. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.»-ին. «Լիբանան տակաւին մինչեւ հիմա իրանեան-ամերիկեան համաձայնութեան պարագային լիբանանեան ճակատին վրայ զարգացումներու վերաբերեալ որեւէ տուեալ չստացաւ, սակայն կ՛ողջունէ որեւէ համաձայնութիւն, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի ամբողջական դադրեցման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններու դադրեցման կը յանգեցնէ»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Այն Թինէի այցելուները, մէջբերելով խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի յայտարարութիւնները, կը նշեն. «Ամալ շարժումէն պաշտօնատարներու դէմ ամերիկեան քայլերը զարմանալի են: Գոյութիւն ունի լոպի մը, որ ամերիկեան կարգ մը շրջանակներու մէջ աշխատանք կը տանի ճնշում բանեցնելու եւ գրգռութիւն կատարելու: Լիբանանի մէջ զինադադարի հարցով գրաւը ամերիկեան-իրանեան համաձայնութեան վրայ է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ կը շարունակէ իր մագլցումի կշռոյթը բարձրացնել` Լիբանանի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար, եւ ամերիկեան վերջին պատժամիջոցները այս նոյն ծիրին մէջ են»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլեան մագլցումը այսպէս կոչուած 45-օրեայ զինադադարի ընթացքին չդադրեցաւ, եւ անցնող ժամերուն անոր ընդլայնման նպատակը Փենթակոնի մէջ ժողովի, ապա 2-3 յունիսին որոշուած բանակցութիւններու փուլի նախօրեակին Լիբանանի վրայ ճնշում կատարելն է»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իմատ Հութ «Սաութ Քուլ Լուպնան»-ին. «Լիբանանեան բանակի անդամ մը սպաննած որեւէ անձ համաներումէն չ՛օգտուիր, այլ` իր պատիժի մեղմացումէն»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ «Մուտուն»-ին. «Լիբանանեան խնդիրի լուծումը պէտք է լիբանանեան ըլլայ: Ոմանք կրնան կարծել, թէ լուծումը զինուորական է, սակայն Կազան աւելի քան երկուքուկէս տարիէ ի վեր կը ռմբակոծուի, եւ Համասը զինաթափելու վերաբերեալ խօսակցութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Քաղաքական խնդիրի մը լուծումը զինուորական չէ, այլ` քաղաքական»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պատժամիջոցներու հաստատման այս քայլը մէկուսացուած չէ, եւ յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին` իբրեւ աստիճանական ծրագիրի մը մէկ մասը, որովհետեւ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ, Իսրայէլի հետ քաղաքական ու զինուորական բանակցութիւններու հետ համատեղ, այս միջոցները օգտագործել` Լիբանանի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ուսումնասիրուող ամերիկեան ծրագիր մը կը քննարկէ բոլոր լիբանանցիներուն վրայ ճնշումը աւելցնելու գաղափարը` պառակտում հրահրելու եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքը մեծցնելու համար, մանաւանդ որ Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը այլեւս աւելի համոզուած են, թէ զինուորական ուժը առանձինը բաւարար չէ Դիմադրութեան հետ ճակատամարտը վճռելու»:
. ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ հարցերու «Մաշրեք» կեդրոնի նախագահ դոկտ. Սամի Նատեր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ամերիկեան պատժամիջոցները Ուաշինկթընի մէջ ապահովական ժողովէն առաջ Լիբանանի մէջ «խոր պետութեան» ուղղուած պատգամ են»:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ամերիկեան պատժամիջոցներու որդեգրման համար ընտրուած պահը հարցականներ կը ստեղծէ, մանաւանդ որ այդպիսի քայլի մը հաւանականութիւնը ցոյց տուող որեւէ մթնոլորտ չկար, սակայն Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը իր հաշիւները ունի»:
«Այս պատժամիջոցները ժխտական անդրադարձ պիտի ունենան բանակցութիւններու ընթացքին վրայ», նշած է աղբիւրը:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Գիւղերը դատարկելով հիւսիս ուղղուելու Իսրայէլի իրերայաջորդ զգուշացումներուն նպատակը հարաւցիները, մանաւանդ Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանի գիւղերու բնակիչները իրենց հողերէն տեղահանելն ու այդտեղ վերադարձը արգիլելն է»:
. ԱՌՆՉԱԿԻՑ աղբիւր մը «Պինա» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարութիւնը կը մերժէ Իսրայէլի հետ ապահովական եւ զինուորական ուղղակի համակարգումը, ինչպէս նաեւ մերժած է լիբանանեան-իսրայէլեան գործողութիւններու շտապ ստեղծելու ամերիկեան պահանջ մը, եւ փոխարէնը կոչ ուղղած` վերադառնալու «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ որդեգրուած համակարգումի գործիքակազմին»:
. ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ առանցքէն լաւատեղեակ կողմեր «Պինա» օրաթեթին. «Դիմադրութիւնը իրեն դիմած անձերուն փոխանցած է յստակ սկզբունքներ եւ շարք մը «ոչ»-եր, որոնց ամփոփումը հետեւալն է. ի գին ամէն ինչի ո՛չ 2 մարտէն առաջ տիրած հաւասարակշռութեան, ո՛չ հարաւէն իսրայէլեան հեռացումէն առաջ զէնքի մենաշնորհման, ո՛չ բռնագրաւումի գոյութիւնը ընդունելուն, նոյնիսկ եթէ զինադադար հաստատուի բախումները պիտի չաւարտին ամբողջական հեռացումէն առաջ, նախկին բոլոր փորձառութիւններէն մղուած պէտք չէ Ուաշինկթընի բանակցութիւններու հոլովոյթին յոյս կապել, այլ` Իսլամապատի հոլովոյթին»:
. «ԺԱՏԻՏ» կը հաղորդէ, որ բանակի հրամանատարութիւնը Հըզպալլան զինաթափելու աշխատանքին համար յատուկ զօրամաս մը ստեղծելու ամերիկեան դիմում մը չէ ստացած, եւ կը մերժէ այդպիսի քայլ մը, մանաւանդ որ բանակը չունի յատուկ եւ մասնաւորաբար համայնքային գետնի վրայ միագոյն զօրամասեր»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, «Համաներումը ներկայիս սառեցուած է, եւ բանակի` շարք մը կալանաւորներու ազատ արձակումը մերժելը կը վայելէ արաբական, միջազգային եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ծածկոյթը, մանաւանդ որ վերջինս օրէնքը ստորագրելն ու օրինագիծը չվերադարձնելը կը պայմանաւորէ բանակի հաւանութեամբ:
«Հաստատ տեղեկութիւններու համաձայն, Սուրիան ճնշում բանեցուցած է համաներման մէջ չներառուած կարգ մը անձերու ազատ արձակման համար, սակայն այդ հարցը մերժուած է եւ փակուած»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն կը շարունակէ առնչակից կողմերուն հետ խորհրդակցաբար լիբանանեան զինուորական պատուիրակութեան կազմութեան վրայ աշխատիլ` առ ի պատրաստութիւն Ուաշինկթընի մէջ սպասուող հանդիպումին: Սակայն այս հոլովոյթը կը դիմագրաւէ ներքին բարդութիւններ, որովհետեւ մինչեւ այս պահս նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ որեւէ հաղորդակցութիւն չարձանագրուեցաւ, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հաղորդակցութիւնը անուղղակի է: Ինչ կը վերաբերի ամերիկացիներուն, հաղորդակցութիւնները ներկայիս զինադադարի հարցին մէջ արդիւնքի չյանգեցան, ինչ որ այս թղթածրարը Փենթակոնի նիստին քննարկման թեկնածու կը դարձնէ»:


