Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը՝ Հայ Ժողովուրդի Հոգեւոր Խղճին, Ազգային Արժէքներուն Եւ Համամարդկային Բարոյականութեան Ձայնը

May 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս օրերուն խոր ակնածանքով, յուզախառն ապրումներով եւ հոգեկան բացառիկ ներշնչումով մամուլի էջերէն հետեւեցանք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Վատիկան կատարած այցելութեան եւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ ունեցած հանդիպման: Նաեւ ուշադրութեամբ հետեւեցանք անոր հրապարակային արտայայտութիւններուն, հանդիպումներուն եւ այն վճռորոշ պատգամներուն, որոնք կը բխին ոչ միայն Հայ եկեղեցւոյ ազգընտիր գահակալին հոգեմտաւոր խոր աշխարհէն, այլ նաեւ` ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանութեան գիտակից ու պատասխանատու կեցուածքէն:

Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր արտասանած իւրաքանչիւր խօսք, պատգամ եւ յայտարարութիւն կը կրէին պատմական պատասխանատուութեան, հոգեւոր հասունութեան եւ ազգային հեռատեսութեան բացառիկ դրոշմը: Ան դարձեալ ապացուցեց, որ միայն եկեղեցական առաջնորդ մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի հաւաքական իղձերուն, խղճին, ազգային յիշողութեան, պահանջատիրութեան եւ հոգեւոր դիմագիծին ամուր պահապանը:

Արցախի հարցին անդրադառնալով` վեհափառը յստակ եւ անվերապահ կերպով շեշտեց բռնագաղթուած արցախահայութեան վերադարձի անժամանցելի իրաւունքը` միջազգային երաշխաւորութեամբ, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ պատմական կոթողներու պահպանման հրամայականը` միջազգային օրէնքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ` Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման կենսական անհրաժեշտութիւնը:

Այս յստակ ու անվեհեր կեցուածքը անգամ մը եւս փաստեց, որ Հայ եկեղեցին, հակառակ ժամանակի փոթորիկներուն, կը շարունակէ մնալ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ կանգնած աննկուն միջնաբերդ մը:

Վեհափառը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ներկայ տագնապալի իրավիճակին` շեշտելով Լիբանանի գերիշխանութեան ամբողջական վերահաստատման կարեւորութիւնը, լիբանանեան բոլոր տարածքներէն օտար ուժերու հեռացման անհրաժեշտութիւնը եւ զինադադարի ամբողջական յարգումը: Անոր խօսքը դարձեալ լայն հորիզոնով առաջնորդի խօսք էր` շրջանցելով նեղ քաղաքական հաշիւները եւ առաջնահերթ նկատելով ժողովուրդներու խաղաղութիւնը, արժանապատուութիւնն ու համակեցութեան մշակոյթը:

Միջեկեղեցական շարժումներու ծիրին մէջ եւս վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց, աստուածաբանական քննարկումներուն զուգահեռ, բարոյագիտական հիմնահարցերու առաջնահերթութիւնը: Այս մօտեցումը ցոյց կու տայ, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները կը դիտէ ոչ միայն կրօնական, այլ նաեւ քաղաքակրթական ու մարդկային պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ:

Վատիկանը նոյնպէս յատուկ կարեւորութիւն տուաւ այս այցելութեան` լայն անդրադարձ կատարելով հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն: Զգալի էր պապին կողմէ ցուցաբերուած յարգանքն ու ուշադրութիւնը, որոնք կը վկայեն, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը միջազգային հոգեւոր եւ մտաւոր շրջանակներուն մէջ կը վայելէ բարձր հեղինակութիւն ու վստահութիւն:

Այս բոլորին դիմաց` քողազերծուած ցաւով եւ մտահոգութեամբ կարելի չէ չանդրադառնալ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ վերջին շրջանին որդեգրուած անհեթեթ, անպատշաճ եւ երբեմն նոյնիսկ վիրաւորական վերաբերմունքին` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ անոր ազգընտիր հայրապետներուն հանդէպ: Այն հաստատութիւնը, որ դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի ինքնութեան, գոյատեւման եւ ազգային արժանապատուութեան ամրոցը, այսօր դժբախտաբար կը դառնայ քաղաքական մանր հաշիւներու եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններու թիրախ:

Անընդունելի եւ դատապարտելի են նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հասցէին հնչող վիրաւորական ու անհարկի արտայայտութիւնները, որոնք ոչ միայն կը խաթարեն ազգային միասնականութեան մթնոլորտը, այլ նաեւ կը նսեմացնեն պետական եւ քաղաքական խօսքի արժէքն ու պատասխանատուութիւնը: Պետութիւն ղեկավարելը չի նշանակեր ազգային արժէքներու նսեմացում, Եկեղեցւոյ հեղինակութեան խոցում կամ այլախոհութեան հանդէպ արհամարհական վերաբերմունք:

Այս ճգնաժամային եւ պատմական օրերուն մեր ժողովուրդը, աւելի քան երբեք, կարիքը ունի ազգային համախմբութեան, հոգեւոր արժէքներու վերարժեւորման եւ պատասխանատու առաջնորդութեան: Իսկ այդ հոգեւոր առաջնորդութեան կենդանի խորհրդանիշներէն մէկը, անկասկած, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետն է` իր իմաստութեամբ, ազգային տեսլականով, անխոնջ ծառայութեամբ եւ համամարդկային լայն մտածողութեամբ:

Հայրապետական հոգեզմայլ մաղթանքով պիտի կրկնենք,

«Պահեա՛, ո՛վ Տէր, անսասան զՍուրբ Աթոռ Կիլիկեան,
կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ
Տ. Տ. Արամ Հայրապետ»:

Պատմականօրէն եւ խորախորհուրդ պահ մը հանդիսացաւ նաեւ այն տեսարանը, երբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Լեւոն ԺԴ. պապին ներկայութեան, միասնաբար հնչեցուց «Կիլիկիա»-ն: Այդ բացառիկ եւ յուզիչ պահը ոչ միայն հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան խորհրդանշական արտայայտութիւն մըն էր, այլ նաեւ` համայն աշխարհին ուղղուած պատգամ մը, թէ հայ ժողովուրդը, իր Եկեղեցւոյ եւ պատմական յիշողութեան հետ, կը շարունակէ ապրիլ, պահանջել, վկայել եւ արժանապատուօրէն ներկայ մնալ միջազգային հոգեւոր բեմին վրայ:

Արժանապատուօրէն կարելի է ըսել` վարձքը կատար վեհափառ հայրապետին ուղեկցող մեր թեմակալ սրբազան առաջնորդներուն, որոնց ներկայութիւնը, ծառայողական ոգին եւ հոգածութիւնը մեծապէս զգալի դարձան, մասնաւորաբար` մեր ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայի բարդ մարտահրաւէրներուն ընթացքին:

Թող Հայ եկեղեցին շարունակէ մնալ մեր ազգի հոգեւոր լոյսը, իսկ անոր արժանաւոր հայրապետները` մեր ժողովուրդի յոյսի, արժանապատուութեան եւ ազգային վերազարթնումի անշէջ ջահակիրները:

2026 — Թորոնթօ

Նախորդը

Ակնարկ. Հիմա, 60 Օր Եւ Հարաւի Ազատագրութեան Օրը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Մայիս 25 2026)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.