Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձեռարուեստի Յանձնախումբի Մղիչ Ուժերէն` Ռիթա Պոսնոյեանի Յիշատակին

June 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Աշխատանոց ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբը կը սգայ իր վաստակաւոր անդամներէն եւ երկարամեայ ատենապետուհի Ռիթա Պոսնոյեանի մահը, որ  սպասելի ըլլալով հանդերձ, անըմբռնելի էր` իր բացակայութեան պատճառով: Հիմա ալ կարծէք ամբողջապէս չենք ըմբռներ իր կորուստին ծանրութիւնը:

Երկար տարիներու փորձառութեամբ հարստացած Ռիթան, մեր յանձնախումբին մնայուն մղիչ ուժն էր, որուն շուրջ կարելի չէր անգործ  մնալ, մասնակից չդառնալ, իր ներդրումը չբերել կատարուող գործին:

Իր հանդարտ, բայց հեղինակաւոր բնաւորութեամբ, բացառիկ լաւատեսութեամբ, հարցերուն լուծում բերող, ծանօթութիւններու լայն ցանցով, իր շրջապատին հետ մեղմաբարոյ եւ նուրբ յարաբերութեամբ, իր ընկերուհիներուն արժէքն ու ճիգերը առաւելագոյնս գնահատելով, իր ճիգերը միացնելով անոնց ճիգերուն` աշխատանոցին շուրջ ստեղծած էր վստահութեան եւ ապահովութեան մթնոլորտ մը: Ձեռարուեստին գեղեցիկն ու գունաւորը, ասեղնագործութեան նրբութիւնն ու ներդաշնակութիւնը արժեւորելով` գործած էր մնայուն կերպով փոխուող յանձնախումբերուն հետ, անվերապահ եւ հաւատաւոր ներդրումին` բոլորին սրտերը ու արժանանալով բոլորին հիացմունքին: Այս բոլորին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէին Ռիթային ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը. ներկայութիւնը` երբ մեզի հետ էր, սակայն իր բացակայութեան եւս ան ներկայ կը մնար:

Գրեթէ մէկ տարիէ աւելի է, որ ան բացակայ էր, հեռու մեզմէ եւ իր սիրած աշխատանոցէն, իր հաւատացուցած կազմակերպութենէն` ԼՕԽ-էն, բայց մնայուն կապի մէջ էր բոլորին հետ, իր մէջ ընդ մէջ այցելութիւններով, հեռաձայններով, խրատներով, քաջալերանքներով, դասաւորումներով եւ հեռակայ կարգադրութիւններով:

Տարեկան ցուցահանդէսներուն հովանաւոր էր պէտք, Ռիթան «կարելիութիւններու» շարան մը ունէր, եւ ո՞վ կը դիմանար իր համոզիչ  ձայնով «աղջիկս» «տղաս» արտայայտութիւններուն. եւ շուտով կը յայտնուէր գործին հաւատացող նախագահողը: Ռիթան կը ցանկար աւելին, կը ձգտէր լաւագոյնին, կը ցանկար մեծնալ, տարածուիլ, կ՛ուզէր հայկական ասեղնագործութիւնը սորվեցնել նոր սերունդին. «Երթանք մեր դպրոցները» «մեր կեդրոնին մէջ կազմակերպենք դասընթացքներ», միշտ բան մը աւելի ձգտումը զինք հանգիստ չէր ձգեր:

Անգիր գիտէր աշխատանոցի ծննդոցին ու զարգացման հոլովոյթին պատմութիւնը, իր ռատիոհաղորդումներու ժամանակ այնպիսի շեշտով մը կը խօսէր, որ մենք` իրեն հետ եղողներս իսկ, բանով մը աւելի կը հաւատայինք մեր գործին:

Այսպէս, օրէ օր մեզմէ կը բաժնուին մեր յանձնախումբին հաւատաւոր ընկերուհիները: Բայց մեր հեռացող ընկերուհիներուն կրնանք վստահեցնել, որ մեր ջանքերով մենք կը հետապնդենք եւ կ՛իրականացնենք իրենց երազները:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի Ռիթա:

ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Նախորդը

Կենդանի Յուշեր

Յաջորդը

Վկայութիւն Ռիթա Պոսնոյեանին Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.