Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի Պատգամին

May 29, 2026
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 28-ը դէպք ու թուական ըլլալէ անդին, խորհրդանիշ է Հայաստանի անկախութեան:

Մայիս 28-ը հոմանիշ է ազգային վեհ իտէալներուն շուրջ համախմբուելու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին:

Մայիս 28-ը յուշարար է հաւատքի ոյժով ու անմնացորդ նուիրումով ու նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ հայրենիքին համար պայքարելու ամուր յանձնառութեան:

Այսպէս եղած են մեր պատմութեան խորհրդանիշերը: Անդրանցնելով իրենց ժամանակի նեղ սահմանները, անոնք դարձած են խորհրդանիշ սրբազան արժէքներու, լուսափայլ փարոս մեր կեանքի խաւար ճամբան լուսաւորող, անլռելի զանգակատուն՝ մեզ թմբիրէն արթնցնող, զգաստութեան կոչ՝ կեանքի մոլոր ճամբաներէն զգուշացնող:

Այսպէս է նա՛եւ Մայիս 28-ը:

Այս գիտակցութեամբ Մայիս 28-ի ոգիով ու պատգամով սերունդներ կերտուեցան: Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութեան տեսլականով ու գաղափարականով սերունդներ դաստիարակեցին:

Ժամանակները կը փոխուին, սերունդները կը փոխուին, սակայն խորհրդանիշերը կը մնան յաւիտենական: Վա՜յ այն ազգին, որ պատմութեան փոշիներուն տակ կը պահէ իր խորհրդանիշերը: Վա՜յ այն սերունդներուն, որոնք մոռացութեան կը դատապարտեն իրենց ազգային խորհրդանիշերը…:

Կþապրինք անորոշ պայմաններու մէջ: Տագնապներով շրջապատուած ենք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Բեւեռացումները ներքնապէս կը մաշեցնեն մեր կենսունակութիւնը: Մութ ամպրերով ծածկուած է հայ կեանքի երկինքը:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր արմատներէն, արժէքներէն ու իտէալներէն մեզ հեռացնող ներկայ պայմաններուն դիմաց:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր կեանքը իմաստաւորած, մեր գոյապայքարը հզօրացուցած, մեր ինքնութիւնը իմաստաւորած խորհրդանիշներուն հանդէպ անտարբերութեան դիմաց:

Նայեցէք մեր պատմութեան:

Մեր ազգային կեանքի ճակատագրական պահերուն ու հայրենիքը դիմագրաւող վտանգներուն դիմաց, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուած են ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան: «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանը սոսկ լոզունգ չէ եղած, այլ զօրաշարժի կոչ ու պայքարի հրաւէր՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարտարապատ ու Արցախ:

Համախմբուիլ՝ ախգին ու հայրենիքին արժէքներուն ու իտէալներուն շուրջ. համախմբուիլ՝հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման ու ազգին հզօրացման շուրջ:

Մնալ հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի աւանդին ու պատգամին:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մայիս 28, 2026
Անթիլիաս

Նախորդը

Մայիս 28. Հայ Ժողովուրդի Անկոտրում Կամքի Եւ Անկախութեան Յաղթանակի 108-Ամեակը

Յաջորդը

Սօս Վանիի Անտիպ Գործերը՝ Սիմոն Վրացեանի Եւ Օննիկ Զաքարեանի Նամակներուն Մէջէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.