Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Ճեհիզեանի Յիշատակին

June 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ  հաւատաւոր դաշնակցական  ընկեր մը, ընտանիքի առաքինի հայր մը  եւ  ազնիւ ու ծառայասէր հայորդի մը` Կարօ Ճեհիզեանը, որ  սիրուած էր ամբողջ շրջապատին կողմէ` յարգանք եւ ակնածանք պարտադրելով:

Բոլոր զինք ճանչցողները կրնան վկայել անոր ազգասիրութեան եւ ծառայասիրութեան ոգիին մասին:

Ցաւալի է այս մեծ կորուստը` անհաւատալի ըլլալու չափ, որովհետեւ կեանք, կորով եւ աշխուժութիւն  ներշնչող ընկեր Կարոն իրաւունք չունէր այսքան շուտ հրաժեշտ տալու  մեզի:

Ան  իր ամբողջ էութեամբ եղաւ խոնարհ ու կամաւոր զինուորը Դաշնակցութեան, գործեց առանց աղմուկի, լուռ ու մունջ, գործեց  առանց փայլուն երեւոյթներու եւ այդ պատճառով ալ միշտ մնաց մեծ` իր խոնարհութեամբ եւ համեստութեամբ:

Կարօ Ճեհիզեան պատասխանատուութիւններ ստանձնեց լիբանանեան քաղաքացիական  պատերազմի ամբողջ ընթացքին եւ  սկիզբէն մինչեւ աւարտը մնաց պատնէշի վրայ:

Ընկեր Կարօ գործեց թէ՛ իբրեւ պարզ ընկեր, թէ՛ իբրեւ կոմիտէի անդամ կամ հերթապահ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, որուն սահմանները այդ օրերուն ընդարձակուած էին Ամանոսէն մինչեւ Ֆանար, Մար Եուսեֆ եւ Ռաուտա` ընդգրկելով նաեւ Ժտէյտէն ու Պաուշրիէն:

Ամէնօրեայ դէպքեր ու  հարցեր  լուծելու համար ան յաճախ շաբաթներ շարունակ կը քնանար ակումբը, որ դարձած էր ընկեր Կարոյին տունը:

Ընկեր Կարօ կը պատկանի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն յաջորդած սերունդի այն զաւակներուն, որոնք փոքր տարիքէն իրենց առաջին քայլերը առին ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ:

Մարդիկ, որոնց միտքը դաստիարակուեցաւ սկաուտական շարքերու կարգ-կանոնով, անոնց հոգին թրծուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հրաշափառ տեսլականով, ազնիւին, պարկեշտին, գեղեցիկին եւ ազգին ծառայելու գաղափարով:

Ան փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ին`  ըլլալով Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտ եւ մարզիկ, կիրարկելով աթլեթիզմ եւ ֆութպոլ:

Ընկեր Կարօ 18 տարեկանին տալով դաշնակցականի իր երդումը` անդամագրուած է ՀՅԴ շարքերը 1948-ին, մնալով հաւատարիմ կուսակցական մինչեւ իր մահը:

Հակառակ անոր որ քանի մը ընկերներու հետ առեւանգուեցաւ դաւադրաբար, ապա իր սեփական խանութը ականահարուեցաւ` կրելով նիւթական մեծ վնասներ, եւ աւելի ուշ իր բնակարանի պատշգամէն ականատես եղաւ իր զաւկին ականուած ինքնաշարժի պայթումին, ընկեր Կարօ մնաց հաստատ ու տոկուն կամքով` աւելի եւս կառչելով իր սկզբունքներուն:

Ընկեր Կարօ, որ ամուր հաւատք եւ կարծր կեցուածք ունէր ազգային եւ կուսակցական  հարցերուն գծով, նոյնքան եւ հեզ էր, ազնիւ  ու բարի` հանդէպ շրջապատի հարցերուն, երբ զանոնք նկատէր արդար:

Իբրեւ խոնարհ զինուոր, ան հաւատաց կուսակցութեան եւ իբրեւ խոնարհ ծառայ` կուսակցութեան ընդմէջէն գործեց հայութեան համար: Իր կատարած  գործերով միշտ պիտի ապրի մեզի հետ` իբրեւ ոգի ու յիշատակ, որովհետեւ ան մեզի կը ձգէ  բարի յիշատակներ, որոնք մեզի կը փոխանցեն միայն ու միայն ընկեր Կարոյին արժանիքները` խրոխտ կեցուածք ու դաշնակցականի խիզախ կամք, ինչպէս նաեւ անսահման համեստութիւն` իբրեւ ընկեր, ընտանիքի հայր եւ բարեկամ:

Նման հաւատաւոր ընկերներու արժանիքները թող  վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն  պահեն իրերայաջորդ սերունդներուն մօտ:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր Կարօ:

Քու գործունէութիւնդ կը գնահատենք մեծապէս,  դուն մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնաս իբրեւ մեծ եղբայր եւ երէց ընկեր, տիպար օրինակը խիզախ կեցուածքի եւ ծառայութեան ոգիի:

Տարիներու քու անմնացորդ ու անշահախնդիր վաստակդ  պիտի մնայ  պինդ ու անմոռանալի օրինակ եւ պիտի  ոգեշնչէ  մեզ:

Խունկ ու մոմ  քու անթառամ յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ…

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Նախորդը

Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Հետ` Փոքրիկն Մարկարիթա Միքայէլեանին Տպաւորիչ Ելոյթը

Յաջորդը

Երբ Ընկերուհի Կը Կորսնցնես

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.