Մայիսի աւարտին Կիպրոսի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց հայութեան կողմէ առաջադրուած էր Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ կը վայելէ ՀՅԴ-ին զօրակցութիւնը:
7 մայիսին Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարը Վարդգէս Մահտեսեանը հռչակեց կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Ներկայացուցչական տան 2026-2031 նստաշրջանին համար` իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածու:
Աւելի կանուխ գաղութի զաւակներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Մահտեսեան նշած էր.
«Վերջին քսան տարիներուն պատիւը ունեցայ անկողմնակալ, արդար եւ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ իմ ծառայութիւնս մատուցելու կիպրահայ գաղութին` իբրեւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ»:
Այժմ, ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին եւ քաջալերանքին, ընդառաջելով առանձնաշնորհումը կը զգամ անգամ մը եւս ներկայացնելու թեկնածութիւնս մայիս ամսուան մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն` յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար:
«Ընտրուելու պարագային, կը խոստանամ նոյն թափով եւ նուիրումով գլխաւորել ջանքերս` արդարացնելու համար ձեր վստահութեան քուէն, ի խնդիր գաղութիս գերագոյն շահերուն եւ իրաւունքներուն պահպանման»:
Ան ընդհանուր զեկուցագիրով մը իր խօսքին կցած է անցնող քսան տարիներու (2006-2026) իր կատարած աշխատանքներուն գլխաւոր իրագործումները:
ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէն, իր կարգին, յատուկ յայտարարութեամբ մը հաստատած էր, որ կը զօրակցի Վարդգէս Մահտեսեանի թեկնածութեան:
«2006-ի գարնան ՀՅ Դաշնակցութեան արտակարգ Ընդհանուր ժողովը որոշում կայացուցած էր նոր շունչ եւ գործելաձեւ ներառելու մեր ազգային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքէն ներս` ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելով Վարդգէս Մահտեսեանի թեկնածութեան:
«Ան իր պաշտօնավարման ընթացքին հանդիսացաւ կիպրահայութեան այն ներկայացուցիչը, որ բծախնդրօրէն ու յարատեւ կերպով վարեց քաղաքականութիւն մը, որ իր հարուստ ու բազմամակարդակ արդիւնքներով նպաստեց մեր համայնքին, Հայ դատին եւ զօրավիգ կանգնեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի գոյութեան պայքարին:
«ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէն իր 28 ապրիլ 2026-ի նիստին որոշեց 24 մայիս 2026-ին կայանալիք ընտրութիւններուն կրկին աջակցիլ Վարդգէս Մահտեսեանի թեկնածութեան», կը նշուի 28 ապրիլի յայտարարութեան մէջ:



