Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ 28 Մասնակիցներով Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)

May 5, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը (Եութլինքս) ընթացք առաւ հինգշաբթի, 30 ապրիլին` իր շուրջ համախմբելով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան երկիրներէ (Քանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան):

Մասնակիցները քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցեցան աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր:

Հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան, իսկ կազմակերպչական աշխատանքներուն օժանդակեց Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը:

Առաջին օրը հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ քառօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին մասին:

Ապա խօսք առաւ հաւաքի յանձնախումբի անդամ Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի ծնունդը, անդրադարձաւ միութեան տարբեր ծրագիրներուն, յատկապէս` երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական:

Խումբը այցելեց Աթէնքի Աքրոփոլիս տեսարժան վայրը, ապա շրջագայեցաւ Աթէնքի մէջ: Առաջին աշխատանոցը հայկական պարն էր, որ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» ակումբին մէջ` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անահիտ Սարիբէկեանի: Հետաքրքրական եւ հայկական մշակութային մթնոլորտի մէջ մասնակիցները ոչ միայն ծանօթացան հայկական պարին, այլ գործնապէս սորվեցան հայկական պարեր:

Հաւաքի երկրորդ օրը երկար պտոյտի օր էր դէպի Յունաստանի տեսարժան վայրեր:

Հաւաքի մասնակիցներն ու պատասխանատուները առաջին հերթին ուղղուեցան Փելոփոնես, որ մեծ թերակղզի մըն է Յունաստանի հարաւային շրջանին մէջ: Անիկա գրեթէ «կղզի» կը թուի, բայց ցամաքով կապուած է հիմնական Յունաստանին` նեղ տարածքի վրայ, ուր կը գտնուի Կորինթոսի ջրանցքը: Ճամբուն վրայ մասնակիցներուն առաջին կանգառը եղաւ Կորինթոսի այդ հրաշագեղ կամուրջը, որուն շինութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են հայերը` յոյներու կողքին: Ապա անոնք ուղղուեցան Էփիլապրոսի թատրոնը եւ Նաւփլիոն բերդաքաղաքը, որ Յունաստանի առաջին մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ: Նոյն վայրի մէջ մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան մասնագէտ ուսուցիչի մը կողմէ, սակայն կարելի չեղաւ աւելի մօտէն տեսնել մայիս 1-ի առիթով փակ ըլլալուն պատճառով: Ապա ուսանողները ճաշեցին Լիղուրիօ գիւղին մէջ:

Նաւփլիոն քաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւը մասամբ արգելք հանդիսացաւ ծրագրուած շրջապտոյտին, սակայն թրջուելու գնով արագ պտոյտ մը կատարուեցաւ քաղաքին մէջ, եւ  մասնակիցները վերադարձան Աթէնք: Ապա ընթրիքի ընթացքին յայտագիրը շարունակուեցաւ ջերմ եւ խանդավառ ընկերային մթնոլորտի մէջ:

Հաւաքի 3-րդ օրը Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Յունաստանի Ազգային առաջնորդարան, ուր Քերոբ Էքիզեան դիմաւորելով խումբը` ներկայացուց «Ազատ Օր» թերթի պատմութիւնը, անոր անցած ուղին եւ կարեւոր դերակատարութիւնը գաղութի կեանքէն ներս: Նշեց, որ տարիներ շարունակ գաղութի մտաւորական ուժի պատրաստութեան մէջ նաեւ մեծ դեր ունեցած է թերթը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ հրատարակուիլ:

Ան հրաւիրեց մասնակիցները, որպէսզի իւրաքանչիւրը ազատ զգայ իր մասնագիտական յօդուածները ուղարկելու թերթին` հրատարակելու նպատակով:

Ապա խումբը այցելեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր խորհրդաւոր կերպով միասնաբար երգեցին «Տէ՛ր, ողորմեա»-ն: Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին: Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ  Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան ողջունեց ուսանողները, իր հայրական յորդորները տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց խումբի աշխատանքներուն:

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ներկայացուց յունահայ գաղութի պատմականը` յայտնելով, որ Ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցած է ան, սակայն 1915-էն ետք ուռճացած է, եւ թիւը` աւելցած:

Այդ հանդիպումը առիթ եղաւ, որ երիտասարդները արտայայտեն իրենց գաղափարները հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին:

Յաջորդ պտոյտին ուղղութիւնը դէպի Սունիոն բերդն էր` Պոսէյտոնի տաճարը, ուր հիանալի տեսարաններով նկարուելէ ետք վերադարձան գեղեցիկ յուշերով:

Իսկ երեկոյեան ժամերուն յունական պարային ճոխ մթնոլորտով աւարտեցին երեկոն:

Հաւաքի 4-րդ օրը եզրափակուեցաւ Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը:  Առաւօտուն Աթէնք քաղաքին մէջ պտոյտ կատարելէ եւ գնումներ ընելէ ետք, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի մէջ  մասնակիցները ունկնդրեցին յունահայ երաժիշտ Ստեփան Թեքիրեանի շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով հարուստ դասախօսութիւնը` հայկական երաժշտութեան մասին:

Երեկոյեան խումբը ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի փորձին, միացեալ պարերով եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ ընթրիքը եւ խրախճանքը:

Եւ այսպիսով իր աւարտին հասաւ հաւաքը: Մասնակիցները հրաժեշտ տուին իրարու` դարձեալ հանդիպելու յոյսով:

#YouthLinks #YouthLinksEurope #Armenian #CulturalTrip #Europe #EuroTrip #Hamazkayin #ArmenianCulture #YouthProgram

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Ողջունող Նամակ Մը Յղեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( Մայիս 5 2026)

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.