Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգի Փրկութեան Բանալին

May 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1917-ին ռուս զինուորները, Լենինի տունդարձի «հայրական» կոչին անսալով,  լքեցին ճակատն ու իրենց հայրենիք վերադարձան` պոլշեւիզմին աւետած բարիքները վայելելու հիասթափումի դատապարտուած յոյսով: Հայ կամաւորները ամբողջ արեւմտեան ճակատի երկայնքին մնացին առանձին` ընդդէմ թրքական բազմամարդ բանակին: Ստեղծուած էր վտանգաւոր կացութիւն մը եւ ճակատագրական պահ մը:

Հայ ժողովուրդը յարգեց ճակատագիրի ժամադրութիւնը, եւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն հազիւ 3 տարի ետք, վերապրելու իր հազարամեայ կամքին շնորհիւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ գոյութենական ճակատամարտերէ ետք յաղթանակ արձանագրելով` 28 մայիս 1918-ին հռչակեց իր անկախութիւնը, որուն ան արժանի էր եւ` երկար ատեն անոր համար պայքարած:

Ահա 108 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, եւ հաստատուեցաւ անոր առաջին հանրապետութիւնը: Ոչինչէն կազմուած պետութիւնը դիմագրաւեց ներքին եւ արտաքին հազարումէկ ծանրակշիռ դժուարութիւններ: Իրողութիւն մը, որ ընկրկումի եւ յուսալքութեան պատճառ չդարձաւ, տիրող վատ իրավիճակը չխեղդեց դէպի լուսաւոր ապագայ թռիչքը եւ անոր հասանելիութեան նկատմամբ հաւատքը:

7 դեկտեմբեր 1988-ին, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն երկու տարի ետք, հայ ժողովուրդը դարձեալ ժամադրուած էր ճակատագիրի հետ, այս անգամ` Արցախի մէջ: Ան այդ առիթով եւս ակնթարթային, հաստատակամ ու ինքնավստահ կերպով եւ ճիշդ պահուն բազմեցաւ պատմութեան սրընթաց գնացքին մէջ:

Երկու աղէտ, ապա` երկու յաղթանակ. պատմական իրողութիւն մը, որմէ պէտք է դաս քաղել: Յաճախ կ՛ըսուի, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Այո՛, այդ մէկը կրնայ ճիշդ ըլլալ, սակայն հաստատօրէն թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ իրադարձութիւններու կրկնութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ եւ չի կրնար ըլլալ, այլ` ազգի մը հոգեմտաւոր պատրաստուածութեան, տոկունութեան, քաջութեան ու վճռակամութեան գոյութեան արդիւնքը, կամ ալ` անոնց չգոյութեան հետեւանքը:

Ուստի ծանր հարուածներ ստանալէ ետք, հայ ժողովուրդին արձանագրած յաղթանակներուն դափնեկիրը պատմութիւնը չէ, այլ այդ յաղթանակները կերտողը` հայ ժողովուրդը:

Պատմութիւնը վկայ, իր հազարամեայ պատմութեան զարգացումներու հնոցին մէջ թրծուած հայ ժողովուրդին էութեան մէջ կոփուած է վերապրելու անպարտելի կամք մը: Ահա այդ կամքն է, անոր գոյութիւնն է երաշխաւորն ու դրդապատճառը 1918-ի պատմութեան 2 սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի մէջ կրկնութեան:

Արցախի Հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան օրէնքներուն եւ անկախ պետութեան ստեղծման համար միջազգային օրէնքի դրոյթներուն վրայ, նաեւ` հանդիսացաւ հանրաքուէի արդիւնք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն բռնատիրական Ազրպէյճանի, Արցախը ժողովրդավարական հանրապետութիւն էր, շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան փարոս մը` միջազգային ու ժողովրդավարական պետութիւններու ընտանիքներուն անդամակցութեան արժանի:

Ուստի, 2020-ին եւ 2023-ին անոր դէմ Պաքուի շղթայազերծած յարձակումը միայն հայութեան դէմ յարձակում մը չէր, այլ նաեւ` ժողովրդավարութեան դէմ յարձակում մը. յարձակում մը` այն միջազգային օրէնքներուն վրայ, որոնց հիմամբ անկախացած էր հայկական 2-րդ պետութիւնը:

Ի տես այդ իրողութեան, սակայն, ժողովրդավարութեան ջատագով մեծ տէրութիւնները լուռ մնացին, կոյր ձեւացան կամ, լաւագոյն պարագային, կցկտուր յայտարարութիւններ կատարեցին` առանց իրենց շարունակ ջատագոված ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու որեւէ շօշափելի քայլ կատարելու: Փաստ է, որ երբ քննութեան ժամը հնչեց, միջազգային ընտանիքը ձախողեցաւ եւ կը շարունակէ կրել իր այդ ամօթի խարանը:

Այդ յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան վրայ չէր միայն, այլ` մարդու իրաւունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման 1948 թուականի միջազգային հռչակագիրի համաձայն` բացայայտ ցեղասպանութիւն մը:

Այսպէս, հայ ժողովուրդը հարիւր տարուան ընթացքին 2-րդ անգամ ըլլալով ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: Իրողութիւն մը, որ հետեւանք է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան մթնոլորտին:

Իրենց անվտանգութեան դարպասի կորուստով այսօր վտանգուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր բնակչութիւնը: Արցախի ամբողջական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներու բռնագրաւումը միայն սրած է թուրք-ազրպէյճանական չարիքի առանցքին չյագեցող ախորժակը:

Այո՛, հարուածը ծանր էր ու ցնցիչ: Սակայն ոչինչ աւարտած է: Ազգերու պատմութիւնը վերիվայրումներով լեցուն է, իսկ քաղաքականութիւնը յարափոփոխ է, այնտեղ վերջնական արդիւնքներ չկան, այլ` յարատեւ ջանք, աշխատանք ու պայքար: Ո՛չ յաղթանակն է վերջնական, ո՛չ պարտութիւնը: Այլ բան կարծելը ինքնախաբէութիւն է միայն, թերեւս` նոյնիսկ միամտութիւն, սակայն հաստատօրէն խիստ վտանգաւոր է եւ ծանր հետեւանքներով յղի:

Մեզմէ հեռու պահենք ամէն վհատութիւն, յուսալքութիւն ու պարտուողականութիւն: Յիշենք, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն եւ 1988-ի երկրաշարժէն ետք ալ կը գտնուէինք շատ ծանր վիճակի մէջ, սակայն անոնց յաջորդեցին փառապանծ յաղթանակներ:

Յիշենք, որ ամէն գիշեր ի վերջոյ արշալոյս մը ունի, սակայն պարտուողական մտայնութեան տէրերուն ու մութ ճակատագրին յանձնուածներուն համար չկայ այգաբաց: Իրենց հոգիներուն մէջ յոյսի լոյսը մարողներն ու փայլուն ապագայի նկատմամբ հաւատքը սպաննողները անկարող են լոյսի ճամբան տեսնելու: Անոնց համար գիշերը տեւական է, խաւարը` ճնշիչ, ամենակուլ ու թանձր: Ահա անոնց համար ըսուած է այն ճշմարիտ խօսքը, թէ լաւ է կոյր աչօք, քան` կոյր մտօք:

Ուստի զինուինք 1918-ի սերունդի հոգեմտաւոր կորովով, շարունակենք երթը դէպի լուսաւոր ապագայ եւ մանաւանդ, ի՛նչ որ ալ պատահի, ի՛նչ դժուարութիւն որ ալ դիմագրաւենք, երբեք ու երբեք չկորսնցնենք անոր հասանելիութեան նկատմամբ հաւատքը: Ի վերջոյ այդ հաւատքը եւ այդ հաւատքէն ծնող, անոր արտայայտութիւնը եղող գործն է միայն, որ մեզ պիտի փրկէ եւ մեզ հասցնէ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին:

ՀՅԴ-ն ամբողջ իր պատմութեան ընթացքին այդ հաւատքով գործած է, կը գործէ եւ պիտի գործէ` մինչեւ մեր սրբազան նպատակներու իրագործումը: Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, Դաշնակցութիւնը 70 տարի շարունակ հաւատաց, որ մեր հայրենիքը դարձեալ պիտի անկախանայ:

Ինչպէս Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէ. «Հաւատքը հաւատալն է բանի մը, որ չես տեսներ, այս հաւատքին վարձատրութիւնը տեսնելն է այն, ինչին որ կը հաւատաս»: Այդպէս ալ եղաւ: ՀՅԴ-ն հաւատաց Հայաստանի վերանկախացման եւ հանրապետութիւնը վերանկախացաւ: Մեր աչքերովը տեսանք այն, ինչ նախկին սերունդները շարունակ երազեցին տեսնել:

Ինչպէս 70 տարիներ Հայաստանի վերանկախացման հաւատացինք, այսօր ալ կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդի Արցախ վերադարձը ի վերջոյ պիտի իրագործուի, ուստի այս հաւատքով եւ միջազգային օրէնքով զինուած կը գործենք այդ նպատակի իրագործման համար: Այո՛, կը գտնուինք դժուար կացութեան մէջ, սակայն արդեօք արցախեան պայքարի սկիզբը կացութիւնը դիւրի՞ն էր, երբ թշնամիին հրասայլերուն եւ ուղղաթիռներուն դէմ դնելու համար միայն որսորդական զէնքեր ունէինք…

 

Տոսթոյեւքսի կ՛ըսէ, թէ` «Ազգերը չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան», իսկ մենք անձնասպան ըլլալու նպատակ չունինք, այլ` ապրելու, այդ ալ` արժանապատիւ եւ հպարտ կերպով, նաեւ գիտենք, թէ ապրիլ` կը նշանակէ դժուարութիւններուն դէմ պայքարիլ: Ուստի պիտի չընկրկինք, պիտի չվհատինք, այլ պիտի շարունակենք մեր ազգին ու պետութեան լուսաւոր ապագային հաւատալ եւ անոր համար պայքարիլ:

 

 

Նախորդը

Նոր Մայիսի Սպասումով

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիսեան Փառատօնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.