Մայիս 6-ին իր մահկանացուն կնքեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավար, արուեստագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր, արխիւագէտ, Հայ օգնութեան միութեան նուիրեալ մշակ եւ Հայ դատի ամբողջ կեանքին ծառայած մարտիկ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը` իր ետին ձգելով ժառանգութիւն մը, որ կը պատկանի ոչ միայն իր ընտանիքին եւ գաղափարակիցներուն, այլ նաեւ` ամբողջ հայ ժողովուրդին, որուն ծառայեց մօտ ութ տասնամեակ:
Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէ ծնած է մայիս 1928-ին, հասակ առած է սփիւռքահայ կեանքի այն շրջանին, երբ մշակութային պահպանումն ու արդարութեան որոնումը անբաժանելի մասն էին հայկական գոյութեան: Աւարտած է Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանը, ապա` Գահիրէի արուեստի հիմնարկը:
1946-ին, հազիւ 18 գարուններ բոլորած, ան իր ուխտը տուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այդ օրէն սկսեալ ան պարզապէս կազմակերպութեան մը անդամ չեղաւ, այլ իր անձը նուիրեց այն սկզբունքներուն եւ առաքելութեան, զորս կը մարմնաւորէր Դաշնակցութիւնը` արդարութիւն, ազգային արժանապատուութիւն, զոհողութիւն, հաւաքական պատասխանատուութիւն եւ, դեռ աւելի՛ն, մարդկային աշխարհի մը երազը:
Իբրեւ նկարիչ եւ ձեւաւորող` 1949-1951 աշխատած էր Եգիպտոսի առաջատար թերթերու հետ, որոնց կարգին` «Ահրամ», «Le Progrès Egyptien», «La Bourse Egyptienne» եւ «The Egyptian Gazette»: Ապա 7 տարի շարունակ ծառայած էր Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական գործակալութեան` (USIA) Գահիրէի գրասենեակին մէջ` իբրեւ հրապարակութիւններու եւ հասարակական կապերու բաժինի գեղարուեստական տնօրէն: Այդ տարիներուն իր գործերը առաջին անգամ կը յայտնուէին «Հայրենիք»-ի հրատարակութիւններուն մէջ:
Պոսթըն տեղափոխուելէ ետք ան շարունակած է աշխատիլ հրատարակչական եւ տպագրական կազմակերպութիւններու մէջ` ստանձնելով պաշտօններ, ձեւաւորելով եւ հրատարակելով բազմաթիւ գիրքեր` Հարվըրտ համալսարանի հրատարակչութեան, MIT Press-ին եւ անկախ հրատարակիչներու համար: 1978-էն ետք շարունակած էր իր մասնագիտութիւնը հրատարակչութեան, խմբագրութեան եւ տպագրութեան ոլորտներուն մէջ` միշտ ալ իր ծառայութիւնը մատուցելով հայկական կազմակերպութիւններուն:
Այդ բարոյական երեւակայութիւնն էր, որ իր կեանքին տուաւ առանձնայատուկ ուժը: Թաթուլ Սոնենց հայ ժողովուրդի տառապանքը չէր հասկնար իբրեւ ատելութեան արտօնութիւն, այլ` բարոյական յստակութեան կոչ: Ան կը հաւատար իր ժողովուրդի ազատագրութեան, բայց նաեւ մարդկային աւելի լայն պայքարի մը` ճնշումին, ջնջումին եւ անտարբերութեան դէմ: Ան կրնար միաժամանակ ըլլալ յեղափոխական եւ կարեկից, որովհետեւ իրեն համար Հայ դատը արմատաւորուած էր ոչ միայն ազգային արդարութեան, այլ նաեւ այն հաւատքին մէջ, թէ մարդկութիւնը կրնայ աւելի արդար դառնալ:
1960-ականներուն Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին աշխատանքներուն: Լէօ Սարգիսեանի հետ գործակցաբար ան առաջնահերթ դեր ունեցաւ այդ վերոյիշեալ կոմիտէի վերափոխման եւ վերանուանման գործընթացին` հիմք դնելով նոր կառոյցի մը` Հայ դատի յանձնախումբին (Armenian National Committee):
Տարիներ շարունակ ապրիլ 24-ը միայն եկեղեցիներու եւ համայնքային սահմաններու մէջ նշելէ ետք, 1965-ին հայութիւնը, Հայ դատի յանձնախումբին հովանիին տակ, քաղաքական բեմահարթակ ներկայացաւ` պահանջելու արդարութիւն Թուրքիոյ կողմէ գործուած Ցեղասպանութեան համար: Թաթուլ Սոնենց նամակներ պատրաստեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, հրապարակումներ` Հայ դատի պատմական եւ բարոյական հիմքերու մասին, եւ մամուլի ճամբով ուսումնասիրութիւններ` աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին ուղղելու համար 50 տարի անտեսուած արդարութեան վրայ:
1974-ին, երբ Թուրքիա ներխուժեց Կիպրոս, յունահայ համայնքը դիմեց Հայ դատի յանձնախումբին, եւ Թաթուլ Սոնենց ու Լէօ Սարգիսեան աջակցեցան յունական լոպիի ձեւաւորման` միասին աշխատելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը համոզելու` զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքի արգելք սահմանելու Թուրքիոյ նկատմամբ: Անոնք նաեւ պատրաստեցին տեղեկագրեր ՄԱԿ-ի առաքելութիւններուն` ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ ներխուժումը դատապարտող բանաձեւերուն:
Իր խմբագրական, արխիւային եւ գրական աշխատանքը անցեալն ու ներկան իրարու կապեց: Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներուն միջոցով ան օգնեց պահպանելու փաստագրական ժառանգութիւնը այն սերունդին, որ 1918-ին վերականգնեց հայկական պետականութիւնը: Իր գրութիւններով, թարգմանութիւններով եւ հրատարակչական աշխատանքով Թաթուլ Սոնենց օգնեց նոր սերունդներուն` մեկնաբանելու հայկական փորձառութիւնը: Իսկ ՀՕՄ-ի միջոցով ծառայեց հայ ժողովուրդի մարդասիրական եւ համայնքային ամէնէն մնայուն հաստատութիւններէն մէկուն:
Թաթուլ ունէր` հաւատացեալ մարդու մը անպարտելի պարզութիւնը եւ անսահման խորութիւնը, վստահութեան ու կորովի անսպառ աղբիւր մը եւ ստեղծագործական այնպիսի ուժ, որ զինք կը դարձնէր անպարտելի:
Իր ամբողջ գործունէութիւնը այդ հաւատքին արտացոլացումն էր: Իբրեւ խմբագիր, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ` Թաթուլ Սոնենց հայկական հանրային կեանքին բերաւ մասնագիտական հմտութիւն եւ գեղարուեստական զգայնութիւն: Ան ծառայեց որպէս «Armenian Review»-ի խմբագիր, ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու տնօրէն, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի հրատարակչական բաժանմունքի տնօրէն: Ան երեք տասնամեակ ծառայեց նաեւ` ՀՕՄ-ին` ներառեալ որպէս գործադիր տնօրէն եւ արխիւներու ու հրատարակութիւններու վարիչ: 2015-ին ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը զինք պատուեց միութեան բարձրագոյն մետալով` «Ակնունի» մրցանակով, գնահատելով հայ ժողովուրդին եւ ՀՕՄ-ին անոր տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան նաեւ ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Հայ դատի «Վահան Քարտաշեան» շքանշանները:
Իր մահը աւելի՛ն է, քան` միայն նշանաւոր հայու մը կորուստը: Ան կը խորհրդանշէ սերունդի մը ամբողջ դարաշրջանի աւարտը, ա՛յն սերունդին, որ սփիւռքին տուաւ ամէն բան: Սերունդ մը, որ Ցեղասպանութենէն ետք կառուցեց` դպրոցներ, եկեղեցիներ, թերթեր, երիտասարդական կազմակերպութիւններ, օժանդակ միութիւններ, քաղաքական մարմիններ, մշակութային ընկերակցութիւններ եւ արխիւներ:
Ան մարմնաւորեց սփիւռքահայութեան ազնիւ աւանդութիւններէն մէկը` մտաւորական գործիչը, մշակուած յեղափոխականը, ծառայող առաջնորդը, որ կը հասկնար, թէ լեզուն, արուեստը, պատմութիւնը, քաղաքական պայքարը եւ համայնքային հաստատութիւնները` բոլորը նոյն ազգային առաքելութեան մասերն են: Ան կրնար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին խօսիլ ոչ թէ որպէս հեռաւոր պատմական իրողութիւն, այլ` որպէս կենդանի ժառանգութիւն: Ցեղասպանութիւն, դիմադրութիւն, մայիս 28, աքսոր, սփիւռքեան կազմակերպում, Արցախ եւ Հայ դատ` բոլորը մէկ շարունակական ազգային պայքարի մասերն էին:
Նուիրեալ հայր` Վիգէնի եւ Արմէնի, իսկ Թաթուլ Սոնենցին կողակիցն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, բժիշկ Երուանդ Խաթանասեանի («Հայրենիք»-ի խմբագիր` 1963-1968) դուստրը` Սեդան (1925-2022):
Իր ընտանիքին համար ան միայն հանրային դէմք, ընկեր, խմբագիր, արխիւագէտ կամ յեղափոխական չէր: Ան հայր էր, մեծ հայր, ազգական եւ սիրուած ներկայութիւն:
Ան բառին իսկական իմաստով ընկեր մըն էր անոնց համար, որոնք անձամբ ճանչցած էին զինք, Թաթուլ Սոնենց եղած էր առաջնորդ, ուսուցիչ, հայրական ներկայութիւն, մշակուած մտաւորական եւ գթասիրտ բարեկամ: Իր ծառայած հաստատութիւններուն համար` շինարար, յիշողութեան պահապան եւ կարգապահ մշակ: Իսկ Հայ դատին համար այն սակաւաթիւ դէմքերէն մէկն էր, որուն համոզումները երբեք խոչընդոտ չստեղծեցին, այլ ընդհակառակը, ընդարձակուեցան եւ աւելի մշակուեցան:



