«Ապառաժ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ 15 մայիսին, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Փարիզի «Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողով»-ին նուիրուած ձեռնարկ մը: Այս առիթով, յատուկ հրաւէրով Կիպրոս այցելեց Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Մաշտոց քհնյ. Աշգարեան, Երեսփոխանական ժողովի ատենապետը, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Նարեկ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան, որուն յաջորդեց Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանի զեկուցումը` Փարիզի խորհրդաժողովին ուրուագծուած ռազմավարական ծրագիրին մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ խորհրդաժողովին մատնանշուած ախտաճանաչումներուն, արժեւորումներուն եւ գնահատումներուն:
Աշոտ Դանիէլեան ներկայացուց արցախահայութեան հիմնահարցի ներկայ փուլը` շեշտելով հաւաքական վերադարձի կենսական կարեւորութիւնը: Ելոյթի աւարտին, Դանիէլեան եւ Գազանճեան պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:





