Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

May 8, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկներ

Քանատա

Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, 28 ապրիլ 2026-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում:

Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկը սկսաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց յիշողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան հաւաքական յիշողութեան պահպանման հրամայականը եւ նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու համաշխարհային պարտաւորութիւնը: Քանատայի կառավարութեան անունով խօսք առին նախարարներ Անիթա Անանտ եւ Մարք Միլըր, որոնք վերահաստատեցին Քանատայի յանձնառութիւնը` յիշատակման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ: Նախարար Անանտ իր խօսքին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած բռնութիւնները կը շարունակուին առ այսօր: Իրենց խօսքերու աւարտին նախարարները դեսպան Յարութիւնեանին նուիրեցին Քանատայի «Իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կանոնադրութիւն»-ի հայերէն օրինակը:

Տարբեր քաղաքական ուժեր ներկայացնող խորհրդարանականներ եւս յղեցին իրենց պաշտօնական ուղերձները: Քանատայի Պահպանողական կուսակցութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Քոնի Քոտի, իսկ Պլոք Քեպեքուայի անունով` երեսփոխան Ալեքսիս Պրիւնել-Տիւսեփ: Անոնց ելոյթները վերահաստատեցին յիշողութեան պահպանման, Ցեղասպանութեան դատապարտման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի կարեւորութիւնը:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու կտակած պատգամը կը շարունակէ արձագանգել մինչեւ այսօր: Ան յատկապէս մատնանշեց Արցախի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ոճիրները` իբրեւ ապացոյց, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքները տակաւին շարունակական են: Միրաքեան ընդգծեց հայ ժողովուրդին վճռակամութիւնը` շեշտելով, որ հայութիւնը, հակառակ բոլոր անարդարութիւններուն, զոհ չէ, այլ կը շարունակէ գոյատեւել, դիմադրել եւ պաշտպանել իր ինքնութիւնն ու իրաւունքները: Ան իր խօսքի աւարտին վերահաստատեց, որ քանատահայութիւնը, կառչած մնալով իր ինքնութեան, պիտի շարունակէ ամէն գնով պայքարիլ յանուն Հայ դատի լուծման:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Բաբգէն արք. Չարեանի հայրական պատգամով եւ աղօթքով:

* 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:

Էլիսա Կիրակոսեան արտասանեց բացման խօսքը:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Քարլօ Ահարոնեան, որ անդրադառնալով ներկայ մարտահրաւէրներուն` շեշտեց, որ հայրենիքը վտանգի մէջ է, իսկ Արցախը յանձնուած է թշնամիին: Ան ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը գիտակից է այս պատասխանատուութեան եւ պիտի շարունակէ պահանջել ու պայքարիլ` պահպանելով ազգային ինքնութիւնը եւ չլռելով անարդարութեան դէմ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ջահերով քայլերթ դէպի շրջափակի Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ մոմավառութիւն:

* Կազմակերպութեամբ Քեպեքի հայ համայնքի միացեալ մարմինին, 25 ապրիլին Մոնրէալի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկ:

ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղի գործադիր խորհուրդի ատենապետ եւ Ալեք Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ  ցեղասպանութեան մը ուրացումը երբ կը շարունակուի առանց հետեւանքի, աշխարհին վտանգաւոր պատգամ մը կու տայ եւ կը թելադրէ, թէ այսպիսի ահաւոր տարողութեամբ յանցագործութիւններ կարելի է գործել, ապա յամառութեամբ եւ քաղաքականութեան քմահաճութեամբ ջնջել` առանց պատասխանատուութեան ենթարկուելու: Ան ըսաւ, որ մեր վերջնական նպատակը պէտք է ըլլան` արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ ապագային նման ոճիրներու կանխարգիլումը:

Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Պարոյր Ծովիկեան, որ կոչ ուղղեց` Քանատայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը կանխելու եւ անոր դէմ պայքարելու նպատակով օրէնքի որդեգրման, արցախահայութեան անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքի ճանաչման եւ պաշտպանութեան, միջազգային իրաւունքի խախտումներուն համար պատժամիջոցներու գործադրութեան` յարձակող կողմերուն դէմ եւ տեղական պետական մարմիններուն կողմէ հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման համար նոր յանձնառութեան ստանձնումի:

Օրուան հանդիսավար Շարիս Մալեանց կարդաց Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի եւ Քանատայի Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդ եւ խորհրդարանի պաշտօնական ընդդիմութեան ղեկավար Փիեր Փուալիեւրի ուղերձները` Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով, ապա հերթաբար խօսք առին քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորը շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը` Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի արդար հատուցման ի խնդիր, արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգ վերադարձի երաշխաւորման:

Օրուան բանախօսն էր Ազատական կուսակցութեան եւ Քանատայի ընդդիմութեան նախկին ղեկավար, ինչպէս նաեւ Քանատայի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ նախկին դեսպան Սթեֆան Տիոն, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ժողովրդավարութեան հիմքերու կիրարկման անհրաժեշտութեան` ժողովուրդներու եւ պետութիւններու զարգացման ու բարելաւման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ` հակամարտութիւններու լուծման գործընթացներու հարցով: Իր խօսքի աւարտին արուեստագէտ Մայքըլ Արամի` Արարատի ստորոտին հանգչած Նոյեան տապանի ձեռակերտը նուիրուեցաւ իրեն:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

* 25 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Արշաւ արդարութեան համար» խորհրդանշական վազքարշաւ մը, որուն նպատակն էր յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն:

Աւելի քան 120 մասնակիցներ` Մոնրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքէն, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիներ, եկած էին վազելու համերաշխութեան նշանաբանով: Միասնաբար 7 քմ վազքով անցան այն ուղիէն, որ կը միացնէ երկու յուշարձանները. Մոնրէալի Marcelin Wilson Parc-էն, ուր կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, դէպի Parc de l’Espoir, ուր կը գտնուի Լաւալի յուշարձանը:

Խօսք առին նախ երկու մասնաճիւղներուն ատենապետները` Արպի Ղազարեան եւ Յակոբ Սէմէրճեան, ապա ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան եւ Քեպեքի խորհրդարանի Շոմետի շրջանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեան-Օլիվիէ, որոնք դրուատեցին արժանապատուութեամբ եւ համերաշխութեամբ գոյակցելու, ինչպէս նաեւ յոյսով ու միասնականութեամբ գործակցելու ոգին:

Վազքարշաւին նպատակը մրցակցութիւնը չէր, այլ կը խորհրդանշէր` յիշողութեան կենդանութիւնը, անարդարութեանց դիմադրութիւնը եւ գոյատեւման ու մարդկայնութեան խորհուրդը:

* Կազմակերպութեամբ Սենթ Քաթրինզի Հայ դատի յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Սենթ Քաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, 26 ապրիլին Սենթ Քաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական ոգեկոչումը:

Յաջորդաբար խօսք առին քաղաքական ներկայացուցիչները, որոնք, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին` շեշտեցին յիշողութեան պահպանման եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր սերունդները այդ յիշատակով դաստիարակելու կարեւորութիւնը` ամրապնդելու համար մարդկութեան հանդէպ հաւաքական յանձնառութիւնը եւ նման ոճիրներու կանխարգիլման պատասխանատուութիւնը:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Օրուան պատգամը յղեց փրոֆ. Յովիկ Գույումճեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց ներկայ պայմաններուն մէջ Հայ դատի ի խնդիր տարուող պայքարի հետեւողականութեան եւ առաւել ուժեղացման հրամայականը, նշելով, որ քանատահայութիւնը իր աւելի քան հարիւրամեայ հայապահպանման փորձով տէր է իր Դատին եւ պիտի շարունակէ այդ պայքարը` յանուն մեր ազգային նպատակներու իրագործման:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ:

Յունաստան

* 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ բողոքի քայլարշաւ եւ ցոյց` դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, ուր գործադրուեցաւ յայտագիր մը: ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ Ալպեր Մարտիկեան կարդաց միութեան անունով ուղերձ մը` յայտնելով հայ պատանիներու կամքը` դառնալու Հայ դատի պահանջատիրութեան ապագայ դրօշակիրները:

Պոնտական միութեան եւ երիտասարդական կառոյցի ներկայացուցիչներ Եորղոս Քութաքիտիս եւ Նիքոս Օրֆանիտիս իրենց ելոյթին մէջ շեշտը դրին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած ոճիրներուն, քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնաջնջման ու անոնց օրրաններու անհետացման վրայ, միաժամանակ պայքարի կոչ ուղղեցին երիտասարդութեան:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին անունով Յարութիւն Սպարթալեան յայտնեց, թէ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայութիւնը միակամ ուժով եւ պահանջատիրութեան աննկուն կամքով պիտի շարունակէ հետապնդել մեր արդար Դատը` մինչեւ արդարութեան վերջնական հաստատումը:

ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամ Փաթիլ Պարղուտեան կարդաց թուրք դեսպանին ուղղուած յուշագիրը` ընդգծելով թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան երեսը, Հայոց ցեղասպանութեան անժամանցելիութեան իմաստը եւ հայ երիտասարդութեան պայքարունակ ոգին:

Այնուհետեւ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ բարեխօսական կարգ:

* 26 ապրիլին Աթէնքի երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հաւաք, որ նուիրուած էր նաեւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման 30-ամեակին:

Ատիկէի մարզպետի ներկայացուցիչ Եորղոս Վլախոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ արդարութեան վերականգնումին մասին, իսկ Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ Վասիլիս Իքոնոմու դրուատեց հայ ժողովուրդն ու անոր գոյատեւելու կամքը, միաժամանակ լուսարձակի տակ առաւ միջխորհրդարանական գործակցութիւնը:

ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան խօսքը արտասանեց Արմէն Չաքալեան, որ հաստատեց հայ երիտասարդութեան աննկուն կամքը` շարունակել պայքարը մինչեւ վերջնական արդարութիւն:

Օրուան բանախօսն էր Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, որ իր հայասիրական զգացումները յայտնեց ներկաներուն: Ան հաստատեց, որ իրենք կը կանգնին հայ ժողովուրդին կողքին, Հայաստանի կողքին` յարգանքով, համերաշխութեամբ, պատմական գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով եւ կը խոնարհին հայ ժողովուրդի տոկունութեան առջեւ, որ չընկրկեցաւ, չվերացաւ եւ կերտեց ժամանակակից պետութիւն մը: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քայլերթ` դէպի Սինտաղմայի Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

* 24 ապրիլին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ: Նոյն օրը երեկոյեան Աղիաս Սոֆիաս հրապարակէն սկիզբ առաւ բողոքի երթը` դէպի թրքական հիւպատոսարան:

* 26 ապրիլին Քաւալայի «Ափոլոն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ:

Օրուան հանդիսավար Խրիսթինա Մատթէոսեան արտասանեց բացման խօսքը:

Ուղերձներով հանդէս եկան` խորհրդարանի ներկայացուցիչ Նիքոս Փանայոթոփուլոս, փոխմարզպետ Թէոտորոս Մարքոփուլոս եւ քաղաքապետ Թէոտորս Մուրիատիս, որոնք իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ դատապարտեցին անոր դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը:

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Կիպրոսէն հրաւիրուած երեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուս, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Կիպրոսի աղէտը եւ Արցախի ողբերգութիւնը` իբրեւ նոյն ցեղասպանի ձեռակերտները:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի քաղաքի հերոսներու յուշադամբանը, ուր կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Բարեխօսական կարգի արարողութիւններ կատարուեցան նաեւ Քոմոթինիի, Ալեքսանտրուփոլի եւ Քսանթիի հայկական եկեղեցիներէն ներս:

*  24 ապրիլին Խրիսոսթոմու Զմիռնիս հրապարակին վրայ կանգնած «Զանգակ-յուշակոթող»-ին շուրջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ելոյթ:

Երեկոյին բացումը կատարեց Շողիկ Տատոյեան:

Արդարադատութեան ընդհանուր քարտուղար Փելոբս Լասքոս իր  խօսքին մէջ բնորոշեց Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական շրջագիծը` շեշտը դնելով դատապարտման եւ հատուցման իրաւունքին վրայ, յենելով միջազգային օրէնքի ուժին ու անժամանցելիութեան վրայ:

Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս յատուկ նշում կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին մասին` ընդգծելով հայութեան բազմամեայ ներկայութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը քաղաքի կեանքէն ներս:

Այնուհետեւ կրօնական դասը, թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեանի գլխաւորութեամբ, կատարեց բարեխօսական կարգը եւ հնչեցուց օրուան պատշաճ աղօթքները: Սրբազան հայրը քարոզով մը վեր առաւ հայ երիտասարդութեան պայքարունակ ոգին` շեշտը դնելով պայքարը յարատեւ շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի հայու արդար Դատը գտնէ իր ուղին եւ հասնի վերջնական ու արդար լուծման:

Աւարտին կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 * 23 ապրիլին Քալամաթայի կեդրոնը գտնուող Ֆրակոլիմնա հրապարակին վրայ կանգնած հայկական խաչքար-յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հաւաք:

Բարեխօսական կարգէն ետք ուղերձներով հանդէս եկան` Քալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս, երեսփոխան Միլթոս Խրիսոմալիս եւ փոխնահանգապետ Մարիա Իքոնոմաքու, ինչպէս նաեւ` Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Խաչատուրեան, որ իր խօսքի սկիզբին կատարեց հակիրճ պատմական նշումներ` անդրադառնալով Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանաչման որոշումին, որ կ՛ամրապնդէ երկու եղբայր ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը:

Աւարտին կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

* ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը յոյն եւ օտար ժողովուրդները իրազեկ դարձնելու համար Ցեղասպանութեան քաղաքական, իրաւական եւ պահանջատիրական հարցին`  տեղեկատուական յատուկ կրպակներ զետեղեց Աթէնքի Սինտաղմա եւ Թեսաղոնիկէի Արիսթոթելուս կեդրոնական հրապարակներուն վրայ:

Կրպակներուն մէջ եւ շուրջը տեղ գտած էին` պատմական լուսանկարներ, քարտէսներ, պրակներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք տրամադրուեցան անցորդներուն: Միաժամանակ երիտասարդականի անդամները լայն տեղեկութիւններ տրամադրեցին այցելուներուն, պատմական եւ քաղաքական բնոյթի մանրամասնութիւններով ներկայացուցին` Հայ դատը, հայ ժողովուրդի մեծագոյն աղէտի հետեւանքները, թուրք-ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան շարունակական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Արցախի հիմնախնդիրն ու արցախահայութեան կրած աղէտը:

Այս տարի Աթէնքի կրպակը այցելեց Սիրիզա կուսակցութեան նախագահ Սոքրաթիս Ֆամելոս, որ իր հիացումը արտայայտեց հայ երիտասարդներուն հանդէպ` նշելով, որ իսկապէս գովելի է անոնց մշտական պայքարը` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը պատնէշի վրայ պահելու ջանքերուն համար: Ան շեշտեց, որ իրաւազրկուած ժողովուրդներուն դատը անժամանցելի է, պէտք է տեւաբար պայքարիլ արդարութեան վերականգնման համար: Ան յատուկ կարեւորութեամբ նշեց, որ հայերուն օրինակին հետեւելով` հարկ է միջազգային օրակարգին վրայ բերել նաեւ յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Սուրիա

24 ապրիլին Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Եսայի վրդ. Էօրտէքեան:

Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան անդրադարձաւ ոգեկոչման ձեռնարկի իսկական խորհուրդին: Ան հաստատեց, որ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մարդկային ողբերգութիւն էր, այլ նաեւ` նախազգուշացում ամբողջ մարդկութեան համար, աւելցնելով, որ երբ աշխարհը լուռ մնաց, ոճիրը շարունակուեցաւ, եւ երբ արդարութիւնը չիրագործուեցաւ, անարդարութիւնը դարձաւ նախադէպ, եւ այս պատճառով այսօր մեր պարտականութիւնը կրկնակի մեծ է: Ան հաստատեց, որ մինչեւ ամբողջ աշխարհը լիովին չճանչնայ ճշմարտութիւնը, մինչեւ արդարութիւնը չվերականգնի, եւ մինչեւ հատուցումը չդառնայ իրականութիւն, հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը խաղաղութեամբ, բայց` հաստատ կամքով:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ պատ. Շանթ Ակիշեան, որ ըսաւ, թէ որպէս հայ ժողովուրդ եւ յատկապէս քեսապահայութիւն` ներկայ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ երբեք յուսահատ չենք, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզ կը լեցնէ յոյսով եւ կը զօրացնէ մեզ:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Հանդիսութեան աւարտին ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Գերմանիա

* 25 ապրիլին Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց:

Գերմանիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնախումբի հիմնադիր անդամ Ժիրայր Քոչարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մենք հետեւողականօրէն պիտի պահանջենք արդար հատուցում, որպէսզի աշխարհի տարածքին նման բան տեղի չունենայ: Խորհուրդի անդամ, Պարտենա Իորտանիտոու  իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ կը յիշեցնենք թուրք պետութեան իր ցեղասպանական յանցագործութիւններուն մասին եւ կոչ կ՛ուղղենք անոր` ճանչնալ իր պատմական պատասխանատուութիւնը: Գերմանացի քաղաքական գործիչ Կերհարտ Պայեր, որ առանձնապէս հետաքրքրուած է հայկական հարցով եւ Արցախով,  կոչ ուղղեց բոլորին սթափիլ, յատկապէս դիմելով Գերմանիոյ կառավարութեան` յորդորեց կատարել իր տնային առաջադրանքները:

* 26 ապրիլին Պերլինի Շարլոթենպուրկ թաղամասին մէջ գտնուող պատմական պանթէոնի եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, ուր հնչեցին պատմութիւնը վերանայելու, վերարժեւորելու, զայն մոռացութեան չմատնելու եւ անկէ դասեր քաղելու կոչեր: Ելոյթ ունեցան  քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց, ուր կատարուեցաւ բարեխօսութեան կարգ: Պերլինի առաջնորդ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան  իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ մենք կը յիշենք նահատակներուն ոչ միայն մահը, այլեւ` անոնց կեանքը, երազանքները, մշակոյթը, ստեղծագործ միտքը, ընտանիքները,  որովհետեւ յիշողութիւնը մեր ուժն է, իսկ մոռացութիւնը կը նշանակէ կրկնել նոյն ողբերգութիւնը:

Յիշեցնենք, որ  Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչման ձեռնարկներ:

Միացեալ Նահանգներ

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումը` կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան միացեալ ոգեկոչման յանձնախումբին (UAGCC) կողմէ, համախմբեց աւելի քան 1400 մասնակիցներ` հանդիսաւոր  հաւաքի մը մէջ, որ բնորոշուած էր միասնութեամբ, յարգանքով եւ համախմբուած յիշողութեամբ:

Ծրագիրը բացուեցաւ Փիթըր Պ. Հայկի խօսքով, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտներու հանդիսաւոր մուտքը:

Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները կատարեցին Դաւիթ Սամուէլեանն ու Ֆերահեան վարժարանի աշակերտներ: Ապա Մոնթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան կատարեց հանդիսավարութիւնը եւ առաջնորդեց ծրագիրը:

Այնուհետեւ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչ հոգեւորականները աղօթք բարձրացուցին 1,5 միլիոն նահատակներու սրբադասուած հոգիներուն համար:

Ծրագիրը շարունակուեցաւ պետական պաշտօնեաներու խօսքերով: Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճորճինա Թամայօ ողջունեց ներկաները եւ արտայայտեց իր աջակցութիւնը հայ համայնքին: Քոնկրեսական Ճուտի Չու ներկայացուց սրտագին խօսք` վերահաստատելով իր շարունակական զօրակցութիւնը Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ծերակուտական Պապ Արչուլեթա իր եռանդուն ելոյթով շեշտեց հայութեան ներդրումը Քալիֆորնիոյ եւ ամերիկեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը Քալիֆորնիոյ պետական պատմական յուշարձան հռչակելու ջանքերուն: Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Հիլտա Սոլիս խօսեցաւ իր շարունակական աջակցութեան մասին, ներառեալ` Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնին համար ապահովուած 100.000 տոլարի նպաստը, եւ UAGCC-ին յանձնեց գնահատագիր մը:

Հինգ հայկական վարժարաններէն` ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, Ալեքս Փիլիպոս, Ֆերահեան, Մեսրոպեան եւ Շամլեան, աշակերտներ ներկայացուցին խորիմաստ եւ ներշնչող պատգամներ:

Գլխաւոր բանախօսն էր իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը արդարութեան եւ ճանաչման պայքարի շարունակութեան: Ընդհանուր ուղերձը այն էր, որ նոր սերունդը, յատկապէս` սփիւռքի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, պէտք է անցնի խորհրդանշական ոգեկոչումէն դէպի հետեւողական եւ ռազմավարական գործնական աշխատանք: Ասիկա կը նշանակէ` գործնական մասնակցութիւն քաղաքացիական եւ քաղաքական կեանքին, տեղեկացուած ըլլալ եւ միասնութիւնը վեր դասել ներքին բաժանումներէն` զօրացնելու համար միասնական ազդեցութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է զօրացնել եւ արհեստավարժ դարձնել Հայ դատի աշխատանքը: Միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ առաջնահերթ նպատակն է ապահովել զօրաւոր եւ կայուն Հայաստան մը, ուր հայերը կ՛ապրին անվտանգ եւ առանց հալածանքի վախի: Այս ընդհանուր ծիրին մէջ սփիւռքը ունի պատասխանատուութիւն` պահապան դեր կատարելու, կրթելով նոր սերունդները, գործունեայ կերպով պաշտպանելով հայկական հարցերը եւ շարունակելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքները:

Ապա Կլենտէյլի նոր ընտրուած քաղաքապետ Արտի Քասախեան եզրափակեց պաշտօնական ելոյթները` վերահաստատելով միասնութեան եւ հաստատակամութեան գաղափարները:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ոգեկոչումը աւարտեցաւ ծաղկեպսակի զետեղման աւանդական արարողութեամբ` յուշարձանին մօտ:

Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէրին Մէջ Նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ Տարելիցը

Ապրիլ 26-ին հարիւրաւոր հայորդիներ հաւաքուեցան Նիւ Եորքի Թայմզ Սքուէր հրապարակը` ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը:

«Նշելով անցեալը եւ պահանջելով ապագան» ընդհանուր խորագիրը կրող ձեռնարկը վարեցին` Լուսինէ Պէյլէրեան, Շանթել Նասրի եւ Նայիրի Տիրացուեան:

Հաւաքուած բազմութիւնը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց հայ նահատակներու եւ ցեղասպանութեան, բռնութեան ու հալածանքներու բոլոր զոհերու յիշատակը: Յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած մշակութային կոթողներուն եւ գերի պահուող պատանդներուն:

Քարինա Վարդանեան երգեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգները, իսկ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները հպարտօրէն ծածանեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը` ընդգծելով, որ`  «Նման ոճիրներու վերջ չէ դրուած: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր Ազրպէյճանի գործողութիւններուն միջոցով: Ան նաեւ յիշեց Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայերու դէմ գործուած ոճիրները եւ 2023-ին Արցախէն բռնի տեղահանուած 120.000 հայերը: «Այս արարքը միայն ժողովուրդին դէմ չէր. ան նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ըսաւ ան` նշելով խաչքարերու կործանումը:

Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն ներկայացուց հայութեան աջակցող օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները, ներառեալ` Հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան բանաձեւը: Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին մասին` շեշտելով Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը:

Լեսլի Պօղոսեան-Մըրֆի ներկայացուց իր ընտանեկան պատմութիւնը` յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կը կրէ Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նահանգապետ Քեթի Հոքըլի հռչակագիրին, որուն մէջ ապրիլ 24-ը հռչակուած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր: Նաեւ նշուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Մամտանիի` Հայոց ցեղասպանութիւնը Արցախի հայաթափման հետ զուգորդող յայտարարութիւնը:

Յաջորդող ելոյթներով հանդէս եկան` հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ համայնքային գործիչներ, որոնք շեշտեցին յիշողութեան, արդարութեան, միութեան եւ պայքարի կարեւորութիւնը: Ներկայացուեցան երաժշտական եւ պարային ելոյթներ, ներառեալ` «Արմֆոլք» խումբի եւ Անդրանիկ Մանուկեանի կատարումները:

ՌԱԿ-ի անունով խօսք առաւ Շող Դարբինեան, ՀՅԴ-ի` դոկտ. Հենրի Թերիօ, «Վարդանի ասպետներ»-ու` Պապ Աւագեան, «Վարդանի դուստրեր»-ու` Լիլի Սարգիսեան, Հայ դատի յանձնախումբին` Նայիրի Տիրացուեան, Հայկական համագումարի` Պրայըն Արտունի, Հայ իրաւաբանական միութեան` Սառա Լիա Ուիթսըն, Թէքէեան մշակութային միութեան` Արամ Արքուն եւ ՀԲԸՄ-ի` Արէն Քապարաճեան:

Օրը եզրափակուեցաւ աղօթքներով` վերահաստատելով հայ ժողովուրդին տոկունութիւնը եւ արդարութեան ձգտումը:

Նշենք, որ այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Վարդանի ասպետներ»-ու եւ «Վարդանի դուստրեր»-ու նախաձեռնութեամբ, գործակցաբար ՌԱԿ-ին, ՀՅԴ-ին, Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայկական համագումարին:

 

 

Նախորդը

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Հռչակուեցաւ

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ Բանակումի Նախապատրաստական Աշխատանքներու Առաջին Սեմինարը

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.