Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Նախնադարեան ժամանակաշրջանէն մարդիկ միշտ երկինքին մէջ բաներ մը փնտռած են: Այդ օրերուն նաեւ յառաջացած են երկնային առասպելներ, այսօր` գիտաերեւակայական նիւթեր: Այժմ փոխուած են իրողութիւնները: Գիտնականները կարգ մը տուեալներու վրայ հիմնուած եզրակացութիւններու կը յանգին: «theconversation» եւ «Space» կայքերը այս առնչութեամբ նիւթեր հրապարակած են:
Ն.
– Չբացայայտուած Թռչող Առարկաներու Մասին Նոր Թղթածրարները Պատասխաններ Չտուին
– Գիտնականները Առաջարկած Են Այլմոլորակայիններու Որոնման Նոր Մեթոտ` Կեանքի «Վիճակագրական Ձեռագրի» Միջոցով
– Տանթէի ԺԴ. Դարու «Դժոխքը»` Երկնաքարի Հարուածի Ծածուկ Նկարագրութի՞ւն
Չբացայայտուած Թռչող Առարկաներու
Մասին Նոր Թղթածրարները
Պատասխաններ Չտուին
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը հրապարակած է Չբացայայտուած անբնական երեւոյթներու (UAP) վերաբերեալ փաստաթուղթերու հերթական մեծ ծրարը. այժմ պաշտօնապէս ճիշդ այսպէս կ՛անուանեն այն, որ նախապէս կը կոչուէր UFO (Unidentified Flying Object): Նոր նիւթերուն մէջ կան լուսանկարներ, տեսանիւթեր եւ զեկոյցներ` այնպիսի դէպքերու մասին, որոնք զինուորականներն ու հետախուզութիւնը չեն կարողացած բացատրել:
Հակառակ գաղտնազերծուած տուեալներու ծաւալին` հարցերուն մեծ մասը մնացած է անպատասխան: Կարգ մը միջադէպեր հետզհետէ աւելի լուրջ տեսք կը ստանան:
Պարզ դէպքեր
Նիւթերուն մէկ մասը ունի պարզ բացատրութիւններ: Պայծառ բռնկումները, որոնք տեսած են տիեզերագնացները լուսնի վրայ, շատ հաւանաբար նկարահանումներ են կամ բարձր ուժանիւթի տիեզերական ճառագայթներու հարուածի արդիւնք: Երկրի մագնիսական դաշտէն դուրս անոնք շատ աւելի յաճախ կը հանդիպին:
Արագ թռչող պայծառ առարկաներով տեսանիւթերը յաճախ կը բացատրուին լուսանկարչական սարքին մօտէն թռչող միջատներով: Փոքր հեռաւորութեան պատճառով անոնք կ՛ըլլան կեդրոնացումէն դուրս եւ կ՛ունենան գերարագ ձեւեր:
Դէպքեր, որոնք դժուար է անտեսել
Սակայն ամէն բան չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ այդքան պարզ բացատրել:
2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու ծովուժը գաղտնազերծեց F/A-18 կործանիչներու երեք տեսանիւթ, որոնց մէջ պատկերուած են յայտնի «Թիք-Թաքները»` առարկաներ, որոնք կը շարժէին առանց տեսանելի շարժիչ ուժի (propulsion), կտրուկ կը փոխէին արագութիւնն ու ուղղութիւնը:
Զինուորականները պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ չեն գիտեր, թէ այդ ի՛նչ է: Առարկաները միաժամանակ հաստատուած էին յառաջադէմ քանի մը սենսըրներու կողմէ:
2025 թուականին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի լսումներու ժամանակ ցուցադրեցին աւելի հետաքրքրական ձայնագրութիւն մը: MQ-9 Reaper անօդաչուն Hellfire հրթիռ արձակած է UAP-ի ուղղութեամբ: Հարուածէն ետք առարկան պահ մը փոխած է ուղեգիծը, սակայն տեսանելի վնասուածքներ չէ ստացած եւ շարունակած է թռիչքը: Այս կը վկայէ այն մասին, որ խօսքը ֆիզիքական առարկայի մը մասին է, այլ ոչ թէ` տեսողական պատրանքի:
Անօդաչուներ եւ խարիսխներ
Վերջին տարիներուն կտրուկ աճած է ամերիկեան եւ եւրոպական ռազմական սարքերու մօտ «անօդաչուներու խումբերու» մասին հաղորդումներու թիւը: Քանի մը պարագաներու, Միացեալ Նահանգներու ծովուժի ականակիրները բախած են չբացայայտուած թռչող սարքերու մեծ խումբերու հետ: Մօտակայքին մէջ չեն յայտնաբերուած կրող-նաւեր, որ «սովորական անօդաչուներու» մասին պարզ բացատրութիւնը կը դարձնէ թերի:
2023 թուականին Միացեալ Նահանգներ հարուածեցին չինական բարձրալեզու լրտեսական սարքը, ինչպես նաեւ քանի մը այլ սարքեր` Հիւսիսային Ամերիկայի վրայ: Անոնց մէկ մասին վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը մինչ այսօր կը մնայ փակ:
Այդ ի՞նչ կրնայ ըլլալ
Մանագէտները համամիտ են. բոլոր դէպքերու համար միասնական մէկ բացատրութիւն գոյութիւն չունի:
Միջադէպերուն մէկ մասը սովորական անօդաչուներ են (սեփական կամ օտար): Ոմանք` սենսըրներու սխալներ :
Միւսները կրնան ըլլալ նոր արհեստագիտութիւններու փորձարկումներ (սեփական եւ արտասահմանեան):
Սակայն շարք մը դէպքեր, ներառեալ` «Թիք-Թաքը», լրջօրէն դուրս կու գան ժամանակակից արհեստագիտութեան յայտնի հնարաւորութիւններու սահմաններէն: Ջերմային հետքի բացակայութիւնը, արագութեան ակնթարթային փոխոփութիւնը եւ ձայնային հարուածի բացակայութիւնը տակաւին չունին համոզիչ բացատրութիւն:
Արտերկրային բանականութեան վարկածը կը մնայ ամենայայտնին հասարակութեան մէջ, սակայն ամէնէն քիչ հաւանականը` գիտական տեսանկիւնէն: Մասնագէտներուն մեծ մասը հակուած է այն մտքին, որ լուծումը կ՛ունենայ «երկրային» ծագում:
Եզրակացութիւն
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ UAP-ի վերաբերեալ փաստաթուղթերու նոր գաղտնազերծումը կրկին յստակ պատասխաններ չտուաւ: Դէպքերուն մէկ մասը կը բացատրուի տեսողական ազդեցութիւններով, միջատներով եւ սարքերու սխալներով: Սակայն կը մնայ միջադէպերուն խումբ մը, ներառեալ` «Թիք-Թաքը», անխոցելի սարքին վրայ անօդաչուի յարձակումը եւ խարիսխներու վրայէն խումբերը, որոնք լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն: Կառավարութիւնները ուշադիր կը հետեւին իրավիճակին, սակայն առայժմ պաշտօնական վարկածը կը յանգի «չենք կրնար որոշել» ձեւակերպման: Ակներեւօրէն երկինքին մէջ նոր բան մը տեղի կ՛ունենայ. հարցն այն է, թէ յատկապէս` ի՞նչ:
Գիտնականները Առաջարկած Են
Այլմոլորակայիններու Որոնման Նոր Մեթոտ`
Կեանքի «Վիճակագրական Ձեռագրի» Միջոցով
Հետազօտողներու միջազգային խումբը ներկայացուցած է արտերկրային կեանքի որոնման սկզբունքային նոր մօտեցում: Առանձին մասնիկներ փնտռելու փոխարէն` անոնք կ՛առաջարկեն վերլուծել այդ մասնիկներու բաշխման եւ բազմազանութեան մէջ գոյութիւն ունեցող վիճակագրական օրինաչափութիւնները:
Աւանդական մեթոտներու խնդիրը
Տասնամեակներ շարունակ գիտնականները փնտռած են կեանքի հետքեր` յայտնաբերելով զանազան տարրեր: Սակայն գրեթէ բոլոր այդ մասնիկները կրնան յառաջանալ ոչ կենսաբանական ճամբով` երկնաքարերու մէջ, տիեզերական քիմիական հոլովոյթներու ժամանակ կամ մոլորակներու մակերեւոյթին: Այս զգալիօրէն կը բարդացնէ արդիւնքներու մեկնաբանումը: Նոր մեթոտը կ՛առաջարկէ ուշադրութիւն դարձնել ոչ թէ նիւթերու գոյութեան, այլ այն բանին, թէ յատկապէս ինչպէ՛ս այդ նիւթերը կազմակերպուած են:
Վիճակագրութիւնը` առանձին մասնիկներու փոխարէն
Գիտնականները կիրարկած են վիճակագրական գործիքներ, որոնք սովորաբար կը գործածուին կենսաբազմազանութիւնը ճշդելու համար: Անոնք վերլուծած են շուրջ 100 տուեալներու հաւաքածոներ, որոնց շարքին`
Ժամանակակից մանրէներու եւ հողերու նմուշներ,
Բրածոյ մնացորդներ,
Երկնաքարեր եւ ասուպներ,
Տարրալուծարանին մէջ մշակուած նիւթեր:
«Մենք ցոյց կու տանք, որ կեանքը կ՛արտադրէ ոչ միայն մասնիկներ, այլեւ կազմակերպչական սկզբունք մը, որ կարելի է տեսնել վիճակագրութեան օգնութեամբ», ըսած է մասնագէտ Ֆապիան Կլեններ:
Նոր մօտեցման առաւելութիւնները
Մեթոտը զարմանալիօրէն կայուն եղած է: Կեանքի վիճակագրական «հետքերը» կը պահպանուին նոյնիսկ մեծապէս փոխուած կամ հնագոյն նմուշներու մէջ: Օրինակ` անոնք յաջող կերպով յայտնաբերուած են հոյամողէզներու հաւկիթներու բրածոյ կեղեւներու մէջ: Այս մօտեցումը կը դարձնէ յատկապէս հեռանկարային` վերլուծելու այն նմուշները, որոնք կը բերուին այլ երկնային մարմիններէ, որոնք կրնային ենթարկուիլ ճառագայթման, ջերմաստիճանի եւ քիմիական հոլովոյթներու մնայուն ազդեցութեան:
Կիրարկման հեռանկարները
Հետազօտութեան հեղինակները կը կարծեն, թէ նոր մեթոտը կարելի է գործածել դէպի արեգակնային համակարգի հեռանկարային միաւորներ ուղղուած տիեզերական ապագայ առաքելութիւններու մէջ: Այդ հիանալիօրէն կ՛ամբողջացնէ կեանքի որոնման գոյութիւն ունեցող գործիքները:
«Ոչ մէկ մեթոտ ինքնին կը կարողանայ վերջնականապէս ապացուցել արտերկրային կեանքի գոյութիւնը: Բայց եթէ քանի մը անկախ մօտեցումներ մատնանշեն նոյն ուղղութիւնը, այդ կը դառնայ շատ կշռադատուած փաստ», նշած է Ֆայան Կլեններ:
Եզրակացութիւն
Գիտնականները առաջարկած են այլմոլորակային կեանքը փնտռել ոչ թէ առանձին մասնիկներով, այլ` անոնց բաշխման վիճակագրական օրինաչափութիւններով: Կենդանի համակարգերը կը ստեղծեն աւելի բազմազան եւ հաւասարաչափ մասնիկ: Նոր մեթոտը կայուն է նոյնիսկ հնագոյն եւ մեծապէս փոփոխուած նմուշներու նկատմամբ եւ կրնայ գործածուիլ Հրատի ու սառոյցէ արբանեակներու ապագայ առաքելութիւններուն մէջ: Այս կարեւոր լրացում է արտերկրային կեանքի որոնման գոյութիւն ունեցող եղանակներուն:
Nature Astronomy
Տանթէի ԺԴ. Դարու «Դժոխքը»` Երկնաքարի
Հարուածի Ծածուկ Նկարագրութի՞ւն
Միջնադարեան գրականութեան մեծագոյն գործերէն մէկը կրնայ բովանդակել երկնային մեծ մարմինի մը անկումին հետեւանքներու զարմանալիօրէն ճշգրիտ նկարագրութիւն: Նման եզրակացութեան եկած է Մարշալի համալսարանի (Արեւմտեան Վըրճինիա) դասախօս Թիմոթի Պերպերին:
Իր յայտնի «Դժոխք» գործին մէջ` «Աստուածային կատակերգութեան» առաջին մաս (գրուած` 1308-1321 թուականներու միջեւ), Տանթէ Ալիկիէրին կը նկարագրէ Լուսիֆերի անկումը երկինքէն Երկիր: Ըստ Պերպերիի, այս դրուագը զարմանալի մօտ է մեծ երկնաքարի կամ գիսաստղի հարուածի ժամանակակից գիտական պատկերին:
Թիմոթի Պերպերին անգլիական գրականութեան դասախօս է եւ աշխարհագրադիցաբանութեան (geomythology)ի մասնագէտ. այս կարգ մըն է, որ հնագոյն առասպելներուն եւ գրական երկերու մէջ կը փնտռէ իրական երկրաբանական իրադարձութիւններու արձագանգները: Ճիշդ այս գիտութեամբ ան վերլուծած է Տանթէի «Դժոխք»-ի հանգուցային տեսարանները:
«Դժոխք»-ի կառոյցը եւ գագաթնակէտը
Բանաստեղծութեան գլխաւոր հերոսը ինքը` Տանթէն է, Վիրկիլիոսի ոգիի առաջնորդութեամբ կ՛իջնէ ստորերկրեայ աշխարհ: Անոնք Քարոնի նաւակով կ’անցնին Ստիքս գետը` յաղթահարելով դժոխքի ինը համակեդրոն շրջանները, ուր կը տառապին տարբեր կարգի մեղաւորներ` Լիմբոսի բնակիչներէն մինչեւ անոնք, որոնք բռնութիւն գործած են (եօթներորդ շրջանին են Ալեքսանդր Մակեդոնացին, Աթիլլան եւ այլք):
Երկրի կեդրոնը` Կոցիտոս սառոյցէ լիճին մէջ, կը գտնուի եռագլուխ սատանան` ինկած հրեշտակապետ Լուսիֆերը: Իւրաքանչիւր գլխով ան յաւերժ կը յօշոտէ, ըստ Տանթէի վարկածի, երեք մեծագոյն դաւաճաններու մարմինները` Յուդա Իսկարիովտացիին, Բրուտոսին եւ Կասիոսին:
Լուսիֆերի անկումը` որպէս հարուածի օրինակ
Ամէնէն հետաքրքրականը, Պերպերիի տեսանկիւնէն, տեղի կ՛ունենայ «Դժոխք»-ի վերջին մասին մէջ: Ստորերկրեայ աշխարհէն դուրս գալու համար Տանթէն եւՎիրկիլիոսը կ՛իջնեն Լուսիֆերի հսկայական մարմնի վրայով, կ՛անցնին Երկրի կեդրոնէն եւ դուրս կու գան արդէն հարաւային կիսագունդին մէջ` Քաւարանի լերան ստորոտին:
Վիրկիլիոս կը բացատրէ. ժամանակին հարաւային կիսագունդը ամբողջութեամբ ծածկուած էր ցամաքով: Բայց անկէ ետք, երբ Աստուած վար ձգեց Լուսիֆերը, ան ահռելի արագութեամբ բախեցաւ Երկրին, ծակեց մակերեւոյթը եւ հասաւ մինչեւ մոլորակի կեդրոն` ստեղծելով հսկայական խառնարան` դժոխքը: Դուրս նետուած ապարները ձեւաւորեցին Քաւարանի լեռը` բազմաօղակ խառնարանի կեդրոնական գագաթը: Այս խառնարանի օղակներն ալ դարձան դժոխքի ինը շրջանները: Իսկ ցամաքը հարուածի վայրէն «ետ քաշուեցաւ» եւ կեդրոնացաւ հիւսիսային կիսագունդին մէջ:
«Թէեւ Տանթէն գիտնական չէր, սակայն ան պատմութեան մէջ առաջիններէն էր, որ մտածած էր մեծ զանգուածի` բարձր արագութեամբ Երկրի վրայ անկման ֆիզիքական հետեւանքներու մասին,- կը նշէ Պերպերին իր աշխատանքի համառօտագրութեան մէջ: -«Տանթէի տեսիլքին մէջ սատանայի չափերն ու արագութիւնը այնպիսին են, որ էջքի պահուն ան ակնթարթօրէն կը ստեղծէ դժոխքը` հսկայական, կլոր, դարաւանդաձեւ խառնարան մը, որ կը հասնի մինչեւ Երկիր մոլորակի կեդրոնը»:
Կարեւոր է հասկնալ, թէ որքա՛ն յեղափոխական էր նման գաղափարը ԺԴ. դարու սկիզբի համար: Այն ժամանակ երկնային մարմինները կը նկատուէին հիմնական անշարժ եւ կատարեալ: Այն պատկերացումը, որ երկինքէն Երկրի վրայ կրնան իյնալ մեծ մարմիններ, գրեթէ կը բացակայէր: Երկնաքարերը պաշտօնապէս ճանչցուեցան որպէս տիեզերքէն եկած հիւրեր միայն ԺԹ. դարու առաջին կէսին:
Պերպերին կ՛ենթադրէ, որ Տանթէի նկարագրած հարուածը կրնար իր ծաւալով համադրելի ըլլալ այն իրադարձութեան հետ, որ 66 միլիոն տարի առաջ, հնարաւոր է, պատճառած է հոյամողէզներու անհետացումը, կամ նոյնիսկ` այն հնագոյն հարուածին հետ, որուն պատճառով շուրջ հինգ միլիառ տարի առաջ ձեւաւորուած է լուսինը:
Geomythology-ի նշանակութիւնը
Նոյնիսկ եթէ Տանթէն մտադրած չէր նկարագրել երկնաքարի հարուածը, անոր բանաստեղծութիւնը ցոյց կուտայ աշխարհագրադիցաբանութեան արժէքը: Այդ կը փաստէ, թէ ինչպէ՛ս հնագոյն գրութիւնները կրնան կանխատեսել բնական աղէտներու ըմբռնումը գիտական գործիքներու յայտնուելէն շատ առաջ:
Պերպերիի հետազօտութիւնը պաստառի դրութեամբ ներկայացուած է մայիսին Վիեննայի մէջ:
Եզրակացութիւն
Փրոֆ. Թիմոթի Պերպերի կը խորհի, որ Տանթէի «Դժոխք»-ին մէջ թաքուն նկարագրուած է երկնաքարի հսկայական հարուած: Լուսիֆերի անկումը կը ստեղծէ բազմաօղակ խառնարան (դժոխքի շրջանները), կեդրոնական գագաթնային լեռ (Քաւարան) եւ կը յառաջացնէ ցամաքի վերաբաշխում կիսագունդերու միջեւ. այս բոլորը կը համապատասխանեն մեծ իրադարձութիւններու ժամանակակից երկրաբանական օրինակին, որ «Աստուածային կատակերգութիւն»-ը կը դարձնէ պատմութեան մէջ այն ամէնէն կանուխ գործերէն մէկը, ուր այսքան մանրամասն մտածուած են երկինքէն զանգուածեղ մարմինի անկումին ֆիզիքական հետեւանքները:


