէն», եղբայրս` Փոլը (Պօղոս Հերկելեան) եւ Մելլը (Լեւոն Թաշճեան): Փոլին բուն անունը Պօղոս էր, սակայն որովհետեւ մեր գերդաստանին մէջ քանի մը «Պօղոսներ» կային արդէն, հայրս փոքր տարիքէն Փոլ կը կանչէր զինք, իսկ Լեւոնի պարագային  ընկերները, չես գիտեր ինչո՛ւ, «Մելիք Շահ» կ՛անուանեն զայն, սակայն ժամանակի ընթացքին «Շահ»-ն ու«իք»-ը կ՛իյնան կը մնայ «Մելլ»-ը, որ ժամանակի ընթացքին կը մեկնաբանուի նաեւ իբրեւ` Մարքս-Էնկելս-Ստալին:

Ան` դիմելով ինծի, ըսաւ.

– Ընկեր Ռուբէնը (Յովսէփեան) վարը ճաշարանը քեզի կը սպասէ, եկած ենք քեզ տանելու:

– Մե՛լլ, դուն եւ Փոլը կրնաք վկայել, որ հիւրեր ունիմ եւ քիչ մըն ալ անհանգիստ եմ: Իմ կողմէ ներողութիւն խնդրեցէք եւ ըսէք, որ իր խրախճանքէն ետք հոս թող գայ, լաւ կ՛ըլլայ, որ դուք բերէք զինք:

Մելլը խոստացաւ, սակայն քիչ ետք վերադարձաւ (ի դէպ նկատի առէք, որ մեր տնամերձ պարտէզի դուռը միշտ բաց կը մնար) եւ պնդեց, որ անպայման երթամ` աւելցնելով.

– Բոլոր պարագաներուն պէտք է երթաս, որովհետեւ ընկեր Ռուբէնը կարեւոր խօսելիք ունի հետդ… իր քովի աթոռը քեզի համար պահած է… եղեր:

Ձախէն աջ՝ Գորիսի եւ Սիսեանի ռայկոմի քարտուղարներ՝ Ռաֆայէլ Մինասեան եւ Սաշիկ Դաւթեան, Մովսէս Հերկելեան, Ռազմիկ Դաւոյեան, Վարուժան Խըտշեան, Ֆելիքս Մելոյեան եւ Ռուբէն Յովսէփեան. Գորիս, 1979-ին։

Իմ ընկերասէ՛ր ընթերցող,

Չէի կրնար երթալ, որովհետեւ երթալս աներեսութենէ աւելի անկրթութիւն  պիտի ըլլար: Նախ չէի հրաւիրուած, եւ երկրորդ` ինք պատուոյ սեղան նստած ըլլալու էր, իսկ ես պատուոյ սեղան նստելու համապատասխան ոչ հանգամանք ունէի, եւ ոչ ալ իրաւունք…: Այնպէս որ հետեւեալ պատասխանը տուի Մելլին.

– Գնա՛ եւ ընկ. Ռուբէնին ըսէ՛, որ չեմ կրնար գալ, սակայն կը սպասեմ իրեն, երբ որ վերջանայ խրախճանքը, կու գամ զինք կ՛առնեմ ու հոս կը բերեմ, իսկ անկէ ետք դիւրին է, եթէ կ՛ուզէ հոս կը մնայ գիշերը, եթէ ոչ, անձնապէս զինք Պէյրութ կը տանիմ ե՛րբ որ ուզէ… Ի՞նչպէս որ ուզէ այդպէս կ՛ընեմ:

Նկատի ունենալով Ռուբէնին հանդարտաբարոյ ու նրբանկատ խառնուածքն ու չափազանց բարի բնաւորութիւնը, կը կարծէի, թէ այսքանով հարցը պիտի վերջանայ, եւ հաճելի երեկոյ մը պիտի անցընենք, մանաւանդ որ Վահէն ու Մովսէսը եւս տրամադրուեցան մեզի միանալու… պարտէզ երթալու,  բնութեան մէջ: Սակայն շատ չանցած Փոլն ու Մելլը նորէն վերադարձան եւ այս անգամ վճռական էին: Անոնք պնդեցին, որ անպայման պէտք է երթամ, որովհետեւ շատ կարեւոր ըսելիք ունի ինծի… Ընկերներուս աչքերուն նայեցայ հարցականօրէն: Վահէն ըսաւ.

– Մովսէ՛ս, կը կարծեմ, թէ պէտք է երթաս: Կրնայ ըլլալ, որ անհրաժեշտաբար պէտք ունի քեզի… յատուկ գործի մը համար:

Իսկ Մովսէսը շարունակեց.

– Կրնայ ըլլալ այնպիսի բան մըն է, որ ուրիշներուն չի կրնար ըսել կամ վստահիլ…

Ճար չունէի, պիտի երթայի, բայց… ի՞նչպէս: Երեք դարաւանդներէ կը բաղկանար բացօթեայ ճաշարանը, որուն առաջին դարաւանդին վրայ տեղի կ՛ունենար հաւաքը: Քիչ մը երկար մտածելէ ետք տղոց ըսի.

– Եկէք այսպէս ընենք, խուսափելու համար որեւէ անախորժութենէ, ես կ՛երթամ ճաշարանի վերի դռնէն կը մտնեմ եւ երրորդ դարաւանդին վրայի մեծ ծառին տակ կը սպասեմ: Դժուար թէ հոն մէկը մեզ նշմարէ: Թող գայ հոն, եւ ինչ որ պէտք է կը խօսինք եւ պէտք եղածը կ՛ընենք:

Հազիւ հասած էի, տեսայ, որ Փոլն ու Լեւոնը ինձմէ առաջ հոն են արդէն եւ   մատնացոյց  կ՛ընէին զիս, Ռուբէնը ոտքի ելաւ եւ սկսաւ  ձեռքով նշան ընել, որ  քովը իջնեմ: Իսկ երբ ես ալ իմ հերթիս սկսայ ձեռքով նշան ընել, որ ինք քովս ելլէ, յանկարծ բարձրաձայն անունս կանչեց եւ պահանջեց, որ վար` իր քովը իջնեմ: Շուրջինները տեսան, որ ես հոն եմ, եւ գրող, գրականագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս ու ազգային քաղաքական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեանը ոտքի ելած բարձրաձայն, անուն մականունով  կը կանչէ եւ իր քով կը հրաւիրէ զիս…:

Իմ նրբանկա՛տ ընթերցող,

Ռուբէն Յովսէփեան

Նախ լաւ ճանչնալով Ռուբէնը` նման բան չէի ակնկալեր իրմէ: Վստահ էի, որ վեր պիտի գայ ու կարեւոր բան մը պիտի խնդրէ ինձմէ, այլապէս բնաւ չէի երթար: Անակնկալի եկած ու շուարած ոչ միայն սկսաւ սիրտս ուժգնօրէն տրոփել,  այլ նաեւ իւրաքանչիւր զարկի հետ ուղեղիս մէջ «պայթիւններ» տեղի կ՛ունենային: Ես, թէեւ քրտնելու հակամէտ եղած եմ միշտ, սակայն այս անգամ քրտինքս բազմապատկուեցաւ եւ կարծես թէ մարմնէս դուրս մզզալով ճամբայ կ՛որոնէր: Չափազանց անյարմար ու խայտառակ վիճակի մատնուեցայ: Ճարահատ բնազդաբար իջայ եւ իր առաջարկով տեղաւորուեցայ իր եւ Արցախի առաջնորդ` Պարգեւ սրբազանին միջեւ: Ռուբէնը զիս ծանօթացնելէ ետք Պարգեւ սրբազանին եւ Հայաստանէն եկած այլ հիւրի մը, աւելցուց.

– Ինձ ասացին, որ ընկերներիդ հետ նստած գարեջուր ես խմում, դա կարող ես անել քիչ յետոյ, վաղը, որեւէ օր, իսկ ես մի քանի օրից մեկնելու եմ, զարմանում եմ, թէ ինչո՞ւ չես ուզում գալ…

Ի վիճակի չէի անմիջապէս պատասխանելու: Մատուցողը  պնակ եւ ուտելու այլ յարմարանքներ շարեց դիմացս: Մերժեցի` պատճառաբանելով, որ անմիջապէս պիտի մեկնիմ, որովհետեւ սպասող կայ ինծի: Ընթացքին, երբ Ռուբէնը նշմարեց, որ այլայլած եմ եւ հանգիստ չեմ զգար, թէեւ յանդիմանական, սակայն ոճը մեղմացնելով շարունակեց.

– Մովսէս ջա՛ն, զգում եմ, որ ինչ որ բան է կատարւում քո հետ, ինչո՞ւմն է բանը… չեմ հասկանում…

– Ռուբէ՛ն, բանը նրանումն է, որ ես այստեղ հրաւիրուած չեմ, գիւղում բոլորը իրար ճանաչում են, զգայուն եւ տհաճ հարցեր կարող են ստեղծուել ոչնչից: Մանաւանդ որ դու ոեւէ մէկը չես, ես իրաւունք չունեմ քո հետ պատուոյ սեղան նստելու: Հոս տարբեր տեսակի ըմբռնումներ կան…

– Երբ այսքան մարդ են հրաւիրել ինչո՞ւ քեզ չեն հրաւիրել: Չեմ հասկանում…:

– Ես էլ չեմ հասկանում, սակայն միայն ես չեմ, ուրիշների էլ չեն հրաւիրել…  սա ուրիշ խնդիր է: Հաւանական է, որ ինչ որ թիւրիմացութիւն է եղել. մի՛ նեղացիր, յետոյ կը բացատրեմ, ես  հիմա կը գնամ, վերջացնելուց յետոյ Լեւոնն ու Փոլը քեզ կը բերեն, եւ ոնց որ յարմար է քեզ այդպէս էլ կ՛անենք, եղա՞ւ:

Ձախէն աջ` ինքնաշարժի վարորդը, Ռազմիկ Դաւոյեան, Ռուբէն Յովսէփեան եւ Սիսեանի ռայկոմի քարտուղարը` Սաշիկ Դաւթեան. Խնձորեսք, 1979-ին:

Առանց պատասխանի սպասելու, ոտքի ելայ եւ ուղղուեցայ դէպի դուրս, ճամբան իջայ եւ սկսայ քայլերս արագացնել դէպի ինքնաշարժ, զգացի, որ ետեւէս մէկը կու գայ, ետ դարձայ…  ինքն էր… կանգ առի ու այս անգամ ես յանդիմանական ոճով ըսի.

– Ռուբէ՛ն, ի՞նչ ես անում, հիմա կը կարծեն, թէ ես եկել էի յատուկ քեզ հետս տանելու, խանգարելու համար խրախճանքը, ակամայ չնախատեսուած հարցեր ես ստեղծում, սա քեզանից չի, ի՞նչ է կատարւում քո հետ, խնդրում եմ ետ գնայ:

Փոխանակ պատասխանելու, ինքնաշարժին դուռը բացաւ, ներս մտաւ ու նստաւ …անխօս: Ստիպուած նոյնը ես ըրի ու ըսի.

– Ռուբէ՛ն ջան, ինձ նեղ կացութեան ես մատնում… ուղղակի խնդրում եմ…

– Դու մի՛ մտահոգուի, ես նրանց կը բացատրեմ…

– Բայց ինչո՞ւ…

– Գլուխս պայթում է…: Քշի գնայ, տեղ հասնենք, կը բացատրեմ:

Ձախէն աջ` Սօս Սարգսեան, Սագիս Ետելեան, Ռուբէն Յովսէփեան եւ Ռազմիկ Դաւոյեան. Երեւան 1991-ին:

Այդ օր Ռուբէնը բնաւ ինքը չէր: Անխօս` տեղ հասանք, բացատրելու կամ ընդհանրապէս բացատրութիւն տալ-ստանալու առիթ չեղաւ, որովհետեւ Վահէն եւ Մովսէսը տակաւին հոն էին, անոնք ուրախ տրամադրութեամբ ընդունեցին զինք:

Նստանք խսիրով հիւսուած հնատիպ աթոռներու վրայ, որոնք թէեւ տարօրինակ, սակայն յարմարաւէտ ու հանգստաւէտ էին: Գլխացաւի դեղ եւ թէյ պատուիրելէ ետք, առաջին հերթին հետաքրքրուեցաւ աթոռներով, որոնց մասին Վահէն ըսաւ.

– Այս աթոռները կը կոչուին «Սրըգեանի», որովհետեւ Այնճարի մէջ այս արհեստով զբաղող միայն Սրըգեանը մնացած է: Տարիներ առաջ  ան ալ մահացաւ, եւ ուրիշ շինող չկայ… այնպէս որ քանի մը տարի ետք ասոնցմէ պիտի չմնայ…:

Ապա Մովսէսը աւելցուց.

– Գէշ չ՛ըլլար, եթէ  քանի մը հատ  պահենք իբրեւ  Մուսա Լեռէն բերուած աւանդական արհեստ:

Ասկէ ետք բնականաբար մեր խօսակցութիւնը ծաւալեցաւ Այնճարի շուրջ: Ռուբէնը կ՛ուղղէր հարցումներ, որոնց Վահէն եւ Մովսէսը պատրաստակամութեամբ եւ հպարտօրէն կը պատասխանէին` միաժամանակ ցոյց տալով գիւղին եւ գիւղացիներուն առաւելութիւնները` համեմատած դրացի եւ առհասարակ լիբանանեան այլ գիւղերու հետ: Ան ուշադիր լսելէ ետք աթոռին վրայ շտկուեցաւ ու ըսաւ.

– Հիմա աւելի լաւ կարելի է հասկանալ Եդուարդ Պօյաճեանի գրականութիւնը, սակայն ամենալաւը նա է, որ դուք Մուսա Լեռում բահը զէնքի էիք վերածել ու յաղթեցիք, եկել էք այստեղ այս անգամ զէնքը բահի էք վերածել ու շէնացրել այս աւանը, ում գիւղ էք ասում: Սա գիւղ չի, սա բարգաւաճ ու շէնշող մի փոքրիկ Հայաստան է, բայց…

Կանգ առաւ, աչքերը դարձուց դէպի կողքի  ծաղկանոցը, ապա բարձրացուց հայեացքը,  ուղղեց դէպի անդին` Լիբանանի լեռնաշղթայի գագաթները եւ առանց մեր կողմը նայելու, խօսքը աւարտեց կշռոյթով.

– Բայց, այս փոքրիկ Հայաստանը չի կարող հայրենիք լինել ձեզ համար…:

«Հարուածը» անակնկալ էր ու զօրաւոր… մեզի համար: Զօրաւոր էր, որովհետեւ այս կարճ, սակայն բովանդակալից նախադասութեան պատգամը յստակ էր ու մեկին: Ան ոչ միայն մատը ճիշդ վէրքին վրայ դրաւ, այլ նաեւ այնպէս մը սեղմեց, որ մենք շուարած իրարու երես նայեցանք ու լռեցինք: Ամենայն իրաւութեամբ կը բացայայտէր ու ցոյց կու տար մեզի այն, զոր մենք` այնճարաբնակ մուսալեռցիներս բնազդաբար ու «խնամքով» անթեղուած կը պահէինք մեր ենթագիտակիցի ծալքերէն ներս ու կը վարանէինք խօսիլ այդ մասին: Պահը թելադրական էր, իմաստալից, սակայն պրկուած ու  երկարատեւ… Երբ կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեղմացնել լարուած կացութիւնը, յանկարծ Փոլն ու Մելլը դարձեալ տնկուեցան դիմացս… հեւալով: Շուարած ըսի.

– Հիմա ի՞նչ կայ, ընկեր Ռուբէնը հո՛ս է արդէն… Ի՞նչ կ՛ուզէք:

– Այո՛, ատոր համար ալ եկանք, Թամատան (Պետրոս Շէմմեսեան) խնդրեց, որ զինք տանինք, որովհետեւ պէտք ունին իրեն…

Ըսաւ Մելլը, սակայն մինչեւ որ ես հարց տամ, թէ ինչո՞ւ, Փոլը բացատրեց.

– Յայտարարեցին, որ ընկեր Ռուբէն Յովսէփեանը մեր մէջ է, եւ կը խնդրենք իրմէ գայ եւ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:

– Է՛, յետո՞յ…

– Յետոյ ընկեր Տիգրանը (Ճինպաշեան) ըսաւ, որ Մովսէսը եկաւ եւ  առաւ տարաւ զինք…

Ես հարցական նայեցայ Ռուբէնին, որ դարձաւ եւ տղոց ըսաւ:

– Գնացէք ասացէք, որ ես եմ խնդրել Մովսէսից, որ ինձ այստեղ բերի, հանգիստ չեմ զգում:  Ես իմ խօսքս բազմիցս ասել եմ, առիթ կը լինի էլի կ՛ասեմ: Այնպէս որ թող ներողամիտ լինեն:

– Բայց հրահանգեցին մեզի, որ անպայման ձեզ տանինք… ասիկա «Բիւրոյի» հրահանգն է ընկեր Ռուբէն, պէտք է տանինք ձեզ…

– Ես էլ «Բիւրոյական» եմ: Հիմա էլ ես  եմ հրահանգում ձեզ, գնացէք եւ բացատրէք նրանց, թէ ինչո՞ւ չեմ կարող գալ, էլի եմ հրահանգում, յանկարծ չվերադառնաք…

Այնքան վճռական էր Ռուբէնը, որ ո՛չ տղոց եւ ոչ ալ ինծի խօսելու տեղ կը մնար…

Նստած` Ռուփէն Յովսէփեան, իսկ ոտքի` Վարուժան Խտըշեան: Շաքիի ջրվէժի գետափին` 1979-ին:

Սիրելի՛ ընթերցող,

Ստիպուած անգամ մը եւս պիտի ընդմիջեմ պատմութիւնը: Որպէսզի ըմբռնես, թէ ի՞նչքան մեծ նշանակութիւն ունէր «հրահանգը» այս  տղոց համար, պէտք է  տեղեկացնեմ, որ Փոլը` իր ընկերներուն Կարօ Շաքարեանի եւ Սիմոն Տուտագեանի  հետ միասին կամովին գացած ու մասնակցած էին Պէյրութի թաղային կռիւներուն ու ստացած`  «Փորձանք», «Վտանգ» եւ «Վնաս» մակդիրները, իսկ Լեւոնը գացած եւ մասնակցած էր նաեւ Արցախեան կռիւներուն ու ստացած հերոսի կոչում ու շքանշան:

Հիմա կրնաս հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Լեւոնը  ցնցուեցաւ ու անճրկած մեր բարբառով ըսաւ Փոլին.

– «Չէ՞ պըր շինընք համու» (Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա):

Իսկ Փոլը շատ հանգիստ պատասխանեց.

– «Չայր ամըր իրեն մի, մընք զմիր պարտականությօուն իրընք: Համու յա, չայր կու հրահանգի մի ընկեր Ռուբայն զատ ա կինընք, մնացէուծ իրինց գիտանիլաք-նի… : (Ինչ որ մեզի հրահանգեցին, մենք մեր պարտականութիւնը ըրինք, հիմա ալ ի՛նչ որ ընկեր Ռուբէնը հրահանգեց այդ ալ կ՛ընենք, մնացածը իրենց գործն է…):

Մինչեւ որ ես թարգմանեմ`  Ռուբէնը ընդմիջեց.

– Ես ինչ որ բան հասկացայ, այո՛, թող գնան եւ մի անգամ էլ թող չվերադառնան…

Ես պարզապէս անգամ մը եւս նշանակալից  հայեացքով նայեցայ իրեն, իսկ ինք բոլորիս դիմելով ըսաւ.

– Տղա՛ք, յոգնել եմ, քանի եկել ենք ամէն տեղ, ուր գնում ես հիւրասիրութիւն, կերուխում, բաժակաճառ ու բաժակաճառ, նոյն խօսքերը, նոյն մաղթանքները… Ես կարծում էի միայն Հայաստանում կան  նման յոգնեցուցիչ աւանդութիւններ, մինչդեռ, պարզւում է, որ Վանատուրը ամէն տեղ է, իսկապէս յոգնել եմ, ես գրող եմ … Քաղաքականութիւնը իմ գործը չի,  եթէ ես չաշխատեմ, չգրեմ  հանգիստ չեմ լինի…:

Վահէն եւ Մովսէսը միասնաբար հարց տուին.

– Ո՞վ է Վանատուրը…:

– Վանատուրը հայ ժողովուրդի հիւրասիրութեան աստուածն է,  եւ միայն մենք ունինք հիւրասիրութեան աստուած…

Ըսի ես եւ  Ռուբէնին նայեցայ, որ շարունակեց.

– Այո՛, Վանատուրը մեր հիւրընկալութեան աստուածն է եւ միակը աշխարհում: Նրա տօնը նշում ենք Նոր տարուայ առաջին օրը, դրա համար էլ Նոր տարուայ մեր սեղանները լինում են չափազանց լիքը եւ առատ… յանուն հիւրասիրութեան մսխում ենք շատ բան…: Մենք թէեւ հպարտ ենք, որ ասպնջական եւ հիւրասէր ժողովուրդ ենք, բայց համը հանում ենք թէ՛ Հայաստանում եւ թէ՛ այստեղ` Պէյրութում: Նման ծայրայեղութիւնները ինձ յոգնեցնում են, դրա համար էլ ուզեցի այստեղ` ձեր մօտ գալ: Այստեղ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանգիստ, ամբոխ չկայ, ժխոր չկայ, աղմուկ չկայ, նոյնիսկ թռչունների դայլայլ եմ լսում:

Մովսէսը առիթէն օգտուելով բացատրեց.

– Այնճարի քաղաքապետութիւնը, մաքրութեան եւ բնապահպանութեան սկզբունքներէն մեկնելով, արգիլած է կաթնտու եւ մսացու կենդանիներ պահելն ու որսորդութիւնը թէ՛ գիւղի մէջ եւ թէ՛ մօտիկ շրջակայքը:

– Իսկ գիւղացիք գործադրո՞ւմ են որոշումը:

– Անշո՛ւշտ, հոս կրնաս պետութեան օրէնքները չգործադրել կամ շրջանցել, սակայն «կոմիտէի» գիտակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ… եղած օրէնքներն ու նոյնիսկ «թելադրանքները» չես կրնար չգործադրել:

– Ինչո՞ւ…

– Նախ` անոր համար, որ գիւղացին վստահ է, որ «օրէնքը» ի նպաստ իրեն է: Երկրորդ`  «կոմիտէն» իր բնոյթով ու յարակից կառոյցներով միշտ ընդհանուրին շահերը կը պաշտպանէ, ատոր համար ալ  մեր կուսակցութիւնը շահած է ժողովուրդին վստահութիւնը:

– Դա հրաշալի է, երանի մեզ մօտ իւրաքանչիւր գիւղ թաղապետարանից անկախ, այստեղի նման մի «կոմիտէ» ունենար, ում կարելի լինէր վստահել…

Տակաւին խօսքը չաւարտած յանկարծ ներս մտաւ Երուանդ Փամպուքեանի վարորդը, որ բարեւելէ եւ ստուգելէ ետք, որ Ռուբէն Յովսէփեանը հոն է, ետ դարձաւ եւ քանի մը վայրկեան ետք, Փամպուքեանը եկաւ: Բոլորս ջերմութեամբ դիմաւորեցինք զինք: Ան լայն ժպիտով ու բարձր տրամադրութեամբ տեղաւորուեցաւ իրեն յատկացուած աթոռակին, որուն տեսակը ծանօթ կը թուէր իրեն: Բաւականին ջերմ ու մտերմական զրոյց ունենալէ ետք անոնք ուս ուսի տուած մեկնեցան Պէյրութ:

Այս բոլորէն ետք երկու հարց:

Ընթերցողներէս շատեր յաճախ հարց կու տան, թէ` «Ինչո՞ւ պատմութիւններէդ շատեր պարզ եւ կամ յանկարծակի կը վերջանան… առանց յատկանշական աւարտի»:

Իմ հաւատարիմ եւ հետաքրքրասէր ընթերցող,

Նախ ըսեմ, որ իմ ըրածս ստեղծագործական գրականութիւն չէ, այլ «յուշագրութիւն»: Ես չեմ կրնար շեղիլ իրականութենէն եւ, ամերիկեան շարժապատկերներուն նման «Happy Ending»-ով, ուրախ տրամադրութեամբ կամ Շէյքսպիրի նման ցնցիչ դէպքով մը աւարտել պատմութիւններս: Ճշմարտանմանն ու սուտ յօրինումները վերապահուած են ստեղծագործական գրականութեան, իսկ  յուշագրութեան իմաստն ու արժէքը պատումի ճշմարտացիութեան եւ իրականութիւնը ճշգրտօրէն արտայայտելուն մէջ կը կայանայ: Մինչեւ այն ատեն որ ես պարտաւորուած եմ իրականութիւնը գրելու, իմ պատմութիւններս կը վերջանան այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցած են… թէկուզ ի վնաս ինծի:

Երկրորդ`

Ռուբէնի մասին ունեցած յուշերս հոս եւս չեն աւարտիր: Մնացեալը` այլ առիթով…:

 

 

Նախորդը

Եթէ Այսպէս Շարունակենք…

Յաջորդը

Յունիսեան Նախընտրական Հարցումը 2021-ին Եւ Հիմա (Սփիւռքեան Դիտանկիւն)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.