Անգլերէն տառերու պաղութեան մէջէն կը լսեմ անոր ձայնը,
այն դիցուհիին,
որ սիրոյ ալիւր կը մաղէր հարաւիդ ու հիւսիսիդ վրայ:
Թարգմանուած ցաւ մըն է սա:
You ask what happened, կ՛ըսէ:
Իրաւունք ունի. պատասխան չունիմ, միայն հարցումներու շարք մը:
And one grain of your soil
Equals the treasures of the world.
Հաւատա՞մ…
Հայրս մէջդ ծնաւ,
բայց հողդ երբեք իրը չեղաւ,
ոչ ալ իմս:
Հայրենիքի ճամբուն վրայ
կայարան մըն էիր մեզի համար,
(երբ երկինքդ տակաւին լուռ էր ու անխռով)
ուր իջանք վերջապէս տեսնելու
նէնէիս նշանաւոր փուռը`
փշրանք մը մեր ընտանիքի անցեալի կեանքէն:
Հիմա հին ու նոր կրակն է,
որ կը լափէ երկինքդ.
Strewn as it is with fire and dynamite.
Ֆէյրուզի բառերը այլեւս երգ չեն,
այլ` քարացած արցունք:
Ու «խենթութիւնը»` երբեմնի քնարական ու հեռու,
հիմա կը կրծէ լռութիւնը:
Այսօր ռումբերը աւելի բարձր կը պոռան, քան երաժշտութիւնը,
ու այդ «աշխարհի գանձերուն հաւասար» հողը
այսօր կրկին գերեզմանի կը փոխուի:
I said our land is being reborn.
հաւա՞տք է սա, թէ՞ ցնորք:
Բայց յոյսը, դեռ պաղ ու անմարմին,
ձեռքիս մէջ կը մնայ:
You ask what happened, What has overcome me.
ու կը դիտեմ համակարգիչէս, թէ ինչպէս անցեալս ու ներկան
նէնէիս փուռին պէս կը բոցավառին.
ու ես պաստառին պաղութեամբ
ձեռքերս կը տաքցնեմ:
Երեւան, 2026



