Տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցած ազգային գործիչ, հայրենանուէր, ազգին, հայրենիքին եւ լիբանանահայ համայնքին անսակարկ կերպով ծառայած Նազարէթ Սապունճեան:
Նազարէթ Սապունճեան ծնած է 1943-ին, Հալէպ: Ուսումը ստացած է Հայկազեան վարժարանին, ապա` Քարէն Եփփէ Ճեմարանին եւ Հալէպի Ամերիկեան քոլեճին մէջ: Համալսարանական կրթութիւնը շարունակած է Հալէպի իրաւաբանական կաճառէն ներս: 1964-1969 տարիներուն եղած է Հալէպի Սահակեան վարժարանին տնօրէնը:
Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ին եւ հասած խմբապետի կարգին:
Լիբանան տեղափոխուած է 1969-ին եւ իր հօր ու եղբօր հետ միասին հիմնած գոհարեղէնի տուփերու արտադրութեան գործատեղի:
Անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան եւ շրջան մը մաս կազմած է ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին: Նուիրումով գործած է կոմիտէին եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած զանազան յանձնախումբերէ ներս:
Տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերած է ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական յանձնախումբին եւ նաեւ Բիւրոյին կողմէ նշանակուած է «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»-ի հոգաբարձութեան անդամ:
Ազատ ասպարէզի մէջ ան հիմնադիր անդամը եղած է Armenian Jewellery Association-ին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ճարտարարուեստի միութեան հիմնադիրներէն մէկը: Անդամակցած է Լիբանանի գործատէրերու միութեան եւ վարած գանձապետի պաշտօնը: Հիմնած է Լիբանան-Հայաստան գործարարներու համախմբումը:
Նազարէթ Սապունճեան մեծապէս օգտակար հանդիսացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւններուն:
Առ ի գնահատանք իր օրինակելի ընթացքին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»-ի շքանշանով զարդարեց Նազարէթ Սապունճեանի եւ եղբօր` Պետիկի կուրծքերը:
Նազարէթ Սապունճեան մահացաւ 2025-ին, Պէյրութ:
Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ, իսկ անցած ուղին օրինակ պիտի ծառայէ նոր սերունդներուն:


